«Արմենփրես»․- Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնութեան նախագահ Մաթօ Հախվերտեան կը տեղեկացնէ, որ Հոլանտայի խորհրդարանը ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ ընդունեց երկրի համախոհ կառավարութեան մէջ մտնող Քրիստոնէական Միութիւն կուսակցութեան անդամ Ճոյել Ֆորտեւինտի ներկայացուցած Հայոց Ցեղասպանութեան երկու բանաձեւերը:
«Բանաձեւերու քուէարկութիւններուն կողմ եղած են գրեթէ բոլոր խմբակցութիւնները. դէմ քուէարկած է միայն փոքրաթիւ խմբակցութիւններէն մէկը, որու երեք անդամներն ալ ազգութեամբ թուրք են: Բանաձեւերը ընդունուեցան 142 կողմ ձայներով», ըսած է Հախվերտեան:
Առաջին բանաձեւով կը վերահաստատուի Հոլանտայի կողմէ 2004ին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին որոշումը, իսկ երկրորդով կը պարտադրուի կառավարութեան՝ նախարարի մակարդակով հինգ տարին անգամ մը Ապրիլ 24ին այցելել եւ յարգանքի տուրք մատուցել Ծիծեռնակաբերդի մէջ»: