ԵՐԵՒԱՆ․- Փետրուար 2ին, «Հայրենադարձները` տուն դարձածները» շաբթուան ծիրէն ներս, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հրաւէրով տեղի ունեցաւ հանդիպում՝ Հայաստան հաստատուած բազմաթիւ հայրենադարձներու հետ:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց. «Դահլիճին մէջ ներկայ են Հայրենիքի մէջ հաստատուած մեր հայրենակիցները աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէ: Հայրենիքի մէջ ապրելու որոշումով՝ դուք աշխարհին ու Հայաստանին ցոյց տուած էք ձեր մարդկային բնութագիրը: Եւ մեր այս հաւաքը կու գայ փաստելու, որ Հայաստան նաեւ կը վերադառնան: Դուք եկած էք, որ մասնակից ըլլաք հայրենիքի շենացման գործին, ձեր ներդրումը ունենալու մեր հայերնիքի զարգացման։ Եկած էք, որպէսզի ձեր հողին, ձեր ջուրին, ձեր ինքնութեան, ձեր արմատին աւելի կառչած մնաք։ Մենք մեր երկրին մէջ պարտաւոր ենք պահպանելու լաւը, իսկ վատը` շտկել` մշտապէս առաջ մղելով «Հայաստա՛նն է իմ տունը» կարգախօսը: Հայաստանի մէջ, վերջին 4-5 տարիներուն ընթացքին, հաստատուեցան նաեւ 22 հազար սուրիահայեր, եւ ես ուրախ եմ, որ իրենց հետ մեր հայրենակիցները բերին ապրելու, ստեղծագործելու նոր մշակոյթ եւ նոր մօտեցումներ»:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդգծեց, որ քիչ չեն նաեւ այն հայորդիները, որոնք կեանքի բերումով կը գտնուին արտերկիր, բայց իրենց մեծ ներդրումը բերած են եւ կը շարունակեն բերել Հայրենիքի զարգացման գործին: Նախարարը՝ տեսանիւթի միջոցով՝ յիշեցուց յայտնի բարերարներ Քըրք Քրքորեանը, Էտուարտօ Էռնեկեանը, Սամուէլ Կարապետեանը, Ռուբէն Վարդանեանը, Վաչէ Մանուկեանը, Սեմ Սիմոնեանը, Ճերարտ Գաֆէսճեանը, Վահագն Յովնանեանը, Սերգէյ Համբարձումեանը, Լեւոն Հայրապետեանը, Սերգէյ եւ Նիքոլայ Սարքիսով եղբայրները ու շատ ուրիշներ, որոնք իրենց կատարած մեծ բարերարութեամբ ու ներդրումներով նպաստած են Հայրենիքի զարգացմամ գործին։
Ներկաները դիտեցին տեսանիւթ, ուր բազմաթիւ հայրենադարձներ ներակայցուցին իրենց հարենադարձման շարժառիթները:
Ապա, խօսք առին շատ մը հարենադարձներ՝ անդրադառնալով իրենց Հայաստան հաստատուելու որոշումին եւ հոս ունեցած իրենց կեանքի փոփոխութեան ու որակին մասին։
Իրաքէն եկած երկրաբան-ոսկերիչ Վարանդ Պետրոսեան նշեց, որ ինք վերադարձած է իր երազած երկիրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան Հայրենիք-սփիւռք կապերու մերձեցման, հայրենադարձութեան խթանող ծրագիրներ իրականացնելուն համար:
Սուրիահայ հայրենադարձ երգիչ, ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Արսէն Գրիգորեան՝ առանձնայատուկ հպարտութեամբ շեշտեց, որ այս տարի կը լրանայ իր Հայաստան հաստատուելուն 30 տարին: «Մենք մեր կամքով չէ, որ ծնած ենք օտար հողի վրայ, բայց մեր կամքով կրնանք հայրենադարձուիլ», ըսաւ ան:
Իրանէն եկած Տիանա Յովսէփեան, իր օրինակով հաւաստիացուց, որ իւրաքանչիւր հայ պէտք է գայ Հայաստան եւ այստեղ որոշէ` ինչ ընել Հայրենիքին համար:
Գործարար Քրիսթիան Կելիճին (Հոլանտա), որ Հայաստանի մէջ աւելի քան 1200 աշխատատեղ ստեղծած է, նշեց. «Ես ուրախ եմ, որ իմ ինը երեխաներս ծնած են այս սուրբ հողին վրայ: Մենք օտարութեան մէջ ապրած ենք՝ Հայրենիքը տեսնելու կարօտով, ուստի իմ զաւակներուն տուած եմ այն, ինչէն ես զրկուած եղած եմ»:
Արաբական Միացեակ Էմիրութիւններէն եկած Լիզա Գարաճեան յայտնեց, որ շատ ուրախ է, որ իր զաւակները այժմ հայրենիքի մէջ կ՛ապրին, հայկական միջավայրի մէջ են եւ կը շփուին իրենց հայ ընկերներուն հետ։
Գանատայէն հայրենադարձուած, ՀՅԴ Հայ Դատի հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեան նոյնպէս ընդգծեց, որ Հայաստան ապրիլը զոհողութիւն չէ: «Հայաստանը միակ վայրն է, ուր ես ինծի տէր կը զգամ», նշեց ան:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ սուրիահայ հայրենադարձ, Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակից Նայիրի Մկրտիչեան-Տաղլեան եւ առաջարկեց ստեղծել հայրենադարձներու խորհուրդ:
Հանդիպման աւարտին սկիզբ առաւ «Հայաստա՛նն է իմ տունը» շարժումը: