«Երազ Իմ Երկիր» ցուցահանդէսին բացումէն պատկեր մը
Սեպտեմբեր 20-ին Թորոնթոյի Ս․ Երրորդութիւն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Երազ Իմ Երկիր» խորագիրով գեղանկարներու եւ խեցեգործութեան աշխատանքներու ցուցահանդէսի բացումը` նուիրուած ՀՀ անկախութեան 29-րդ ամեակին: Աշխատանքներուն հեղինակները թորոնթոբնակ 5-14 տարեկան հայ երեխաներն ու պատանիներ են:
Ս․ Երրորդութիւն հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ․ Զարեհ Ա. քհն. Զարգարեան, որուն հովանաւորութեամբ իրականացաւ ցուցահանդէսը, բացման իր խօսքին մէջ նշեց, որ վերջին 6 ամիսներու ընթացքին, երբ սկսած է համավարակը, համայնքի մէջ տեղի ունեցած առաջին ձեռնարկն է, եւ ասիկա շատ խորհրդանշական է: «Կը շնորհաւորեմ առաջին հերթին երեխաները, անոնց, որոնք այս վառ գոյները յաձնած են թուղթին կամ կտաւին, որ իրենց սիրոյ, հոգիի ջերմութեան արտայայտութիւնն է, յատկապէս, որ այս ցուցահանդէսը մենք ձօնած ենք մեր հայրենիքի անկախութեան 29-րդ տարեդարձին», ըսաւ Տ․Զարեհ` ընդգծելով, որ ցուցահանդէսի նպատակը նաեւ բարեսիրական է․ ներկաները կրնային մասնակցիլ կաւագործութեան վարպետութեան դասին` ըստ ցանկութեան կատարելով նաեւ նուիրատուութիւն: Գոյացած ողջ գումարը պիտի ուղղուի Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Բերդաւան գիւղի երեխաներուն համար կաւի վառարան ձեռք բերելուն:
Ցուցահանդէսը նախաձեռնած էր գեղանկարիչ Մարիամ Մուղդուսեան, ով 3 ամիս է` հիմնած է «Դուսեան» արուեստանոցը, ուր եխաներու հետ կ՛աշխատի: Բերդաւանի փոքրիկներուն համար կաւի վառարան ձեռք բերելուն ուղղուած են նաեւ շուրջ 3 օր «Դուսեան» արուեսանոցի մէջ տեղի ունեցող բրուտագործութեան վարպետութեան դասերը:
Բացման արարողութենէն ետք ներկաները դիտեցին նաեւ բերդաւանցի փոքրիկներու պատրաստած տեսաուղերձը, նաեւ առիթ ունեցան` լսելու հայ երաժշտներու ստեղծագործութիւնները` երաժիշտ Անահիտ Կուտսուզեանի անզուգական կատարումով:
Ցուցահանդէսէն պատկերներ․
Լուսանկարները` Իսկուհի Կիրակոսեանի