«Արցախցիներուն վերադարձը՝ միայն ռուսերուն երաշխաւորութեամբ, նպատակայարմար չէ»․Արցախն այս շաբաթ


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ամբողջութեամբ ջնջած է իր կայքի «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիր» բաժինի բովանդակութիւնը

«Թերթ» լրատուականը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր պաշտօնական կայքէն ջնջած է՝ «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիր» բաժինի բովանդակութիւնը բոլոր 4 լեզուներով՝ ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ հայերէն:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէն հանուած է Լեռնային Ղարաբաղի առնչուող նիւթերը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնական էջէն հեռացուցած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի զեկոյցներ բաժինը:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ, Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով «Ազատութեան» յայտնած էր, որ առաւել քան 30 տարիներ առաջ ընդունուած այս փաստաթուղթէն (Սահմանադրութեան-Խմբ.) բացի Պաքուի համար վիճայարոյց է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը, ուր Ղարաբաղեան հարցին նուիրուած հատուածին մէջ կը նշուի, թէ Արցախը պատմական Հայաստանի անբաժանելի մասն է: Ամիրպեքով իբրեւ խնդրայարոյց օրինակ՝ նշած է նաեւ Հայաստանի կողմէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին ներկայացուած վերջին հայցերը՝ պնդելով, որ անոնց մէջ ալ եղած են տարածքային նկրտումներ:

 

Ականապատ դաշտերու նոր տեղեկամատեանները փոխանցուեցան Պաքուին 

Ազրպէյճանի ականազերծման ծառայութիւնը (ANAMA) հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ Հայաստանը ականապատ դաշտերու 8 նոր ձեւաթուղթեր յանձնած է Ազրպէյճանին:

«Ներկայացուած ձեւաթուղթերուն մէջ հիմնականին մէջ Քելբաջարի (Քարվաճառ) շրջանի Մուրովտաղ լեռնաշղթան շրջապատող ականապատ դաշտերու մասին գրառումներ են», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ընդգծելով, որ թուղթերուն մէջ, ըստ թեքնիք կանոնակարգերու, կը նշուին ականներու տեսակները, քանակը եւ ականներու միջեւ հեռաւորութիւնները՝ ծառայութիւնը յայտնեց, թէ «ինչպէս նախապէս, վերջին տուեալները եւս ճշգրիտ ու հաւաստի չեն»:

«Ձեւաթուղթերու վերլուծութիւնները ցոյց կու տան, որ նշուած տուեալները չեն համընկնիր իրական ականապատ դաշտերուն հետ, իսկ կէտերու դիրքորոշման տուեալները սխալ են», կը նշէ Ազրպէյճանի ականազերծման ծառայութիւնը:

Այս յայտարարութենէն ետք «Ազատութեան» հարցումին իբրեւ պատասխան՝ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան յայտնեց, որ ականապատ դաշտերու նոր տեղեկամատեանները ազրպէյճանական կողմին փոխանցուեցան 26 յունուարին՝ առաջնորդուելով մարդասիրական հարցերը կարգաւորելու ձգտումով, իբրեւ վստահութեան ձեւաւորման միջոց:

 

Ռուս խաղաղապահներուն ժամկէտը կ’աւարտի 2025-ին. Պաքու

Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմին` «Ազրպէյճանի մէջ» գտնուելու ժամկէտը կ’աւարտի 2025-ին, յայտնեց Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզատէ` անդրադառնալով Ազրպէյճանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Էվտոքիմովի՝ Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման ժամկէտին վերաբերող մեկնաբանութիւններուն:

Դեսպանը ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած էր, որ խաղաղապահներուն տեղակայման ժամկէտին շուրջ Մոսկուայի եւ Պաքուի բանակցութիւններու յաջորդ փուլին պիտի որոշուի երկու երկիրներուն Արտաքին գործոց նախարարութիւններու մակարդակով:

«Անցեալ տարի, շրջանին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած հակաահաբեկչական քայլերէն ետք ի յայտ եկած է կանոնաւոր հանդիպումներու եւ քննարկումներու անհրաժեշտութիւնը: Նկատի ունենալով որ հայկական ուժերը խաղաղապահներու տեղակայման գօտիին մէջ երեք տարուան մէջ լայնածաւալ ականապատում կատարած են, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով չպայթած զինամթերքի հարցը, կայ այդ սպառնալիքները վերացնելու համար միացեալ խորհրդակցութիւններու կարիք», աւելցուց Հաճիզատէ:

 

«Ռուսիա եւ Ազրպէյճան կը քննարկեն Ղարաբաղի հայերուն վերադարձի հարցը». Մոսկուա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Ռուսիան Եւ Ազրպէյճանը կը քննարկեն հայ բնակչութեան` Ղարաբաղ վերադարձի հեռանկարները։

Ըստ անոր՝ հայերուն վերադարձը պէտք է իրականացուի` «անոնց իրաւունքներու եւ ապահովութեան պատշաճ երաշխաւորումով»:

Այլ նիւթերու կողքին, Պաքու եւ Մոսկուա, ըստ Զախարովայի, կը քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ համատեղ պարեկային ծառայութեան կազմակերպումը եւ պատմական ու կրօնական յուշարձաններու պահպանութիւնը:

Զախարովա նաեւ անդրադարձաւ սահմանային լարուածութեան եւ ըսաւ, որ լրջօրէն մտահոգուած է Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին իրադրութեան սրումով եւ կոչ կ’ուղղէ կողմերուն՝ քայլերու ձեռնարկելու լարուածութեան թուլացման ուղղութեամբ:

 

Արցախցիներուն վերադարձը՝ միայն ռուսերուն երաշխաւորութեամբ, նպատակայարմար չէ. Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան ըսաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին հաւաքական հայրենադարձութիւնը՝ միայն ռուսերուն երաշխաւորութեամբ, նպատակայարմար չէ:

«Միեւնոյն ժամանակ, իմ կարծիքս այնպիսին է, որ պէտք են միջազգային երաշխիքներ: Այսինքն՝ 20 թուականէն ետք Արցախի մէջ ներդրուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի միայն այդ երաշխիքը պատմութիւնը ցոյց տուաւ, որ բաւարար չէ Արցախի մէջ անվտանգութիւն ապահովելու համար», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին ընդգծեց Ստեփանեան:

Վերջերս, Մոսկուա յայտարարեց, թէ Պաքուի հետ կը քննարկեն հայ բնակչութեան՝ Ղարաբաղ վերադարձի հեռանկարները. անոնք առանց յստակութիւններու նշեցին, թէ հնարաւոր վերադարձը պէտք է իրականացուի մարդոց «իրաւունքներու եւ ապահովութեան պատշաճ երաշխաւորումով»:

Ստեփանեանը Արցախէնը ինքնակամ հեռանալու մասին ռուս պաշտօնեաներու պնդումները կը նկատէ ձեռնածութիւն:

«Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը գտնուած է իր տեղը, եւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը առաջինը պիտի ըլլար, որ փաստագրէր, որ մարդիկ հեռացած են ֆիզիքական ոչնչացման իրական սպառնալիքի տակ, 24 ժամ տեւած ռազմական գործողութիւններէն ետք: Պէտք է ըսեմ, որ ակնկալիքը  նաեւ այն էր, որ առաջինը խաղաղապահ զօրակազմը պիտի գնահատական տար այդ էթնիկ (ցեղային) զտումներուն եւ ոչ թէ զայն որակուէր որպէս ինքնակամ հեռացում», նշեց Ստեփանեանը:

Նոյնիսկ եթէ Ռուսիա ապահովական յաւելեալ գործիքակազմեր առաջարկէ, հաւաքական հայրենադարձութիւնը, ըստ Ստեփանեանի, կարելի է միայն միջազգային ամուր երաշխիքներու պայմաններու մէջ: Արցախէն տեղահանուած առաւել քան 100 հազար հայերու ապահով վերադարձին մասին Արեւմուտքէն եւս յայտարարութիւններ կը կատարուին, բայց՝ դարձեալ առանց յստակութեան:

«Շատ աւելի ցանկալի եւ շատ աւելի բարձր երաշխիք կրնայ ապահովուիլ, եթէ խաղաղապահութիւնը կամ միջազգային երաշխիքները ձեւաւորուին միջազգային հարթակի վրայ՝ ըլլայ ատիկա ՄԱԿ-ի… Այսինքն, յստակ որեւէ պետութեան հայեցողութեան կամ անոնց կարողութիւններիու շրջանակին մէջ չըլլայ, այլ ունենայ միջազգային երաշխաւորուածութիւն», ընդգծեց Ստեփանեանը։

Ստեփանեան, որ նաեւ արցախահայերու վերադարձի հարցով վերջերս կազմուած յանձնախումբին անդամ է, վստահեցուց, որ ռուս-ազրպէյճանական քննարկումներէն տեղեակ չեն: 

Հայաստանի Ազգային ժողովի իշխող խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեան եւս պնդեց, որ հայկական կողմը տեղեկութիւն չունի այն մասին, թէ Արցախի ժողովուրդի վերադարձին հարցով ի՛նչ կը քննարկեն Մոսկուան եւ Պաքուն:

Արցախի մարդու իրաւուքներու նախկին եւ ներկայ պաշտպանները այս օրերուն վերադարձան Միացեալ Նահանգներէն, եւ վերահաստատեցին, որ հաւաքական հայրենադարձութեան հարցին մէջ Հայաստանի իշխանութեան ներգրաւուածութիւնը անհրաժեշտ է:

Արթուր Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ կառավարութիւնը տարբեր դիմումներ ներկայացուցած է միջազգային դատարաններու եւ հարցին լուծումը այս տարբերակով կը պատկերացնէ:

 

Պանդորա Մկրտչեանը կը շարունակէ միայնակ ապրիլ Արցախի մէջ

Արցախի մէջ մնացած երկու տասնեակ հայերէն մէկը յարութիւնագոմերցի Պանդորա Մկրտչեանն է:

74-ամեայ կինը կ’ապրի իր հայրենի գիւղը` միայնակ: Անոր բարեկամները զայն տեսած են օրեր առաջ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու տարածած լուսանկարներուն մէջ. Կարմիր մահիկի աշխատակիցները այցելած են կնոջը, մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերած:

Կարմիր մահիկի աշխատակիցները կ’այցելեն Պանդորա Մկրտչեանը (լուսանկարը՝ Ազրպէյճանի կարմիր մահիկին)

Յարութիւնագոմեր համայնքի ղեկավար Հենրիկ Սարգսեանը MediaHub-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, որ Պանդորան գիւղ մնացած է իր ցանկութեամբ: Կինը երէկ զանգահարած է Հայաստանի մէջ ապաստանած իր բարեկամներուն:

«Անոր հարազատները վերստին յորդորած են Պանդորային, որ Կարմիր մահիկի աշխատակիցներու միջոցով տեղափոխուի Հայաստան, իսկ ան մերժած է, ըսելով` «այստեղ ծնած եմ, այստեղ ալ պիտի մեռնիմ, իմ հարազատները բոլորը գիւղին մէջ են», նկատի ունենալով գերեզմանները», նշած է Սարգսեանը: 

Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Պանդրորային սնունդ ու դեղորայք տրամադրած են: Հեռաձայնի ընթացքին տեղեկացուցած է, որ գիւղի տուները կանգուն են, թալանէն բացի չեն քանդած, չեն այրած, իսկ յուշարձանը, որ գիւղի կեդրոնը կը գտնուի չէ այցելած, ուստի տեղեակ չէ` անարգա՞ծ են, թէ ոչ: 

Յիշեցնենք, որ արցախցիներու բռնի տեղահանութենէն ետք Յարութիւնագոմերի մէջ իրենց ցանկութեամբ մնացած էին 4 հոգի: Տարեց 3 տղամարդիկ աւելի ուշ Կարմիր խաչի օգնութեամբ տեղափոխուած են Հայաստան: 74-ամեայ Պանդորա Մկրտչեանը չէ եկած: Ան նաեւ հոգեկան-առողջական խնդիրներ ունի:

 

Ազրպէյճանը ոչնչացուցած է ստեփանակերտցիներու մանկութեան խորհրդանիշ Արծուի յուշարձանը

Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդը կ’ահազանգէ  ազրպէյճանցիներու հերթական վանդալիզմի մասին:

լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի

«Ազրպէյճանի վարչախումբը ոչնչացուցած է Ստեփանակերտի Վերին զբօսայգիին մէջ դեռ խորհրդային ժամակաշրջանին կառուցուած եւ ստեփանակերտցիներու մանկութեան խորհրդանիշը հանդիսացող Արծուի յուշարձանը», «Արցախպրես»-ի հաղորդմամբ՝ ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

 

Տեղի ունեցաւ «Հայ ուսանողութիւնը Արցախի համար» ուսումնասիրութիւններու մրցանքի ամփոփիչ ձեռնարկը

ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ 1 փետրուարին, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի յայտարարած «ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ» ուսումնասիրութիւններու մրցանքի ամփոփիչ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, հովանաւորութեամբ՝ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան:

«Վերելեք» ծրագրի յաղթողները՝ Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատուներուն հետ (լուսանկարը՝ ՀՅԴ երիտասարդական գրասենեակին)

Ծրագիրը, որ սկիզբ առած էր 2023-ի յունիսին, նպատակ ունէր մէկտեղել հայ ուսանողութեան մասնագիտական կարողականութիւնը զանազան ոլորտներու մէջ եւ ծառայեցնել ընդհանրապէս Հայ դատին եւ յատկապէս արցախեան հիմնախնդրին, ապա տրամադրելի դարձնել կատարուած ուսումնասիրութիւնները հայանպաստ գործունէութիւն ծաւալող ազդեցիկ հիմնարկներու` արդիւնաւէտ օգտագործման համար:

Ձեռնարկին ներկայ էին` Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Նորիկ Մկրտչեան, Արցախի ԱԺ պատգամաւորներ Վահրամ Բալայեանը, Մետաքսէ Յակոբեանը, Հայաստանի ԱԺ պատգամաւորներ` Արմենուհի Կիւրեղեանը, Քրիստինէ Վարդանեանը եւ Գառնիկ Դանիէլեանը:

Ելոյթ ունեցան ծրագրին մասնակցող լաւագոյն ուսանողները` ներկայացնելով իրենց կատարած ուսումնասիրութիւնները, ինչպէս նաեւ վկայութիւններ տուին ուսանողներուն խորհրդատուները: Ծրագրին աշխատասիրութիւն յանձնած են 12 ուսանողներ եւ 1 ուսանողական խմբակ` Հայաստանէն, Արցախէն, Լիբանանէն, Իրանէն եւ Միացեալ Նահանգներէն:

Յատուկ գնահատանքի արժանացան հետեւեալ երկու նիւթերը, որոնք իրենց կարեւորութեամբ եւ այժմէականութեամբ կը յատկանշուին:

– Արցախի շրջափակման եւ բռնի տեղահանութեան կործանարար անդրադարձը Արցախի մանուկներու իրաւունքներու եւ հոգեվիճակին վրայ: Խորհրդատու` Գեղամ Ստեփանեան, Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու Պաշտպան, Հայաստան։ Ուսանող` Տաթեւ Դաւթեան, Հայաստան։

– Արցախի հոգեւոր ժառանգութեան պաշտպանութեան հիմնախնդիրը: Խորհրդատու` Գարեգին վրդ. Համբարձումեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գրասենեակի ղեկավար, Հայաստան։ Ուսանող` Վահագն Խաչատրեան, Արցախ։

Յաղթող ճանչցուեցան հետեւեալ ուսանողները.

Առաջին մրցանակ ` 1000 տոլար

Նիւթ` «Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները Վրաստանի հետ», խորհրդատու` Աբրահամ Գասպարեան, «Ճենեսիս Արմինիա» կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն, Հայաստան Ուսանողական խմբակ` Յովհաննէս Ղազարեան, Լիլիթ Եկմալեան եւ Լատուշ Սիմոնեան, Հայաստան։

Երկրորդ մրցանակ` 750 տոլար

Նիւթ` «Ազրպէյճանի խաւիարային դիւանագիտութիւնը Եւրոպայի մէջ», խորհրդատու` Հեղինէ Էվինեան, ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի տնօրէնուհի, Պելճիքա։ Ուսանող` Նարօտ Նորամանեան, Հոլանտա։

Երրորդ մրցանակ` 500 տոլար

Նիւթ` «Ազրպէյճան եւ Իսրայէլ յարաբերութիւնները», խորհրդատու` Շահան Գանտահարեան, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Լիբանան։ Ուսանող` Ժաննա Վարդանեան, Հայաստան։

Աւարտին բոլոր մասնակիցները ստացան գնահատագիրներ եւ նուէրներ:

 

Մեկնարկեց ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի «Վերելք» ծրագիրի երրորդ տարբերակը

ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ ազդարարեց մեկնարկը «Վերելք» երիտասարդական ծրագիրի երրորդ տարբերակին, որ նախատեսուած է Արցախէն բռնի տեղահանուած 21-35 տարեկան երիտասարդներու համար:

Ծրագիրը իրականութիւն կը դառնայ ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան եւ Հայ օգնութեան միութեան հովանաւորութեամբ:

Ծրագիրը ունի երեք փուլեր.

 Ա.- Մէկուկէս ամիս տեւողութեամբ դասընթացներու շարք մը, որ մասնակցող երիտասարդներուն պիտի տայ անհրաժեշտ եւ նախնական բոլոր հմտութիւնները՝ Հայաստանի մէջ աշխատանքի անցնելու համար:

 Բ.- Մասնակցողները իրենց ստացած գիտելիքները օգտագործելով՝ պիտի կատարեն ուսումնասիրութիւններ եւ զանոնք քննարկեն դատական կազմերուն հետ:

 Գ.- Ա. եւ Բ. փուլերը լաւագոյն արդիւնքներով աւարտած մասնակցողներուն «Վերելք»-ին կողմէ պիտի տրուին աշխատանքի ուղղորդութիւն եւ նիւթական աջակցութիւն՝ մասամբ հովանաւորելով մէկ տարուան աշխատավարձը եւ խրախուսելով գործատուները:

Դասընթացները պիտի տրուին լաւագոյն մասնագէտներու կողմէ, որոնք պիտի կիրարկեն նորարարական մօտեցումներ՝ իւրաքանչիւր մասնակցողի համար ապահովելով թէ՛ անհատական եւ թէ խմբային աշխատանք: