Թորոնթոհայ Երիտասարդներ Վանաձորի Թիւ 31 Դպրոցը Կահաւորած են` Ի Յիշատակ Նահատակ Քրիստափոր Արթինի


«Թորոնթոհայ»,- Խումբ մը թորոնթոհայ երիտասարդներ այս Ամառ, երբ Հայաստան կ՛այցելէին, գաղափարը ունեցան օգնելու դպրոցի մը՝ ի յիշատակ իրենց ընկերոջ՝ հերոս Քրիստափոր Արթին Յարութիւնեանի, որ նահատակուեցաւ 44-օրեայ պատերազմին՝ Վարանգաթաղի ազատագրութեան մարտերու ընթացքին։

Գանատահայ երիտասարդները Focus on Children Now կազմակերպութեան միջոցաւ օժանդակեցին Վանաձորի թիւ 31 մանկապարտէզին, որուն նուիրեցին գոյք՝ պահարաններ եւ անկողիններ։

Focus on Children now կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է 2006-ին՝ Ամիրեան ընտանիքին եւ Հայաստանի մէջ Ամերիկեան Խաղաղութեան քորպուսի կամաւորներու (American Peace Corps volunteers (PCV)) միասնական ջանքերով։

Կազմակերպութիւնը ցարդ առողջապահական մարզին մէջ կատարած է մանուկներու 3000 բժշկական քննութիւններ, իսկ մարդասիրական մարզին մէջ մօտ 100000 երեխաներու եւ իրենց ընտանիքներուն տրամադրած է 1,2 միլիոն իր՝ հագուստ, կօշիկ, խաղալիքներ․․․  , 2010-էն ի վեր մօտ 30 մանկապարտէզի 1600 երեխաներուն ամէնօրեայ առողջ սնունդ կը տրամադրէ, իսկ կրթական մարզին մէջ նախադպրոցական տարիքի երեխաներու յաճախած շատ մը մանկապարտէզներ կահաւորած է 3751 անկողինով, կառուցուած է 93 խաղավայրներ։