ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ՝ «Համադրեալ Հայը»


Լեւոն Շանթի նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկի կազմակերպիչներն ու մասնակիցները՝ գրողին կիսանդրիին առջեւ

Թ.Տ.

«…Ով ջար­դո­ւած է, բնա­կա­նա­բար, կը քա­շո­ւի մէջ­տե­ղէն, ով յոգ­նած է կը նստի. բայց ա­տով ո­չինչ չի փո­խո­ւիր:  Քա­շո­ւող­նե­րուն տե­ղը կու գան նո­րե­րը, մէկ նստո­ղին տե­ղը ոտ­քի կ’ել­լեն ու­րիշ­նե­րը: Եւ ե­թէ այ­սօր մենք բո­լորս ալ քա­շո­ւինք աս­պա­րէզէն, վա­ղը հրա­պա­րակ կու գայ նոր սե­րուն­դը՝ հին դրօ­շա­կը բարձր պա­հած իր ձեռ­քին, ո­րով­հե­տեւ ա­նի­կա ալ ապ­րիլ պի­տի ու­զէ իր ազ­գա­յին կեան­քո­վը»։

Լեւոն Շանթի այս խօսքին մէջ խտացուած է մեծն հայուն անվարան համոզումը նոր սերունդին նկատմամբ. սերունդ՝ որ ինք կերտեց, սերունդ՝ որ իր յաջորդին փոխանցեց դէպի վեր ձգտելու կիրքը. սերունդ՝ որ այսօր իր հաստատակամ քայլը կը շարունակէ՝ «հին դրօշակը բարձր պահած իր ձեռքին»։ Կիրակի, 1 Մարտ 2020-ին, պատմական օր մը ապրելու եզակի առիթը կը տրուի Թորոնթոհայութեան,  Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ՝ ոգեկոչելու թատերագիր, մանկավարժ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահներէն, Համազգայինի եւ Հայ Ճեմարանի հիմնադիրներէն Լեւոն Շանթը։

Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահի մուտքին հաւաքուողները հետաքրքրութեամբ կը դիտեն կապտաւուն թելերով թռչնածածկ՝ սպիտակ քօղով պատուած կառոյցը, որուն քօղազերծումը պիտի կատարուի քիչ անց։ Թատերասրահի դռներէն ներս,  բեմին մէջտեղէն մեզ կը դիմաւորէ  Լեւոն Շանթի դիմաստուերը. ներքեւը՝ նուրբ ձեռագիրն ու ստորագրութիւնը. Լեւոն Շանթ, 1869-1951:

Քիչ անց, լոյսերը կը մարին ու գրակալին ետեւ կ՚անցնի հանդիսավարը՝ «Գլաձոր» մասնաճիւղի վարչութեան ատենադպիր Շողեր Ճելլատեան. ան ամփոփ գիծերու մէջ կ՚ընթերցէ Շանթի կենսագրութիւնը՝ սկսելով իր ծննդավայր Կոստանդնուպոլսէն։ Աւազանի անունով Լեւոն Նահաշպետեան (Սեղբոսեան)՝ Շանթ նախնական ուսումը կը ստանայ  Սկիւտարի վարժարանին մէջ։  Մանուկ տարիքին կը կորսնցնէ ծնողքը եւ այլ պատանիներու հետ՝ որոնցմէ էր նաեւ Կոմիտաս,  կը մեկնի Էջմիածին, Գէորգեան Ճեմարանը յաճախելու: Քիչերէն է, որ կը յաջողի Ճեմարանի մուտքի քննութեան։ Ուսման ընթացքը աւարտելէ ետք կը վերադառնայ Պոլիս եւ Շանթ անունով կը նետուի գրական ասպարէզ։ «Հայրենիք» ի մէջ կը հրատարակուին իր «Մնաք Բարովի Իրիկունը» երգիծական վիպակը , ինչպէս նաեւ իր առաջին բանաստեղծութիւնները: Գերմանիոյ մէջ եօթը տարի կը հետեւի մանկավարժութեան , հոգեբանութեան եւ բնական գիտութիւններու ճիւղերուն , միաժամանակ շարունակելով իր գրական աշխատանքը: Լեւոն Շանթ 1899-ին կ՝անցնի Կովկաս, ուր կը զբաղի ուսուցչութեամբ, նաեւ մաս կը կազմէ Թիֆլիսի մէջ Յովնաննէս Թումանեանի «Վերնատուն» խմբակին: Պոլիս վերադարձէն յետոյ, 1913-ին Եւրոպա կը մեկնի, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլայ, որ փրկուի Եղեռնէն։ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Խորհրդարանի անդամ կ՝ընտրուի 1919-ին եւ կը դառնայ անոր նախագահներէն: Հայաստանի Խորհրդայնացումէն ետք կ՝անցնի Պարսկաստան ապա Մարսէյլ, ուր չորս տարի կը զբաղի ուսուցչութեամբ եւ գրականութեամբ: Ապա կը հրաւիրուի Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս, իբրեւ ուսուցիչ Պօղոսեան ազգային վարժարանի, որուն տնօրէնն էր յայտնի գրաքննադատ Նիկոլ Աղբալեան : Գահիրէի մէջ , 1928-ին խումբ մը մտաւորականներու հետ կը հիմնէ Համազգային հրատարակչական եւ Մշակութային ընկերակցութիւնը: Մէկ տարի ետք , Նիկոլ Աղբալեանի հետ կը հաստատուի Պէյրութ, ուր 1930-ին կը հիմնէ Հայ Ճեմարանը։ Ճեմարանի տնօրէնութեան պաշտօնը կը վարէ մինչեւ իր մահը՝ 82 տարեկան հասակը։

էտկար Պաղտասարեանի «Նախերգանք» ստեղծագործութեան տպաւորիչ մեկնաբանութեամբ ծայր կ՚առնէ օրուան գեղարուեստական յայտագիրը. դաշնակահարն է երաժիշտ Յակոբ Մանուկեանի թոռը՝ շնորհալի պարմանուհի Անթուանէթ Մանուկեան։ Շքեղ թաւշեայ զգեստով ու հպարտ քայլուածքով բեմահարթակին վրայ կը յայտնուի Համազգայինի Էրեբունի պարախումբէն ծանօթ մենակատար Մարիա Մանուկեանը. Ազատ Ղարիբեանի բեմադրութեամբ՝ «Ախալցխա»ի առինքնող ներկայացումը կ՚արժանանայ երկար ծափերու։

Լեւոն Շանթի բանաստեղծութիւններէն «Անուշ հովիկ»ը մասնաւորաբար այս առիթով երգի վերածուած է երաժիշտ Վանիկ Յովհաննիսեան։ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի անդամ Սարինէ Սարգիսեանի նուրբ մեկնաբանութիւնը՝ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ նոյնինքն երգահան Վանիկ Յովհաննիսեանի բուռն ծափերը կը կը խլէ։  Լեւոն Շանթի մասին «Գաղտնի թղթապանակ» տեսերիզին կը յաջորդէ «Լեւոն Շանթ՝ մարդն ու գործը» ներկայացնող, Մոնրէալէն յատկապէս հրաւիրուած Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամ Դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեանը։

Դոկտ. Թիւֆէնքճեան վարած է բազմաթիւ պաշտօններ ՀՅԴ-ի եւ Համազգայինի շարքերէն ներս։ Իր միութենական լայնածաւալ գործունէութեան մաս կը կազմէ նաեւ իր դերը որպէս Համազգայինի Պետրոս Ադամեան թատերախումբի բեմադրիչ։ Ան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին կողմէ պարգեւատրուած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով իր կրթական, հասարակական եւ մշակութային ազգանուէր գործունէութեան համար։ Université de Montréal-ի մէջ ուսանած է անգլերէնով գրականութիւն եւ մանկավարժութիւն. նոյն համալսարանէն արժանացած է «Դոկտոր» կոչումին։

«Կասկածէ վեր է, – կ՚ըսէ Դոկտ. Թիւֆէնքճեան,-  որ հայ ժողովուրդը Շանթի մէջ կը գտնէ գրականութեան, մանկավարժութեան, փիլիսոբայութեան եւ ազգային կեանքի ոլորտներուն մէջ նոր ուղիներ բացող իր մտաւորական փայլուն զաւակներէն մէկը. հետեւաբար, պարտաւոր ենք մեր յարգանքի տուրքը ընծայել Լեւոն Շանթին եւ այս առթիւ ճշդել իր տեղը հայ գրականութեան մէջ»։ Թիւֆէնքճեան կ՚անդրադառնայ այն ցաւալի իրողութեան, որ Պէրութի մէջ, երբ տասը հազարէ աւելի սգակիրներ կը մասնակցէին իր յուղարկաւորութեան, անդին, հայրենիքի մէջ, Շանթը որպէս «մոլի հակահայ» կը պիտակաւորուէր։ Պատճառը՝ ըստ Թիւֆէնքճեանի, օրերու գրական մթնոլորտն էր, որ կը ձեւաւորուէր համայնավար  գաղափարաբանութեան պարտադիր դրոյթներով։

Ցաւալի է սակայն, որ Հայաստանի վերանկախութենէն երեսուն տարիներ անց՝ երբ բազմաթիւ ու լայնածաւալ միջոցառումներու ընդմէջէն Թումանեան ու Կոմիտաս կը յիշատակուին, անդին, ոչ մէկ յիշատակում մեր մեծագոյն երգիծաբաններէն Երուանդ Օտեանի եւ հազիւ երկու գիտաժողով Լեւոն Շանթի մասին, ջնջին ներկայութեամբ։ Հաւանաբար, այն պատճառով որ «Շանթը միշտ ալ պիտակաւորուած է անմատչելի, արեւմտահայ, անաստուած կամ փիլիսոբայական գրող» կ՚աւելցնէ Թիւֆէնքճեան։

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, Լեւոն Շանթին ակնարկելով ըսած է, թէ Շանթ համադրեալ հայն էր։ Ըստ Թիւֆէնքճեանի, ծնունդով արեւմտահայ, կազմաւորումով արեւելահայ եւ եւրոպական բարձրագոյն ուսմամբ իւրայատուկ աշխարհահայեացք ձեւաւորած Շանթը հայութեան երկու ճակատներուն վրայ եզակի դէմք մըն է։

Գալով թատերախաղերուն, համամարդկային անվերջ ձգտումներն ու կեանքը իբրեւ իտէալ դիտելու համոզումը բացայայտ են։  Իր գործերէն զանազան օրինակներ կը բերէ Թիւֆէնքճեան, բոլորին ընդմէջէն յայտնաբերելով Շանթի հերոսներուն անվհատ ըլլալու, զգայնութիւններէ հեռու մնալու, միշտ դէպի վեր ձգտելու յատկանիշներ։ «Արդի հայ գրականութեան մէջ ամբողջովին նորարար մտածողութիւն կը բերէր Շանթ, որուն ընկալումը կը պահանջէր համապատախան մտային պատրաստութիւն եւ աներկբայ յանձնառութիւն»։ Հաւանաբար, Շանթի «յանցանք»ներէն մէկն է ասիկա, որ մտածել կու տայ թէ լաւ, թող դար մը առաջ պատրաստ չըլլայինք իր նորարար մտածողութիւնը ընկալելու. իսկ հիմա՞։

Յակոբ Օշական այդ օրերուն շատ ալ դրական չ՚անդրադառնար Լեւոն Սեղբոսեանի գործերուն կամ հերոսներուն մասին. «ի՞նչ կը պատմեն, ո՞ր ժողովուրդին կը պատկանին» գրած է Օշական, ըսել ուզելով թէ հայութեան չեն պատկանիր։ Օրուան բանախօսը հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը բաժնէ նաեւ Շանթի հայ լեզուին առնչուող համոզումներուն մասին, դրուագներ Շանթի կարգապահութեան ու գործնապաշտութեան մասին։ Սակայն, Թիւֆէնքճեան կը խոստովանի, թէ զինք ամենէն աւելի հետաքրքրողը Շանթի ինքնագիտակցութեան յատկացուցած նախապատուութիւնն է։ Բանախօսը իր ներկայացումը կ՚աւարտէ ըսելով՝ անկրկնելի դէմք մըն էր Շանթ, որ իր մահէն շուրջ եօթանասուն տարիներ անց , այսօր տակաւին, կը շարունակէ առինքնել մեզ իր յառաջապահ մտածողութեամբ իր երկերու խորհրդապաշտութեամբ եւ իր մտածումներու մերօրեայ հնչեղութեամբ։

Խիստ շահեկան ներկայացում մը, որ ունկնդրողը կը մղէ իր մտապատկերին մէջ նոր լուսամուտներ բանալու Լեւոն Շանթ մարդուն ու գրողին մասին։  Հանդիսավարը Մաթիու Քարանեանի վերջին հրատարակութենէն օրինակ մը իբր յուշանուէր կը յանձնէ Դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեանին։

Բեմը մութ է. քար լռութեան մէջ կը լսուի պրն. Մուշեղ Գարագաշեանի թաւ ու գրաւիչ ձայնը՝ Գիշեր է. տա՜նկ տա՜նկ հսկայ ժամացոյցի սլաքներուն հետ, բեմահարթակին վրայ դանդաղ քայլերով, հայեացքը շուրջը դարձնելով կը յառաջանայ «Գիշերապահը»՝ Արեն Մնացականեան։ Ան կը յիշէ մանկութիւնը. լուսարձակին տակ կ՚երեւին ծալապատիկ նստած փոքրերն ու մեծ մայրը, որ իրենց կը պատմէ Մհերի մասին։ Դերերուն մէջ են իրենց քայլերը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն սկսած, այժմ ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի աշակերտներ Լոռի Պէրպէրեանը, Վարագ Մեսրոպեանն ու Նարօտ Գըլըպոզեանը։ Ազդեցիկ երաժշտութեամբ պատրաստուած ձայնագրութիւնը եւ դերակատարներուն շարժումներն ու դէմքի արտայայտութիւնները կը գրաւեն ներկաները։ Լեւոն Շանթի խորաթափանց քերթուածներէն է Գիշերապահը, ուր անգամ մը եւս ի յայտ կու գան Շանթի անվհատ կամքը, ցաւոտ առօրեայէն վեր յառնելու կիրքը։

Էջը կը դարձնենք. Տաւիղն է այս անգամ մեր սրտերը գրաւողը։ Համազգայինի Էրեբունի պարախումբէն Վանի Եագուպեանի, Լանա Տէր Պետրոսեանի եւ Ծիլա Գուրճաքեանի ապրումները, երկնային գոյներով զգեստներուն մէջ սահուն ու համաչափ շարժումները հաճելի համանուագ մը կը ստեղծեն հանդիսատեսի աչքին։ Շնորհաւորելի է պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար Նելլի Կարապետեանը։

Լեւոն Շանթի «իտէալի կեանքէն երգել»ու կերպարը անգամ մը եւս կը բացայայտուի «Ես պատրանքը սիրեցի» քերթուածին ընդմէջէն։ Պատանի ասմունքող Լոռի Պէրպէրեանը, յստակ առոգանութեամբ եւ հասկացողութեամբ կը մեկնաբանէ կտորը։ Գեղարուեստական բաժնի աւարտին, նախքան կիսանդրիի բացումը, հանդիսավարը բեմ կը հրաւիրէ «Գլաձոր» մասնաճիւղի վարչութեան եւ Գրական յանձնախումբի ատենապետ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանը եւ Լեւոն Շանթի կիսանդրին քանդակագործող արուեստագէտ ընկ. Յակոբ Ճանպազեանը որ նաեւ գործին նուիրատուներէն մէկն է, իր տիկնոջ՝ Ժիւլիէթ Ճանպազեանի հետ։ Յակոբ Ճանպազեան բազմաթիւ յուշարձաններու եւ քանդակներու հեղինակ է. իր գործերը զետեղուած են հայրենիքէն ներս եւ դուրս՝ Գանատայի, ԱՄՆ-ի, Լիբանանի եւ Իսրայէլի մէջ։ Տօնապետեան, Արցախէն երիտասարդ գեղանկարիչ Սամուէլ Թաւադեանի գործերէն հայրենի բնաշխարհը պատկերացնող գեղանկարչութիւն մը, ծաղկեփունջով միասին, առ ի գնահատանք կը յանձնէ Յակոբ եւ Ժիւլիէթ Ճանպազեաններուն։ Իրենց բացակայութեան, գնահատանքի խօսք կ՚ուղղուի նաեւ նուիրատուներ ընկ. Լեւոն եւ Տոքթ. Անի Հասըրճեաններուն։ Բարձր գնահատելի, ազգանուէր քայլը մը նուիրատուներուն կողմէ, որոնց կ՚երթայ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի խորին երախտագիտութիւնը։

Ժամանակէ մը ի վեր սպասուած պահը կը հասնի. թատերասրահի մուտքին, մշակութասէր ազգայիններով, հաւատաւոր Համազգայնականներով շրջապատուած, ընկերներ Վիգէն Թիւֆէնքճեանի, Թամար Տօնապետեանի եւ ՀՅԴ Ս. Թէհլիրեան կոմիտէի հերթապահ ընկ. Սեւակ Քիւփէլեանի ձեռամբ տեղի կ՚ունենայ Լեւոն Շանթի կիսանդրիին քօղազերծումը. կը յաջորդեն բարձր ծափերը, յուզումնախառն ողջագորումները։ Լեւոն Շանթ իր արժանաւոր տեղը գտած է Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի համալիրէն ներս, հայ դպրոցին դիմաց, «Համազգային» թատերասրահի մուտքին. որքա՜ն պատշաճ է երեւոյթը. որքա՜ն պատշաճ է նաեւ Մարտ ամիսը. օրեր ետք, Հայ Ճեմարանը պիտի դառնար իննսուն տարեկան։  Ընկ. Յակոբ Ճանպազեան խոր ապրումով կը փոխանցէ իր սրտի խօսքը, որուն կը յաջորդեն բիւր շնորհաւորանքները, գեղեցիկ կերպով զարդարուած սուրճի եւ գաթայի սեղանին շուրջ ։

Յուզիչ է պահը. Շանթի լուսաւոր դէմքը կը ժպտի բոլորիս։ Թող Լեւոն Շանթի կերպարը ներշնչման աղբիւր դառնայ իւրաքանչիւրիս, ձգտելու լաւագոյնին, անվհատ ճախրելու դէպի վեր, կեանքը ապրելու որպէս առաքինի մարդ, առաքինի հայ, տէր կանգնելու հայ մշակոյթին, հայ դպրոցին, լեզուին։

Բանախօս Դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան

“Տաւիղ” – Լանա Տէր Պետրոսեան, Վանի Եագուպեան, Ծիլա Գուրճաքեան, Համազգայինի Էրեբունի Պարախումբ

“Ախալցխա” – Մարիա Մանուկեան, Համազգայինի Էրեբունի պարախումբ

“Գիշերապահը”. Արեն Մնացականեան, Լոռի Պէրպէրեան, Վարագ Մեսրոպեան, Նարօտ Գըլըպոզեան

Քանդակագործ՝ ընկ Յակոբ Ճանպազեան Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան

Անուշ հովիկ. մեներգող՝ Սարինէ Սարգիսեան, դաշնակահար եւ երգահան՝ Վանիկ Յովհաննիսեան, Համազգայինի Գուսան երգչախումբ

Նախերգանք, Էտկար Պաղտասարեան. դաշնակահար՝ Անթուանէթ Մանուկեան