Յիշատակ մը՝ Մեղրիկ Սրբազանի Ծառայողական Ոգիէն


Ս․ ­Ճապ­րաեան

Մեղ­րիկ Սրբա­զան դուք օժ­տո­ւած էիք շատ տա­ղանդ­նե­րով եւ Աս­տո­ւա­ծա­յին շնորհ­նե­րով։ Ձեր յաղ­թանդ­ամ մարմ­նով եւ ձեր թաւ ձայ­նով կը հրա­պու­րո­ւէիք ժո­ղո­վուր­դը։

Անձ­նա­զոհ սրբա­զա­նը միշտ կա­մա­կա­տար էր ո­րե­ւէ խնդրան­քի։ Կ’ու­զեմ յի­շել իր կա­տա­րա­ծը ի դէմ խնդրան­քիս: Գա­նա­տա­յի մէջ, տա­րին ան­գամ մը կը տօ­նեն Գո­հա­բա­­նա­կան Օրը։ Տո­ւեալ տա­րին, երբ կը նշէինք Գո­հա­բա­նա­կան Օ­րը, մթնո­լոր­տը շատ ու­րախ եւ ճոխ էր․ ան­շուշտ Հայր Մեղ­րիկն էր, որ կը ստեղ­ծէր այդ բո­լո­րը։

Ես փոք­րուց իմ մօր­մէս լսած եմ «Կի­լի­կիա, Կի­լի­կա» եր­գը։ Ասի մեր գիտ­ցած «Երբ որ բա­ցո­ւին դռներն լու­սոյ» եր­գը չէ։ Նկա­տե­ցի, թէ Հայր Մեղ­րի­կը շատ ու­րախ տրա­մադ­րու­թեան մէջ է, մօ­տե­ցայ եւ խնդրե­ցի, որ եր­գէ «Կի­լի­կիա, Կի­լի­կիա» եր­գը։ Նա­խա­պէս իր­մէ լսած էի զայնէ Տոհ­միկ օ­րո­ւայ առ­թիւ։ Հայր Մեղ­րիկ ինծի պա­տաս­խա­նեց․ «Մօրդ յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը ես կատարած եմ, իսկ այ­սօր Գո­հա­բա­­նա­կան Օր է, հետեւաբար՝ կ’ուզեմ մօրդ յիշատակը յարգել: Ան­մի­ջա­պէս ան­ցաւ դաշ­նա­մու­րին առջեւ, թէ նուա­գեց եւ թէ եր­գեց այդ գե­ղե­ցիկ եր­գը։ Մինչ օրս իր թաւ ձայ­նը ա­կանջ­նե­րուս մէջ կը հնչէ։ Սրբա­զա՛ն Հայր, ասիկա պիտի չմոռնամ եւ ձեզ պի­տի չմոռ­նանք։ Հո­ղը թե­թեւ գայ վրադ»