Համահայկական Հիմնադրամի Դրամահաւաքը Հատեց 100 Միլիոն Տոլարի Շեմը


«Հայաստան» Համայկական Հիմնադրամի կայքը կը տեղեկացնէ, որ «Մենք ենք, մեր սահմանները. բոլորս Արցախի համար» խորագիրով դրամահաւաք-արշաւին հանգանակուած գումարի չափը անցած է 100 միլիոն ԱՄՆ տոլարի շեմը:

Մինչ այս պահը «Հայաստան» հիմնադրամին նուիրաբերուած է աւելի քան 101,056,951.99 ԱՄՆ տոլար: Իւրաքանչիւր նուիրատուութիւն կեանքեր կը փրկէ Արցախի մէջ: Միացի՛ր համահայկական շարժումին: Ըրէ՛ քու քայլը հիմա», կը յայտնեն հիմնադրամէն:

Հիմնադրամին գումար կը նուիրէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը: Արցախի նուրուած դրամահաւաքին միացած են նաեւ աշխարհառչակ յայտնիներ, ինչպիսիք են` աշխարհահռչակ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան (1 ԱՄՆ տոլար), ռոք երաժիշտ, System of a down խումբի մենակատար Սերժ Թանքեան (250 հազար ԱՄՆ տոլար), ամերիկահայ միլիոնատէր, համացանցի աստղ Տան Պիլզերեանի ընտանիքը (250 հազար դոլար) եւ այլք: