Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան
Պսակաձեւ ժահրի պարտադրած իրավիճակը փոխեց մեր ապրելակերպը, սովորութիւնները եւ ընկերային կեանքը: Դժուար պարագաներէ անցանք շատերս եւ ապաւինեցանք Աստուծոյ ու մխիթարուեցանք եկեղեցւոյ, մշակութային օճախներու եւ ազգային կազմակերպութիւններու ձեռնարկած առցանց ծրագիրներով, որոնցմով կրցանք որոշ չափով հոգեկան խաղաղութիւն գտնել եւ մեր ընկերային կեանքը պահպանել, մինչեւ որ եկաւ այն պահը, երբ առողջապահական նոր թելադրանքներով առաջ անցանք ու զինուեցանք լաւատեսութեամբ:
Անցած ամիսներու դժուարութիւններուն ու զանոնք յաղթահարելու միջոցներուն մասին զրուցեցինք Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Հովիւ Զարեհ Ա. Քահանայ Զարգարեանի հետ` տեղեկանալու եկեղեցւոյ եւ անոր հովանիին ներքոյ գործող կազմակերպութիւններու գործունէութեան մասին:
Հարցում- Համաճարակի պատճառով դռները ժամանակաւորապէս փակած Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին Յունիս 14-ին բացաւ իր դռները եւ մատուցեց Ս. Պատարագ: Ինչպիսի՞ մթնոլորտ կը տիրէր եկեղեցւոյ մէջ եւ երկար բաժանումէ ետք միացման պահը ի՞նչ զգացումներու առիթ տուաւ:
Պատասխան- Առաջին առիթով կ’ուզեմ “Թորոնթոհայ” թերթի խմբագրութեան շնորհակալութիւն յայտնել այս հարցազրոյցը կայացնելուն համար, կը մաղթեմ, որ Աստուած պահէ ձեզ ապահով, առողջ եւ արեւաշատ: Այս համաճարակը շատ անյարմար եւ անբնական երեւոյթ մըն էր, որ իր հետ բերաւ դժուարութիւններ եւ հետեւանքներ: Նախ, փառք կու տանք Աստուծոյ, որ երկար դադարէ ետք կրցանք Յունիս 14-ին վերաբանալ մեր Ս. Եկեղեցւոյ դռները եւ հաւատացեալները (մասամբ մը անշուշտ) առիթ ունեցան ներկայ գտնուելու Ս. Պատարագի արարողութեան: Այս ընթացքին քանի մը անգամ Zoom-ով ժողովներ գումարեցինք Աշխատանքային նախարարութեան (Labour Minster), այլ պատգամաւորներու եւ մեր երեսփոխան Արիս Պապիկեանի հետ ու անոնք նկատի առին եկեղեցականներու առաջարկները ու աջակցեցան մեզի, որպէսզի ապահով ձեւով եկեղեցին վերաբացուի: Ասոր համար կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Օնթարիոյ նահանգի իշխանութիւններուն եւ Գանատայի պետութեան:
Անցած շրջանը դժուար էր այն իմաստով, որ մենք մեր ամբողջ առաքելութեան ընթացքին կը քարոզենք, կը քաջալերենք եւ շատ կարեւոր կը համարենք մարդկանց անմիջական ներկայութիւնը եկեղեցւոյ մէջ եւ յանկարծ ապահովոււթիւնը եւ անվտանգութիւնը պահպանելու համար ստիպուած էինք մեր դարերու սկզբունքին հակառակ գործել, սակայն փառք Աստուծոյ` վերաբացուեցաւ եկեղեցին եւ շատ յուզիչ մթնոլորտ մը կար հոն ու ես` իբրեւ եկեղեցական, առաւելաբար այդ օրը, անգամ մը եւս զգացի եւ համոզուեցայ, որ մեր եկեղեցին մեր ժողովուդն է: Առանց ժողովուրդի եկեղեցին միայն շինութիւն է. ժողովուրդը իր ներկայութեամբ, շունչով եւ աղօթքով բովանդակութիւն եւ իմաստ կը հաղորդէ եկեղեցւոյ:
Հ- Վերջին ամիսներուն ինչպիսի՞ գործունէութիւն կը ծաւալեն եկեղեցւոյ հովանիին ներքոյ գործող կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւնները եւ ինչպէ՞ս կը հասնին անդամներուն եւ օգնութեան ձեռք կը մեկնեն անոնց:
Պ- Վերջին ամիսներուն ստիպուեցանք մեր գաղութի զաւակներուն հետ կապ հաստատել համացանցային միջոցներով: Մեր ներկայութիւնը ֆիզիքապէս դադրեցաւ, սակայն եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքը եւ առաքելութիւնը շարունակուեցաւ առցանց: Դժբախտաբար մահեր ալ ունեցանք, ի թիւս այդ մահերուն նաեւ Covid 19-ի պատճառով մահացողներ եղան: Կ’աղօթենք, որ Աստուած իրենց հոգիները լոյսերու մէջ պահէ, միեւնոյն ժամանակ առողջ պահէ մեր ժողովուրդը: Եկեղեցւոյ հովանու ներքոյ գործող կազմակերպութիւնները, յատկապէս Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարանը իր 350 եւ աւելի աշակերտներով շարունակեց դասաւանդութիւնը առցանց եւ շրջանաւարտներ ալ տուաւ, իսկ միւս կազմակերպութիւնները բնական կերպով շարունակեցին իրենց գործունէութիւնը` կեդրոնանալով իրենց ապագայ ծրագիրներուն վրայ: Ընտանեկան ծառայութեան մարմինը եւ եկեղեցւոյ սիրայօժար ծառայող անհատները միշտ կապի մէջ մնացին տարեցներուն հետ: Մեր շեշտը դրուեցաւ տարեցներուն վրայ, որոնք առանձին կ’ապրէին եւ մարդոց հետ հաղորդակցելէ զրկուիլը շատ դժուար էր իրենց համար: Եկեղեցւոյ մէջ կը գործեն հոգեւոր առաքելութեան լծուած մարմիններ, ուրեմն սերտողութեան երեք խումբերն ալ շարունակեցին իրենց առաքելութիւնը Zoom-ով: Եկեղեցւոյ հովանու ներքոյ անկախ գործող, ո՛չ շահութաբեր, եւ պետութեան քով արձանագրուած` “Բարեւ” կազամակերպութիւնը շարունակեց իր կրթական, ընկերային եւ այլ ծրագիրները, ինչպէս նաեւ` Հայ ընտանիքի Oժանդակող Մարմինը (Armenian Family Support Service) շարունակեց իր ծառայութիւնները, որոնք եղան առաւելաբար բարոյական աջակցութիւն, իսկ մեր նիւթական օժանդակութիւնը փորձեցինք շարունակել մեր համայնքին եւ հայրենիքին նկատմամբ: Նաեւ շատ համեստ, բայց կարեւոր` “Տաք Ապուր” (Soup kitchens) օժանդակութիւնը, նախորդ տարիներուն նման, այս տարի եւս հայթայթեցինք մեր հայրենիքին: Եկեղեցւոյ գրասենեակը անխափան շարունակեց իր աշխատանքը եւ բոլոր հաղորդագրութիւնները, նամակագրութիւնները եւ գրասենեակային աշխատանքները իրագործուեցան: Մէկ խօսքով, ոչ ֆիզիքապէս, սակայն այլ միջոցներով ժողովուրդը եւ մեր կազմակերպութիւնները միշտ իրարու հետ կապի մէջ մնացին:
Հ- Ինչպիսի՞ դժուարութիւններ յառաջ բերաւ պսակաձեւ ժահրը: Հոգեպէս պատրա՞ստ էինք դիմագրաւելու այդ դժուարութիւնները: Հաւաքական մեր կեանքին եւ մեր մտածելակերպին մէջ ինչպիսի՞ նորութիւններ պէտք է մուծել` յարմարելու նման կացութիւններուն:
Պ- Այս համաճարակը նիւթական եւ տնտեսական իմաստով իր ազդեցութիւնը ունեցաւ, դժուարութեան մատնեց ժողովուրդը եւ շատեր անգործ մնացին: Հիմնական հարց մըն ալ կայ, որը հոգեկան տագնապն է. վախի եւ անորոշութեան մթնոլորտը այնպիսի իրավիճակ է, որուն մատնուողները միւս կողմը եղած լոյսը չեն տեսներ: Մենք քաջալերեցինք, որ մարդիկ եւ ընտանիքներ Աստուծոյ հետ իրենց կապը շատ ամուր պահեն, որովհետեւ Աստուած այն յոյսն ու լոյսն է, որ դժուարութեան պահուն խաւարը կը լուսաւորէ, կ’առաջնորդէ մեզ եւ դուրս կը բերէ բոլորս յուսալքուած հոգեվիճակներէ: Ինծի համար նաեւ շատ կարեւոր է, թէ այս ճգնաժամը անցնելէ ետք ինչպիսի՛ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան մեր ընկերային եւ եկեղեցւոյ հետ ունեցած յարաբերութիւններուն մէջ: Ուրեմն մենք` իբրեւ համայնք, պէտք է շատ ուշադիր ըլլանք, որ իրենց համակարգիչներուն, հեռաձայններուն եւ համացանցին կապուած մեր զաւակները չափազանցութեան չերթան եւ այս կեանքին մէջ չկորսնցնեն իրենց անհատականութիւնն ու առողջ ապրելակերպը: Մեր խնդրանքը եւ կոչը այն է, որ ծնողները քաջալերեն իրենց զաւակները ամրացնելու իրենց անմիջական շփումները եւ կապը մարդկանց հետ, որպէսզի այս ամէնը իր մնայուն վնասը չխարսխէ մեր ներկայ եւ գալիք սերունդին մէջ: Յուսանք, որ այդ բացը` մենք` իբրեւ եկեղեցի, համագործակցաբար մեր գաղութի կազմակերպութիւններուն հետ, պիտի կարենանք լրացնել ու փոխանցել այդ ամէնը նոր սերունդին:
Հ-Նախկին օրերու համեմատ, այսօր կարգ մը դրական փոփոխութիւններ կան, ուր առողջապահական օրէնքներ կիրարկելով կրնան իրենց դռները բանալ եւ գործել եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող կարգ մը հաստատութիւններ: Այս իմաստով ի՞նչ խօսք կ’ուզէք փոխանցել ընթերցողներուն եւ աջակցութիւն խնդրողներուն:
Պ- Փառք Աստուծոյ, որ այսօր դէպի լաւ կ’ընթանայ այդ բոլորը: Մեր բոլոր եկեղեցիները այնպիսի միջոցներ ձեռնարկած են, որպէսզի մարդիկ ապահով զգան: Եկեղեցին չափազանց կարեւոր եւ էական դեր ունի սնուցանելու մարդու հոգին, ուստի պէտք չէ վախնանք եկեղեցի այցելելէ: Վստահ եմ, որ բոլորն ալ անվախ պիտի յաճախեն եկեղեցի եւ ջերմեռանդ աղօթեն, որպէսզի Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանան, ինչպէս նաեւ այս ճգնաժամէն ետք իրենց կապը աւելի զօրաւոր պիտի ըլլայ եկեղեցւոյ եւ ազգային հաստատութիւններուն հետ: Մենք շատ կարօտցած ենք մեր ժողովուրդին: Իսկապէս, իմ հովուական կեանքի ամենէն տխուր պատկերը եղաւ Ս. Յարութեան պատարագին, երբ եկեղեցին ամբողջութեամբ պարապ էր: Կ’աղօթենք, որ Աստուած այսպիսի իրավիճակներէ դուրս հանէ մեր ժողովուրդը եւ եկեղեցին ու մեր կազմակերպութիւնները գրկաբաց ընդունին մեր զաւակները:
Խորին շնորհակալութիւն. մնացէք ապահով եւ առողջ: