Ծիծեռնակաբերդին Աղօթքը


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

_ Օրը որքան մօտենայ, այնքա՛ն սրտիս զարկերը կը կրկնապատկուին։

_ Ես ալ Ապրիլ 24-ին անհամբեր կը սպասեմ։

_ Իսկ ես, մէկ տարի շարունակ, սառած մարմինս ջերմացնող ջահերուն կարօտը կը քաշեմ։

_ Ե՞ս։ Ես, ձեռքս սրտիս, բիւրաւոր զաւակներուս տաք շունչով, կեանքի համն ու հոտը զգալ կ’ուզեմ։

_ «Հայր Մեր»ին բառերն ու մեղեդին երէկուան պէս ականջիս մէջ կը հնչեն։

_ Աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած ժողովուրդիս թոռներուն ու ծոռներուն ոտնաձայնը լսել ու հանգստանալ կ’ուզեմ։

_ Արդէն սիրտս կը խօսի ու ականջս կը կանչէ…լսեցէ՛ք, մեզ կը յիշեն։

_ Այո՛, կը յիշեն։ Մենք միշտ իրենց յիշողութեան մէջ խարսխուած ենք արդէն։

_ Աչքս կը պաղի։ Ժամը հասաւ, բայց ոտնաձայն չե՛մ լսեր։

_ Ես ալ ազգային երգեր, կանչեր ու երդումներ չե՛մ լսեր։ Ո՞ւր են ծածանող Եռագոյններ եւ ջահեր բռնող երիտասարդները։

_ Ո՛չ, ո՛չ, ամէն կողմ մոմի աղօտ լոյս մը կայ։ Մեր զաւակները մոմերը պատրաստած են արդէն։

_ Չեմ գիտեր ինչո՞ւ, բայց սիրտս նեղ է։ Գիտէք, որ իմ վեցերորդ զգայարանքս զօրաւոր է։ Բան մը կայ, ի՞նչ պատահած է արդեօք…

 

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի տասներկու սիւները գլուխ-գլխի տուած կը զրուցէին 2020-ի Ապրիլ 23_ի երեկոյեան ու անհամբեր կը սպասէին պահանջատէր հայորդիներուն, որոնք նախորդ տարիներուն պէս, միլիոններով հաւաքուած, պիտի գային իրենց երդումը նորոգելու։ 

Ճի՛շդ այդ պահուն կքած սիւները զգացին, որ իրենց սրտի անմար կրակը առկայծիլ սկսած էր։ 

Կրակը հառաչեց ու ըսաւ. «Է՜հ, այս տարի, հո՛ս, մեր զաւակներուն փոխարէն մե՛նք պիտի աղօթենք մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն անմահ հոգիներուն համար ու միայն անով պիտի չբաւարարուինք, այլ` ժահրի մը թիրախ դարձած մարդկութեան ու մեր ազգի զաւակներուն փրկութեան համար պիտի աղօթենք։ 105 տարիներ առաջ մարդակեր վիշապը անօրինութեամբ բազմեցաւ մեր տան մէջ ու ջարդեց մեր նախնիները, որոնք մոխիրներուն մէջէն դուրս ելան ու փիւնիկ դարձած ճախրեցին։

Այսօր եւս, Աստուծոյ կամքով, մեր հայ զաւակները պիտի յաղթեն այս ժահրին ու մօտիկ ապագային պիտի գան լուսաւորելու մեր պատերը։ Այն ատեն մերկ մնացած կուրծքս դարձեալ պիտի զարդարեն բազմերանգ վարդերով, մեխակներով ու ծաղիկներով։

Դուք յաւերժութեան խորհրդանիշն էք, մի՛ յուսահատիք ու գլուխնիդ վեր բարձրացուցէ՛ք եւ թոյլ տուէք, որ մեր աղօթքը թեւեր առնէ ու հասնի իրենց տուներուն մէջ մոմ վառող, աղօթող ու պապերուն անմահ յիշատակը յարգող պահանջատէր հայորդիներուն։

Աղօթեցէ՛ք, այնպէ՛ս աղօթեցէք, որ մէկուկէս միլիոն զոհերուն հոգիները հանգիստ ննջեն այսօր ու վաղը»։

Մինչ վերածնող Հայաստանը խորհրդանշող սիւները իրենց ափերը միացուցած, Արարատին սեւեռած՝ աղօթելու պատրաստ էին, տասներկու սիները աչքերնին փակեցին, անոնց ոտքերուն տակ 105 հազար վարդեր փռուեցան ու անմար կրակին ծուխին հետ «Հայր Մեր»ը գուլա՜յ-գուլա՜յ բարձրացաւ երկինքն ի վեր ու զեփիւռին հետ սաւառնիլ սկսաւ…