Արցախ վերադառնալու իրական հնարաւորութիւն կայ, կ’ըսէ Oսկանեան․ Արցախն այս շաբաթ


«Արցախ վերադառնալու իրական հնարաւորութիւն կա՛յ». Վարդան Oսկանեան

Արցախի հարցերու յանձնախումբի համակարգող, Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան իրատեսական նկատեց արցախահայութեան վերադարձը, աւելին՝ ըստ անոր, այս մասին չբարձրաձայնելը անթոյլատրելի պիտի ըլլայ, նոյնիսկ՝ յանցանքի համազօր:

Վարդան Օսկանեան (լուսանկարը՝ Sputnik Armenia-ի)

«Այս վէրքը դեռ թարմ է, մեր հայրենակիցները իսկապէս էթնիկ (ցեղային) զտմամբ ու սպառնալիքներով վռտնուած են ուղղակի, իրենց տուները ձգած են, գերեզմանները, ունեցուածքը:

Մեր ամբողջ հայ ժողովուդրի պատմական ժառանգութեան մէկ մասն է այնտեղ, եւ չխօսիլ անոնց վերադարձի մասին, այդ պահանջատիրութիւնը չունենալ, ես կը կարծեմ, որ իսկապէս մեղսունակութիւն է ե՛ւ քաղաքական տեսակէտէ, ե՛ւ իրաւական, ե՛ւ բարոյական տեսակէտէ, եւ՛ հայ ժողովուրդի հպարտութեան տեսակէտէ», դիտել տուաւ Օսկանեան:

Իսկ վերադառնալու մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ ան ըսաւ. «Այնպէս չէ, որ զերոյէն կը սկսինք, վերադարձի իրաւունքը կայ, դիւանագիտական ճիշդ միջոցներով մենք կրնանք քիչ մը աւելին ստանալ, որպէսզի արցախահայութիւնը իսկապէս ինքնավստահ զգայ, որ այնտեղ իրենց գոյութիւնը, անվտանգութիւնը, ինքնութեան բախման խնդիրները իսկապէս կարգաւորուած եւ երաշխաւորուած են», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատեց Օսկանեան:

 

Արցախի ղեկավարները հանդիպեցան Արցախի հարցերու յանձնախումբի համակարգող Վարդան Օսկանեանի հետ

Արցախի ազգային ժողովի փոխնախագահ եւ նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունց եւ խմբակցութիւններու ղեկավարները հանդիպում ունեցան Արցախի հարցերու յանձնախումբի համակարգող Վարդան Օսկանեանի հետ:

«Հանդիպման մասնակիցները շեշտեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը լուծուած չէ, որ Արցախի հայաթափումը եւ ժամանակաւոր բռնազաւթումը չի կրնար վերացնել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, սեփական հազարամեայ բնօրրանին մէջ անվտանգ եւ ապահով ապրելու բնական պահանջքը, որ ամրագրուած է միջազգային իրաւունքի օրէնքներով», կ’ըսուի հանդիպումին առիթով յանձնաժողովին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան միջազգային հիմնաւոր երաշխիքներով արցախահայութեան հայրենադարձման վերաբերող հարցեր` բացառելով ֆիզիքական գոյութեան ու ինքնութեան սպառնալիքները:

 

Արցախեան շարժման 36ամեակին առիթով Արցախի պետական այրեր Եռաբլուր այցելեցին

Արցախեան շարժման 36-ամեակին առիթով, Արցախի շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնը` յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը հայրենիքին համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:

Արցախի պետական այրեր այցելեցին Եռաբլուր պանթէոն  (լուսանկարը՝ news.am—ի)

Արցախցի պաշտօնեաները շրջեցան պանթէոնին մէջ եւ ծաղիկներ զետեղեցին արցախեան պատերազմներուն ընթացքին զոհուած զինուորներու շիրիմներուն:

«Եռաբլուր» այցելողներուն կարգին էին՝ Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը, Արցախի ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունցը, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեանը, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանես եպս. Աբրահամեանը եւ շարք մը պատգմաւորներ։

Ապա Երեւանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցչութեան յարկին տակ, փակ դռներու ետին տեղի ունեցաւ խորհրդարանի հանդիսաւոր նիստը, ուր ելոյթ ունեցաւ նաեւ Սամուէլ Շահրամանեանը: Նկատի ունենալով, որ նիստը փակ էր լրագրողներուն դիմաց, նիստին մասնակցած ներկայ եւ նախկին պատգամաւորները փոխանցեցին, որ հիմնականին մէջ շնորհաւորանքներ հնչեցին, խօսուեցաւ սխալներու եւ բացթողումներու, արցախահայ համայնքի պահպանման, ինչպէս նաեւ Արցախ վերադառնալու ուղիներուն մասին:

Արցախի խորհրդարանի նախագահի պաշտօնակատար Գագիկ Բաղունց 20 Փետրուարին «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին՝ պատասխանելով այն հարցումին, որ արցախցի պաշտօնեաները ի՞նչպէս կը պատկերացնեն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին վերադարձը հայրենիք՝ ըսաւ, որ յստակ քայլերու կը ձեռնարկեն, առանց մանրամասնութիւններ տալու։

Արցախի խորհրդարանի նախկին նախագահ Աշոտ Ղուլեան մեծ յոյսեր ունի Ղարաբաղի հարցով վերջերս ստեղծուած յանձնախումբին հետ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի ղեկավարած այս կառոյցին նպատակն է՝ աջակցել արցախահայերու հաւաքական հայրենադարձութեան ու հիմնարար այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան: Ըստ Ղուլեանի՝ միջազգային դերակատարներու հետ ճիշդ աշխատանքի եւ բարենպաստ իրավիճակի պարագային կարելի պիտի ըլլայ յաջողութեան հասնել:

 

«Պատմութիւնը ոչ միայն դաս է, այլեւ դաժան պատիժ անկէ դաս չքաղողներուն համար»․Վահրամ Բալայեան

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան «Եռաբլուր»-ի մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ հայոց պատմութիւնը յաղթանակներու եւ պարտութիւններու շղթայ մըն է, եւ, դժբախտաբար, արցախեան ազգային ազատագրական պայքարը եւս այդպիսի ընթացք ունեցաւ: «Բազմաթիւ գործօններու ազդեցութեան տակ մենք չկրցանք մեր ունեցածը պահել, պաշտպանել: Ընդհանուր առմամբ, պատմութիւնը ոչ միայն դաս է, այլեւ պատիժ բոլոր անոնց համար, որոնք պատմութեան դասերը հաշուի չեն առներ: Ցաւօք սրտի, մենք մեր անցած դասերը հաշուի չառինք, չկցանք պահպանել մեր պետականութիւնը», ըսաւ Բալայեանը:

Վահրամ Բայալեան (լուսանկարը՝ Factor.am-ի)

Ան հաստատեց, որ Արցախի, մեր պատմութեան էջը տակաւին չէ փակուած, ամէն սերունդ իր ներդրումը պէտք է ունենայ երկրի եւ պետականութեան պահպանման համար: «Ճիշդ է` այսօր մենք յուսախաբուած, կոտրուած վիճակի մէջ ենք, բայց պէտք է եղած հնարաւորութիւնները օգտագործել եւ հզօրացնել Հայաստանը, այդ ամէնուն ծիրէն ներս ալ փորձել հետագայ մեր պայքարը շարունակել, մեր պատմական հայրենիքի մէկ հատուածը ազատագրել», ըսաւ Բալայեան։

Ըստ Վահրամ Բալայեանի, Արցախի հարցը որեւէ կապ չունի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան հետ. «Մենք ինքնորոշուեցանք մեր տարածքին վրայ: Այստեղ կարեւոր է նկատենք, որ մենք որեւէ երկրի, ժողովուրդներու տարածքներուն նկատմամբ յաւակնութիւններ չենք ունեցած: Մենք խորհրդային ժամանակաշրջանին ունեցած ենք Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզ, եւ անիկա որոշակի կարգավիճակ ունեցած է Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ, ինչպէս Խորհրդային Ազրպէյճանը ունեցած է: Աւելին ըսեմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը ունեցած է նաեւ Սահմանադրութիւն, ուր գրուած է, որ պաշտօնական, պետական լեզուն հայերէնն է: Իրաւական տեսանկիւնէն որեւէ խնդիր չկայ, այսօր խօսիլ, որ պէտք է Ազրպէյճանի տարածքին մէջ ըլլայ ինքնորոշում, այդպիսի բան չկայ, ատիկա անընդունելի է», նշեց Բալայեան:

Այս կամ այն որոշումով կարելի չէ փակել ազգային հարցերը. ըսաւ Վահրամ Բալայեան` անդրադառնալով այն դիտարկումին, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելով փորձ կը կատարուի ամբողջութեամբ օրակարգէն հանել Արցախի հարցը:

«Թուղթի վրայ գրուածը տակաւին հիմք չէ, այսինքն` ատիկա չի նշանակեր, որ մեր պայքարը պէտք չէ շարունակուի, մեր ժողովուրդը պէտք չէ պահանջատէր ըլլայ: Արցախը միայն արցախահայերունը չէ, անիկա համայն հայութեան կը պատկանի:

Ես կը կարծեմ` ժողովուրդը ատիկա պիտի չընդունի: Ատիկա ժողովրդական հանրաքուէի միջոցով պէտք է ըլլայ, եւ ժողովուրդը արդէն մէկ անգամ որոշում տուած է եւ հետամուտ պիտի ըլլայ իր իրաւունքները պաշտպանելու հարցին մէջ», ըսաւ ան:

 

«Արցախաբնակ եւ հայաստանաբնակ մեր քոյրերն ու եղբայրները միաձուլուած են մայր Հայաստանի մէջ». Արցախի թեմ

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմը Արցախեան շարժման 36-ամեակին առիթով յղեց հետեւեալ ուղերձը.

«36 տարի առաջ Արցախը ոտքի ելաւ` պաշտպանելու իր ինքնորոշման իրաւունքը: Ողջ ժողովուրդի մը յամառ պայքարի հիմքը միակամութեան արժէքի գիտակցումն էր, եւ իւրաքանչիւր ոք խորապէս կը հասկնար անհատական ներդրումի կարեւորութիւնը:

«Ցաւօք, յաղթանակով ամրագրուած խաղաղ օրերը տարիներ անց կրկին խաթարուեցան. պատերազմ, շրջափակում եւ հայաթափում: Արցախի ժողովուրդը եւս մէկ անգամ ապացուցեց, որ հայրենիքը վեր է ամէն ինչէն, երբ շրջափակման օրերուն կրելով բազմաթիւ զրկանքներ, այնուամենայնիւ, չյանձնուեցաւ եւ շարունակեց կառչած մնալ իր հողին: Ատիկա իր հերթին իւրօրինակ պայքարի դրսեւորում էր:

«Այսօր, հակառակ ցաւալի հանգամանքներուն, կրնանք համարել, որ կայացած է «միացում»-ը: Այժմ արցախաբնակ ու հայաստանաբնակ մեր քոյրերն ու եղբայրները միաձուլուած են Մայր Հայաստանի մէջ: Շատ կարեւոր է իմաստուն եւ արդիւնաւէտ կերպով օգտագործել այս հանգամանքը` ոգեշնչուելով մեր նախնիներու օրինակով: Ան կրնայ դառնալ ազգային վերածնունդի վճռորոշ նախապայման:

«Սիրելինե՛ր, այս նշանակալից օրը մեր աղօթքն ու մաղթանքն է, որ Տէրը իմաստութիւն եւ արթնութիւն տայ բոլորիս մտքերուն, որպէսզի ամէն մէկ հայ իր անձնական խնդիրներուն զուգահեռ` կարեւորութիւն տայ նաեւ ազգային խնդիրներուն` գիտակցելով վերջինիս վեհ գաղափարը»:

 

Պաքուի մէջ շուքով դիմաւորած են Մոսկուայի մէջ Հայաստանի դիմումով ձերբակալուած, ապա ազատ արձակուած Զէյնալլին

Մոսկուայի «Տոմտոյետովօ» օդակայանին մէջ Հայաստանի դիմումին հիմամբ ձերբակալուած ազրպէյճանցի ֆիզիքական պատրաստութեան մարզիչ Քամիլ Զէյնալլին ազատ արձակուած է եւ վերադարձած Պաքու:

Ան ազրպէյճանական «ԱԶԱԼ» օդանաւային ընկերութեան թռիչքով Մոսկուայի «Վնուքովօ» օդակայանէն մեկնած է Պաքու, ինչի մասին յայտնած է Ռուսիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլու:

Ըստ վերջինիս, Ազրպէյճանի դեսպանատունը հսկայական ջանքերու եւ աշխուժ բանակցութիւններու գնով կրցած է ռուսական կողմը համոզել Հայաստանի քննչական մարմիններուն կողմէ ներկայացուած մեղադրանքի «անհիմն» ըլլալուն եւ հասած Ազրպէյճանի քաղաքացիի ազատ արձակման եւ հայրենիք վերադարձին:

Նշենք, որ Զէյնալլին 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ Արցախի մէջ «Ալլա Աքպար» բացագանչելով դանակով կտրած է հայ ծերունիի մը կոկորդը: Հայաստանի իշխանութիւնները անոր նկատմամբ սպանութեան մեղադրանքով միջազգային հետախուզում յայտարարած են:

 

«Պահպանենք վաղուայ համար» դրամահաւաք` ուղղուած արցախեան մշակոյթի յարատեւմանը

«Արցախեան մշակոյթի պահպանման կենտրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը դրամահաւաքի սկսած է Արցախի մշակութային անձնակազմերու աշխատանքի շարունակականութիւնը ապահովելու, Արցախեան մշակոյթը ներհայկական միջավայրի եւ արտերկրի մէջ աշխոյժ ներկայացնելու նպատակով:

դրամահաւաք` ուղղուած արցախեան մշակոյթի յարատեւմանը

«Յարգելիբ հայրենակիցներ, 20 փետրուարին, «Արցախեան մշակոյթի պահպանման կենտրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը կ’ազդարարէ «Փրկենք` վաղուայ համար» խորագրով համահայկական հեռուստամարաթօնի մեկնարկը, քանի որ նոյն այս օրը կը համարուի մեր ազգային միասնականութեան, յանուն համազգային նպատակներու միաւորուելու մեր ներուժի խորհրդանիշը: Այսօր, առաւել քան երբեւէ, ունինք այդ միասնականութեան կարիքը:

Մասնակցեցէ՛ք եւ ձեր ներդրումն ունեցէ՛ք Արցախի մշակութային կազմակերպութիւններու պահպանման, անոնց գործունէութեան ապահովման, արցախեան մշակոյթի տարածման ու հանրահռչակման գործին», ըսուած է կազմակերպութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:

 Նուիրատուութիւն հնարաւոր է իրականացնել ‹‹Ակբա Բանկ››-ի հաշուեհամարներով

AMD 220553351705000

USD 220553350756001

EUR 220553350624002

RUR 220553350301958

 Ինչպէս նաեւ` sms հաղորդագրութիւն ուղարկելով 8000 կարճ թիւին Հայաստանէն` գրելով «Արցախ» բառը ։1 հաղորդագրութեան արժէքը` 1000 դրամ է:

 

19 սեպտեմբերի ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով գերի տարուած է 16 անձ

Ազրպէյճանը կը շարունակէ գերի պահել 23 անձի, որոնցմէ 16-ը գերութեան մէջ յայտնուած են 19 սեպտեմբերի ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով, այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ կառավարութեան ծրագրի (2021-2026թթ) 2023 թուականի կատարման ընթացքի եւ արդիւնքներու մասին զեկոյցէն:

Կան փաստական տուեալներ առնուազն 32 անձերու` 2020 թուականի պատերազմէն ետք բռնի անհետացման վերաբերեալ, որոնց ճակատագրի մասին Ազրպէյճանը տուեալներ չի հաղորդեր:

Կը շարունակէ բաց մնալ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին եւ անկէ ետք անհետ կորած համարուող 215 եւ 1990-ականներուն անհետ կորած 777 ՀՀ քաղաքացիներու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ճակատագիրը, կը գրէ «Արցախպրես»-ը:

 

Արցախցիներու 15 տոկոսէն աւելին լքած է Հայաստանը

Արցախցիներու 15 տոկոսը լքած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը:  «Սփութնիք Արմէնիա» միջազգային լրատուամիջոցի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ասուլիսի ժամանակ յայտնած է տնտեսագէտ, փրոֆէսոր Թաթուլ Մանասերեանը:

«Լաւ չինտեգրուելով (համարկուելով) ՀՀ տնտեսութեան մէջ, որոշ տուեալներու համաձայն, արցախցիներու 15 տոկոսը արդէն լքած է Հայաստանը», ըսած է փրոֆէսորը:

Ան նշած է, որ Հայաստանէն կը նկատուի նաեւ Հայաստան տեղափոխուած ռուսերու արտահոսք: 2022 թուականէն ի վեր Հայաստան տեղափոխուածներուն մէկ մասը եւս հեռացած է: Միւս կողմէն՝ դէպի Հայաստան ներգաղթի նոր հոսք կը նկատուի: Անոր խօսքով` Ռուսիայէն Հայաստան կը տեղափոխուին մանր ու միջին պիզնեսի ներկայացուցիչները, սակայն անոնց թիւը առայժմ մեծ չէ:

 

Համազգայինի Արցախի գրասենեակի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Ապրելու ձայնը» գրական հանդիպումը

Մեծն Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան եւ Գիրք նուիրելու օրուան նախօրէին, 18 փետրուարին, Համազգայինի Արցախի գրասենեակը կազմակերպեց ջերմ հանդիպում Արցախի գրական ընտանիքի անդամներուն հետ:

Նախաձեռնութիւնը կայացաւ «Թումանեանս Art» սրճարանին մէջ, որ ամիսներ առաջ նոյն անունով կը գործէր Ստեփանակերտի մէջ, իսկ այժմ վերաբացուած է Երեւան: Գրողները եկած էին իրենց նոր ստեղծագործութիւններով ու գիրքերով` ընթերցելու, զրուցելու եւ գիրքեր նուիրելու:

Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեան ելոյթի ընթացիքին (լուսանկարը՝ Համազգայինի Արցախի գրասենակին)

 Հանդիպումը բացուեցաւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեանի ողջոյնի խօսքով: Ան, իբրեւ յարգանքի տուրք, առաջին ընթերցումը կատարեց Արցախի շնորհալի գրող, նահատակ ազատամարտիկ Հայասէր Յովսէփեանի ստեղծագործութիւններէն:

Խօսք արտասանեց նաեւ Արցախի գրողներու միութեան նախագահ, այժմ` Հայաստանի գրողներու միութեան քարտուղար Նորեկ Գասպարեանը եւս:

Այնուհետեւ հանդիպման ներկայ գրողները ընթերցեցին իրենց ստեղծագործութիւնները: Արցախի գրողներէն իրենց բանաստեղծութիւնները կարդացին Վիթալի Պետրոսեանը, Նորեկ Գասպարեանը, Սոնա Համբարձումեանը, Սերգէյ Սաֆարեանը, Ալիսա Պաղտասարեանը, Արմէն Աւոն, Զարինէ Սառաջեանը, Տաթեւ Սողոմոնեանը, Նանար Պօղոսեանը: Ներկաները նուէր ստացան Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հրատարակած գիրքերէն:

Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Աւագեան շեշտեց, որ նախաձեռնութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ` կազմակերպելով թէ՛ գրական, թէ՛ մշակութային հանդիպումներ: Ան նշեց, որ այս հանդիպման համար համագործակցած են Արցախի գրողներու միութեան վարչութեան հետ:

«Այս նախաձեռնութիւնը ապրելու մասին է: Այս` Արցախի մէջ ապրող ու ստեղծագործող մարդու ապրելու ձայնն է, գրականութեան ու մշակոյթի լեզուով: Մենք հիմա Մայր Հայաստանի մէջ ենք, կորսնցուցած ենք մեր ծննդավայրը, բայց այո՛ կ՛ըսենք ապրելուն: Պիտի շարունակենք արարել, ձեռք ձեռքի տալ, որպէսզի երբեք չկորսնցնենք վերադարձի նպատակը», նշեց Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատուն:

 

«Ծիլ» մրցումին մասնակից լուսանկարիչները վաւերագրեցին Արցախի մէջ ապրած վերջին օրերը եւ գաղթի ճամբան

Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Ծիլ 2023» գրական-ստեղծագործական մրցումի ամփոփումը: Այս տարուան մրցումը, բացի ստեղծագործական եւ գրական ուղղուածութենէն, ունեցաւ նաեւ փաստահաւաք առաքելութիւն, ներառելով` «2023 թուականի սեպտեմբերը Արցախի մէջ. ականատեսի աչքերով» կամ «2023 թուականի սեպտեմբերը Մայր Հայաստանի մէջ. ականատեսի աչքերով» նիւթը: «Կամք» եւ «Յառնում» վերնագիրները պայմանաւորուած էիր անով, թէ այդ իրադարձութիւններէն ո՞ր մէկուն անձամբ ականատես եղած է մասնակիցը:

«Ծիլ» մրցումին մասնակիցները (լուսանկարը՝ «Առաւօտ»-ի )

«Լուսանկար» անուանակարգին մէջ ցուցադրուեցան ամէնէն բարձր նիշեր հաւաքած աշխատանքները, որոնք վաւերագրած էին Արցախի մէջ վերջին օրերը եւ գաղթի ճամբան: Ձեռնարկին հիւրերը կարելիութիւն ունեցան տեղւոյն վրայ քուէարկելու լաւագոյն լուսանկարի օգուտին, եւ յաղթող մասնակիցը ստացաւ յաւելեալ դրամական պարգեւ: Մրցանակաբաշխութեան ներկայ գտնուեցան ժամանակակից գրողներ, բեմադրիչներ, լուսանկարիչներ, պատկառելի կառոյցներու ներկայացուցիչներ: Անոր տարածման աջակցեցան Հայաստանի գրողներու միութիւնը, «Մարզերու երեխաները` մարզերու մէջ» կառոյցը, գրադարաններ, թանգարաններ:

Յաղթողները ստացան դրամական պարգեւներ։

 

Ազրպէյճան կը պղծէ հայկական գերեզմանները Արցախի մէջ

Ազրպէյճան կը պղծէ Արցախի մէջ հայերու գերեզմանները եւ սկսած է ոչնչացնել շրջանի նախկին հայ բնակչութեան պատկանող կրօնական յուշարձանները: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այդ մասին «Պրասըլզ սիկնըլ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպան, Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար Տիգրան Բալայեան` աւելցնելով, որ հայկական կողմը ունի բազմաթիւ տեսանիւթեր եւ լուսանկարչական ապացոյցներ, թէ ինչպէս ազրպէյճանցիները կ’աւերեն հայկական գիւղերու գերեզմանատուներն ու եկեղեցիները:

Բալայեան յայտնած է, որ վանտալիզմի պատճառով աւերուած է նաեւ իր հայրենի գիւղի եկեղեցին: Ազրպէյճան հանած է նաեւ հայկական խորհրդանիշները աւելի մեծ շէնքերէն: «Արցախի բոլոր հայկական եկեղեցիներէն բոլոր խաչերը հանուած են բռնագրաւող զինուորներուն կողմէ», ըսած է ան:

Պելճիքական լրատուամիջոցը նշած է, որ Բալայեանի պնդումները կտրուկ կը հակադրուին վերջին շաբաթներուն ընթացքին Ազրպէյճանի պաշտօնեաներուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն, եւ աւելցուցած է, որ կովկասեան երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութիւնը կրկին աճեցաւ, երբ սահմանին վրայ տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով սպաննուեցան չորս հայ զինուորներ:

 

Ազրպէյճանը կը շարունակէ աւերել Արցախի մշակութային կոթողները

Ազրպէյճանը պետական մակադակով կը վերացնէ հայկական հետքը Արցախի տարածքին:

– «Պատմամշակութային ժառանգութեան դիտահետազօտական կեդրոն»-ի հաղորդմամբ՝ համացանցին մէջ ազրպէյճանցիներու կողմէ յայտնուած է հրապարակում մը, ըստ որուն՝ Քարվաճառի շրջանի Ծար գիւղի Սուրբ Գրիգոր եւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցիներու տարածքին մէջ (ազրպէյճանական աղբիւրը զանոնք կը ներկայացնէ որպէս աղուանական) պիտի իրականացուին պարսպապատման եւ վերանորոգման աշխատանքներ:

Լուսանկարներէն պարզ կը դառնայ, որ եկեղեցւոյ տարածքին արդէն իսկ սկսած են շինարարական աշխատանքներու․ հանուած են Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ խաչը, արձանագիր քարերէն մէկը, եկեղեցւոյ տարածքէն կը բացակային նաեւ խաչքարերու բեկորները: Սուրբ Գրիգոր եկեղեցւոյ տարածքին քանդուած են նաեւ մինչեւ 1993 թուականը տեղի թրքացած քուրդ ընտանիքի կողմից կատարուած կցակառուցումները:

– «Հայքի մշակոյթ» մարդկային իրաւանց գրասենեակի պատասխանատու Յովիկ Աւանեսովը կ’ահանազնէ, որ 24 դեկտեմբեր 2023-ին ազրպէյճանցիներու կողմէ տարածուած տեսանիւթի մը մէջ կ’երեւի, որ Ստեփանակերտի մէջ հանուած է բարերար, ազգային գործիչ Ալէք Մանուկեանի արձանը:

– Մէկ այլ տեսնաիւթով բացայայտ կը դառնայ, որ հանուած է ծովակալ Իսակովի (Յովհաննէս Տէր Իսաակեան) նուիրուած յուշարձանը։

 – «Հայքի մշակոյթ» գրասենեակի գործընկեր Մխիթար Կարապետեանը կ’ահազանգէ, որ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն հանուած են Ստեփանակերտի «Անդրանիկ» փողոցի վրայ տեղադրուած քանդակները։