Փեկի Աւընեան*
Բէկի Աւընեան*
2020-ի Մարտի սկիզբն էր, պսակաձեւ ժահրի սարսափը հասած էր նաեւ Թորոնթօ: Բոլորս մտանք մեր թաքստոցները` տուները, մարդը մարդէն սկսաւ վախնալ, փողոցները ամայացան, գործատեղիները, ուսումնական, միութենական, կրօնական եւ նոյնիսկ պետական զանազան կեդրոններ փակուեցան ու գրեթէ ամէն ինչ որ կարելիութիւն կար առցանց կատարել` սկսաւ համացանցով իրականանալ: Քաղաքը դարձաւ անկենդան, մերթ-մերթ մօտակայ անտառներէն եկող կենդանիներ սկսան երեւիլ գիշերները քաղաքին մէջ: Այսպիսի ամայութիւն վերջին անգամ Հալէպի (Սուրիոյ) մէջ տեսած էի, երբ պատերազմական յարձակումներու վտանգը նախատեսելով արգելափակում յայտարարուած էր, որմէ ետք, երեք տարիներ առաջ Գանատա գաղթեցինք:
Առաջին քանի մը օրերը շատ հաճելի էին: Անմիջապէս անհրաժեշտ ուտելիքներ, հականեխիչներ եւ մաքրութեան առարկաներ գնելէ ետք տունը հանգիստ, անհոգ, ննջարանէն խոհանոց, խոհանոցէն ճաշարան, ճաշարանէն բաղնիք, բաղնիքէն ննջարան, հեռախօսը ձեռքերնիս տան անդամներով այս օղակը կը գծէինք: Հետզհետէ ձանձրոյթը սկսաւ, հեռախօսի գլխաւոր թեման այդ էր եւ` հականեխիչի անբաւարարութիւնը շուկայէն ներս: Ես այդքան ալ չէի ձանձրանար, դիմատետրը, արուեստը ( գեղանկարչութիւնն ու դաշնակի փորձերս) եւ հաշուապահական դասերս կը զբաղէցնէին զիս:
Յարութեան տօնը մօտեցաւ, շատոնց Գանատա հաստատուած բարեկամուհիներէս մէկը հեռաձայնային մեր խօսակցութեան ընթացքին յուզիչ ձայնով մը ըսաւ.
– Այսպիսի Զատիկ չեմ տօնած, ո’չ մայրս, ո’չ զաւակներս եւ ո’չ ալ թոռնիկներս մեզի պիտի գան: Որքա՜ն կարօտցած եմ բոլորին, միայն առցանց կը տեսնեմ իրենց, նորածին թոռնիկս տակաւին չեմ գրկած, չեմ համբուրած, ալ կը բաւէ չեմ դիմանար կարօտին: Որո՞ւ համար հաւկիթ ներկեմ, որո՞ւ համար կարկանդակ պատրաստեմ, տունը զարդարեմ…:
Ձայնը խեղդուեցաւ ալ չկրցաւ շարունակել խօսքը: Գիտեմ, կը հասկնամ ըսածդ ըսելու պէս ժպիտ մը գծագրուեցաւ դէմքիս վրայ, երկա՜ր շունչ մը քաշելէ ետք հանդարտ ձայնով ըսի.
– Մի նեղուիր, մի յուսահատիր, գալ տարի կը տօնէք: Մենք` սուրիահայերս, պատմութեան էջերը անձամբ ապրեցանք` պատերազմ, գաղթ, համաճարակ, բայց եթէ մտաբերենք որ այդ էջերը միայն դժուար օրերու պատմութիւնը չեն ներկայացնէր այլ նաեւ` խաղաղութեան, երջանկութեան եւ բարի մարդոց ստեղծագործութիւններով, հերոսներու քաջագործութիւններով եւ Աստուածային հրաշքներով փրկուած ու գունաւորուած մարդկային կեանքն ու երկիրը, այն ատեն մեզի կը մնայ յոյսով ու համբերութեամբ ապրիլ սպասելով պատմութեան դրական էջերը վերապրելու հերթին:
Հեռախօսը գոցելէս ետք, զգացի, որ որքան ալ ես ինծի քաջ եւ վարժուած կը կարծէի կարօտին եւ ներկայ կացութեան, իրականութիւնը այդպէս չէր…: Մեզ տանջող ցաւը դարձած էր համամարդկային, երբ պատերազմի աղէտի մէջ էինք, ամբողջ աշխարհի հայութիւնն ու Հայաստանը նեցուկ կանգնեցան սուրիահայութեան, բայց հիմա այս տագնապը համաշխարհային է, ով որու պիտի կարենայ օգնել ու տէր դառնալ, յառաջացած երկիրներ որոշ ժամանակ մը կարելիութիւն ունին իրենց ժողովուրդին օգնելու, բայց տարիներէ ի վեր պատերազմ ու սով ապրող պետութիւնները, որոնք կը գոյատեւէին դուրսէն եկած օգնութիւններով ինչպէ՞ս պիտի օժանդակեն իրենց ժողովուրդին:
Վերանորոգուած ցաւով ես ինծի սկսայ խօսիլ ու ըսի. «ՔՈՐՈՆԱ, չկարծես որ քու պատճառովդ նոր հասկցայ սիրած անձերս գրկելու եւ կարօտս առնելու զրկանքին իմաստը: Ո՜Չ քորոնա, ես արդէն ութ տարի է գիտեմ, ապրած եմ, հարազատներուս հետ առցանց ապրելու վարժուած եմ, տառապած եմ, ուրախ եւ դժուար օրերը ապրած եմ իմ փոքր ընտանիքիս հետ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով․․․: Բայց հիմա դուն այդ զգացումը դարձուցիր համաշխարհային, համամարդկային տագնապ, հարազատներն ու ընկերները խզեցիր, ու նոր գաղթօճախիս մէջ իմ նոր կազմած հարազատներուս շրջանակը ինձմէ հեռացուցիր անժամկէտ ու անյայտ դադարով: Միայն թէ չխզես ինձմէ այն ինչ որ կը լուսաւորէ միտքս ու հոգիս․․․: Ես վարժ եմ այս կեանքին․․․ Ու գիտեմ որ մարդիկ նոր միջոցներ կրնան ստեղծել իրարու հետ ապրելու համար, նոյնիսկ քու ներկայութեամբ:
Օդը տաք էր, տրամադրութիւնս բարձրացնելու համար պատշգամ ելլայ, բայց ինչ ընեմ պատշգամը. մեր տունը շէնքին ետեւի կողմի 3-րդ յարկն է, ինքնաշարժներու եւ աղբամաններու կողմը: Մեր՝ Թորոնթօ փոխդրուած շրջանին ուրիշ յարմար վարձու տուն չգտանք: Այս շէնքին մէջ բաւական հալէպահայեր կային, որոնց ներկայութիւնը մեզի ապահովութիւն եւ հանգստութիւն կը ներշնչէր եւ սկիզբի շրջանին համար այդ մէկը կարեւոր էր: Հեռաձայնեցի 8-րդ յարկի դրացուհիիս Ռոզալինին, որուն հետ մեր մտերմութիւնը գրեթէ ընտանեկան մտերմութեան մակարդակին հասած էր եւ նոյնիսկ ժահրի ներկայութիւնը մեզ չբաժնեց իրարմէ, ըսի․ «Քիչ մը անտրամադիր եմ, կ’ուզեմ ձեր պատշգամը սուրճ խմել»:
Բարձրացայ վեր, իրենց պատշգամի այնքան գեղեցիկ տեսարանը տրամադրութիւնս չկրցաւ փոխել, որովհետեւ վերէն տեսարանը անկենդան էր, շարժում չկար, կեանք չկար, պատէն կախուած նկարի կը նմանէր: Առաջին անգամ ըլլալով ուրախացայ որ մեր պատշգամը այդքան բարձր չէր, բայց զգացումս դրացուհիիս չյայտնեցի ․․․: Բաւական զրուցելէ ու խնդալէ ետք, շնորհակալութիւն յայտնեցի ու իջայ տուն: Սուրճ եփեցի, աթոռ մը պատշգամը տեղաւորեցի ու սուրճի գաւաթիս հետ նստեցայ մեր գեղեցիկ ու կեանքով լեցուն պատշգամը: Եռուզեռ կար վարը, հինգ վայրկեանը անգամ մը ինքնաշարժ մը կու գար, տարբեր ցեղերու պատկանող դրացիները տոպրակներով շէնք կը մտնէին, հեռուէն իրարու հետ կը խօսէին, զանազան երկիրներէ գաղթած հայեր նոյն նիւթի շուրջ կը զրուցէին, ծանօթները վեր նայելով կը բարեւէին ինծի ու որպիսութիւնս կը հարցնէին (այսպէս կը զբաղէին Հալէպի տարեցները, որոնց ժամանակ ո՜չ համացանց կար եւ ոչ ալ հեռախօս): Աղբամաններուն կողմը բաւական հին առարկաներ, պարապ տուփեր ու տեսակաւոր աղբեր իրարմէ անջատ անջատ տեղեր կը թափէին, պաշտօնեայ մարդիկ իրենց առօրեայ վազքին պատճառով, տարիներէ ի վեր տունը դասաւորելու առիթը չէին ունեցած:
Ուրախ էի մարդոցմով, կեանք կար վարը, հեռախօսիս եւ համակարգչիս դիմաց տեսակաւոր դէմքերով, բնաւորութիւններով, խելքերով, բայց շօշափելիօրէն նոյն թուայնական DIGITAL սարքէն ձանցձրացած էի այլեւս:
Սուրճս խմելէ ետք ներս մտայ, Կուկլին մէջ փոքր պատշգամները ձեւաւորելու ու զարդարելու նկարներ փնտռեցի ու որոշեցի պատշգամս նուազագոյն ծախսով գեղեցկացնել, որովհետեւ Քորոնայէն ետք սկսած էի սիրել մեր սահմանափակ տեսարանով, բայց մարդոցմով հրապուրող ու կենդանացող մեր երրորդ յարկի պատշգամը:
*Բէկի Աւընեանի այս գրութիւնը արժանացած է Կիւլպէնկեան Հաստատութեան «Խօսք Առ» ծրագրի մրցանակին: