Էկումէնիկ Աղօթք` Արցախի Եւ Հայաստանի Զօրակցութեան Համար


 Խաղաղական եւ Հանգստեան Ժամերգութիւն՝ նուիրուած Արցախի եւ Հայաստանի Զօրակցութեան եւ Խաղաղութեան

Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Միջ-Յարանուանական Մարմինին, Շաբաթ, 14 Նոյեմբեր 2020-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Խաղաղական եւ Հանգստեան Ժամերգութիւն՝ նուիրուած Արցախի եւ Հայաստանի Զօրակցութեան եւ Խաղաղութեան:
Աղօթահաւաքին Թորոնթոյի քոյր եկեղեցիներէն մասնակցեցան Գարտինալ Թամըս Քրիսթըֆըր Քոլինզ (Թորոնթոյի համայնքի Առաջնորդ), Տէր Աթենակորոս Եպիսկոպոս (Գանատայի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդարան),  Հովիւ Փիթըր Նոթըպում (Գանատայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար), Տէր Ամոնիոս Ա. Քհնյ. Կիորկիս (Օնթարիոյի Ղպտի Եկեղեցւոյ Առաջնորդարան), Հայր Գանըն Ֆիլիփ Հապսըն (Թորոնթոյի Անկլիգան Առաջնորդարան), Տէր Փիթըր Ա. Քհնյ. Աւկերոբուլոս (Գանատայի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդարան), Տէր Պութրոս Քհնյ. Փիլիպոս (Օնթարիոյի Ղպտի Եկեղեցւոյ Առաջնորդարան), Հայր Մարք Քոլովսքի (Թորոնթոյի Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդարան):
Իսկ Թորոնթոյի հայ եկեղեցիներէն ներկայ էին  Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան (Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ), Տ. Վարդան Վարդապետ Թաշճեան (Սբ. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ), Գեր. Եղիա Ծ. Վարդապետ Գիրէջեան (Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ), Վերապատուելի Եսայի Սարմազեան (Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հովիւ), Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան (Ս. երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւի օգնական) եւ Յակոբ Ճանպազեան (Ատենապետ Թորոնթոյի Միջ-Յարանուանական Մարմինի):
Թորոնթոյի Միջ-Յարանուանական Մարմինի անունով Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։ Օրուան միասնական աղօթքի կարեւորութեան անդրադառնալէ ետք, ան ներկայացուց եւ ատեան հրաւիրեց օրուան պատգամաբեր՝ Թորոնթոյի Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Գարտինալ Թամըս Քրիսթըֆըր Քոլինզ, որ իր պատգամին մէջ յուսադրեց հայ ժողովուրդը իր դժուարութիւններուն մէջ՝ հաստատուն մնալու իր հաւատքին, ապաւինելով Ամենակալ Աստուծոյ առաջնորդութեան:
Ժամերգութեան աւարտին ներկաները եկեղեցական թափօրով ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Եղեռնի Յուշարձան, ուր Գարտինալ Քոլինզ եւ Տէր Աթենակորոս Եպիսկոպոս ծաղկեպսակ զետեղեցին։ Ապա Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Հայոց Բանակի նահատակ հերոսներու եւ անմեղ քաղաքացի զոհերու հոգիներուն համար, որոնք զոհուեցան Արցախի պատերազմի ընթացքին: 

 

Սբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ Խաղաղական եւ Հանգստեան Ժամերգութիւն

 

Աղօթահաւաք մասնակցութեամբ Թորոնթոյի քոյր եկեղեցիներու

 

Թորոնթոյի Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Գարտինալ Թամըս Քրիսթըֆըր Քոլինզ պատգամի ժամանակ