Զարթի՛ր Հայորդի


Րաֆֆի Սարգիսեան

Մեր վզին չոքած ծունկը նենգ,
Ստրկամիտը կ’ուզէ մնալ իր տեղ,
Շնչահեղձ եւ անգիտակից՝ թմրած ենք,
Մենք մեր կամքին տէրը չենք։
Զարթի’ր հայորդի,
Բռնակալին ծունկը ջարդենք։

Երէկ թուրքը, կարմիր ֆէսը գլխուն,
Յօշոտեց հայերը իր ճիրաններով,
Այսօր, կարմիր պէրէն հագած`
Դաւաճանն է թուրքին դերը բռնած։
Զարթի’ր հայորդի,
Վերջ տանք Կարմի’ր չարիքին։

Նժարը թշնամիին ձեռքը թողած`
Դաւաճանն անգղ, դատաւոր է դարձած,
Մեր դարաւոր դատին տէրը չենք,
Նահատակներու աղաղակն է, լսե’նք
Զարթի’ր հայորդի, մեր դատը ե’տ խլենք,
Արդարահատոյց բազուկներով սէգ։