Թարգմանեց՝ Լոռի Պէրպէրեան
Ծնողները բաւական ծանրաբեռնուած են վերջերս: Անոնք թէ՛ իրենց նեղութիւնները կը կառավարեն եւ թէ՛ զաւակներուն օգնել կը փորձեն` դիմադրելու «քորոնա» ժահրին բերած խնդիրներու ճնշումին:
Բարեբախտաբար, ժահրին բերած բոլոր դժուարութիւները թեթեւցնող եւ օգնելու միտումով ձեռք մեկնող Հայկական Ամերիկեան Հոգեկան Առողջութեան Կազմակերպութիւնը (ՀԱՄԱԿ-Armenian American Mental Health Association) եւ անոր անդամ, մանուկներու հոգեբոյժ, մասնագէտ Լուիս Մ․ Նաճարեան (Louis M. Najarian, MD) կը հասնին խուճապի մատնուող ծնողքին ու անոնց զաւակներուն օգնութեան:
Մասնագէտ Նաճարեան կը յայտնէ, թէ` «Երեխաները, մանաւանդ չափահասները, տեղեակ են ժահրին եւ անոր պատճառող հնարաւոր վնասին մասին: Իրենց համար տնտեսական ճնշումը, դպրոց չյաճախելը, առաւել եւս ընտանիքի բոլոր անդամներուն հետ տունը մնալը շատ ճնշիչ է: Այս պարագային կարեւոր է անոնց յիշեցնել, որ ցարդ ԺԱՀՐԻՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ Ո՛Չ ՄԷԿ ԵՐԵԽԱՅ ՄԱՀԱՑԱԾ Է»:
Բժիշկ Նաճարեան այս օգտակար պատկերը ցոյց կու տայ պզտիկներուն:
Ան կը շեշտէ, որ այս պատկերը օգտակար է այն առումով, որ պզտիկներուն ստիպել կու տայ կեդրոնանալու հետեւեալ իրականութեանց վրայ: Անոր նայելով անոնք կը նկատեն, որ միայն իրենց զբաղումները փոխուած են, իսկ այս պարագային ի՞նչերն են, որոնք չեն փոխուած: Չեն փոխուած մեր ծնողները, ընտանիքը, տունը, ընկերները, մեծ հայրը, մեծ մայրը, շունը, դրամը, ուտելիքը, շրջակայքը…: Պզտիկները տակաւին շատ աւելին կրնան նշել, որովհետեւ անոնց ստեղծագործական կարողութիւնը հիանալի է:
Պզտիկներն ու պատանիները, ընդհանրապէս կ’արտացոլեն իրենց շրջապատող չափահասներուն վարուելակերպը: Ծնողներն ու խնամակալները լաւագոյն ձեւով օգնած կ’ըլլան իրենց զաւակներուն, երբ անոնք հանդարտութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ առնչուին COVID-19-ի պատճառած մտահոգութիւններուն հետ:
Մասնագէտը ծնողներուն կը թելադրէ հետեւեալ քայլերուն դիմելով խաղաղ պայմաններ ստեղծել իրենց զաւակներուն: Ան կ’ըսէ.
- Կառավարեցէք ձեր վրայ ազդող ճնշումը` սննդարար ճաշեր ուտելով, օրական դրութեամբ մարզանք ընելով, բաւարար քնանալով, խմիչքէն եւ թմրեցուցիչներէն խուսափելով:
- Ձեր զաւակին տեղեակ պահեցէք, որ ձեր կարելին կ’ընէք ընտանիքը ապահով պահելու համար:
- Պատահող դէպքերուն մասին խօսեցէք ձեր զաւակին հետ պարզ ոճով ու լաւատեսութեամբ:
- Առիթ տուէք ձեր զաւակին իր մտահոգութիւնը արտայայտելու եւ պատասխանեցէք անոր հարցումներուն (նկատի առնելով անոր տարիքը):
- Ձեր զաւակին տուէք ինքնակառավարման զգացում (ձեռքերը լուալու ճիշդ ձեւը, երեսին չդպչելու պարագան, եւայլն):
- Պզտիկները տարբեր ձեւերով կ’արտայայտուին` արտասովոր պարագաներու ժամանակ, ուստի կեդրոնացէք ձեր զաւակին յատուկ պէտքերուն վրայ եւ լաւատեսութիւն ու հանգստութիւն ներշնչեցէք անոր:
Բոլոր մանուկներն ու պատանիները միեւնոյն ձեւով չէ, որ կը վարուին դժուարութիւններու եւ ճնշումներու ժամանակ: Ուստի հետեւեալ քանի մը փոփոխութիւններուն կրնաք հանդիպիլ`
– Փոքր երեխաներու պարագային չափազանց լաց:
– Հին սովորութիւններու եւ վարքի վերադարձ (լուացարանի կամ անկողինի արկածներ-միզել):
– Չափազանց մտահոգութիւն կամ տխրութիւն:
– Ճաշելու ու քնանալու ո՛չ առողջապահական սովորութիւններ:
– Պատանիներու պարագային` անհամբերութիւն եւ բարկութիւն:
– Դպրոցական պարտականութիւններու մէջ թերացում կամ դպրոցի անտեսում:
– Ուշադրութեան եւ կեդրոնացման դժուարաութիւն:
– Նախապէս սիրուած զբաղումներէ հեռացում:
– Անբացատրելի գլխացաւեր եւ մարմնի ցաւեր:
– Խմիչքի եւ ծխախոտի կամ այլ թմրեցուցիչի գործածութիւն:
Հետեւեալ քայլերուն հետեւելով օգնութեան ձեռք մեկնեցէք ձեր զաւակներուն`
– Ժամանակ տրամատրեցէք ձեր զաւակին հետ խօսելու COVID-19֊ի մասին: Պատասխանեցէք անոր հարցումներուն եւ հասկնալի ձեւով մը փաստեր ներկայացուցէք այդ ժահրին մասին:
– Ձեր զաւակին վստահեցուցէք, որ ան ապահով կացութեան մէջ է: Անոր տեղեակ պահեցէք, որ կը հասկնաք անոր մտահոգութեան պատճառը: Յաճախ հանդարտ վարուեցէք, որպէսզի ան ձեզմէ օրինակ առնէ ու խուճապի չմատնուի:
– Ձեր զաւակներուն բացատրեցէք ժահրին մասին հրապարակուած լուրերուն բովանդակութիւնը, որովհետեւ պզտիկները կրնան սխալ մեկնաբանել իրենց լսած տեղեկութիւնները եւ անոր արդիւնքով լսած, բայց չհասկցած նիւթէն վախնալ:
– Փորձեցէք հետեւիլ ամէնօրեայ վարժութիւններու: Ստեղծեցէք ուսուցողական եւ հաճելի զբաղումներու յայտագիր մը:
– Ձեր զաւակներուն համար օրինակելի եւ տիպար կերպար եղէք, այսինքն` բաւարար չափով քնացէք, մարզանք ըրէք եւ օգտակար ուտեստեղէն կերէք: Հեռաձայնով կապուեցէք ձեր բարեկամներուն եւ ազգականներուն հետ…
Ուշադրութիւն դարձուցէք հետեւեալ անհանգստութեան նշաններուն.-
- Թմրութեան, անորոշութեան, անձկութեան կամ վախի զգացումներուն,
- Ուտելու, ախորժակի կամ զբաղումներու ծրագրի մէջ խանգարումներու, աշխուժութեան անհետացման,
- Կեդրոնանալու դժուարութեան,
- Քնանալու դժուարութեան կամ մղձաւանջներու, տխուր մտածումներու կամ երեւոյթներու առկայութեան,
- Գլխացաւերու, մարմնի ցաւերու, մարսողական խնդիրներու եւ մորթի վրայ յայտնուող վէրքերու,
- Առողջապահական խնդիրներու վատթարացման,
- Ջղայնութեան կամ դիւրաբորբոք ընթացքին,
- Ոգելից ըմպելիքի յաճախակի գործածութեան կամ թմրեցուցիչի օգտագործման: