ՆԻՒ ԵՈՐՔ․ – Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Սեպտեմբեր 19ին, ՄԱԿի կեդրոնատեղիին մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 72րդ նստաշրջանին եւ արտասանեց Հայաստանի պաշտօնական խօսքը, որուն մէջ յատկապէս անդրադարձաւ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն՝ ըսելով.
«Մենք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը երբեք նախապայման չենք դարձուցած Հայաստանի եւ Թուրքիոյ երկկողմ յարաբերութիւնները կանոնակարգելու համար: Աւելի՛ն, Հայաստանի նախաձեռնած գործընթացին շնորհիւ՝ 2009 Հոկտեմբերին կնքուեցան Ցիւրիխեան արձանագրութիւնները:
«Այդ փաստաթուղթերը առ այսօր չեն վաւերացուած եւ հանգրուանած են պաշտօնական Անգարայի մութ դարակներուն մէջ: Թուրքիոյ կառավարութիւնը անհեթեթ նախապայմաններ կը ներկայացնէ զանոնք վաւերացնելու համար, որոնք բնաւ չեն բխիր արձանագրութիւններու տառէն եւ ոգիէն: Այդ ամէնուն հանդէպ հայ ժողովուրդին յստակ վերաբերմունքը ես արտայայտեցի երեք տարի առաջ` այս բարձր ամպիոնէն:
«Այժմ եկած է լրացուցիչ պարզաբանում տալու ժամանակը: Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը կը սխալի, եթէ կը մտածէ, որ ինք կրնայ առյաւէտ պատանդ վերցնել այդ փաստաթուղթերը եւ վաւերացնել միայն իրեն յարմար առիթով: Արձանագրութիւնները բանակցուած են ներկայիս պայմաններուն մէջ` առկայ խնդիրներուն լուծում գտնելու համար:
«Անոնց կենսագործման ուղղութեամբ շարունակաբար որեւէ դրական տեղաշարժի բացակայութեան պայմաններու մէջ Հայաստան այդ երկու արձանագրութիւնները պիտի յայտարարէ առ ոչինչ: Մենք 2018ի գարուն պիտի մտնենք առանց ատոր, ինչպէս, ցաւօք սրտի, փորձը ցոյց տուաւ, սին արձանագրութիւններու:
«Հայաստանը, այնուամենայնիւ, կը շարունակէ համոզուած ըլլալ, որ իւրաքանչիւր երկու հարեւան պետութիւններ պարտաւոր են հիմնելու եւ վայելելու կանոնաւոր յարաբերութիւններ` իրենց միջեւ հնարաւոր բոլոր տարաձայնութիւնները քննարկելու եւ անոնց լուծումները գտնելու նպատակով», դիտել տուաւ հանրապետութեան նախագահը:
Ան իր խօսքին մէջ նաեւ անդրադարձաւ արցախեան տագնապին լուծման, ազրպէյճանական ռազմատենչ եւ հայատեաց քաղաքականութեան` վերահաստատելով հայկական կողմին այն մօտեցումը, թէ տագնապին լուծումը պէտք է ըլլայ խաղաղ միջոցով:
Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն` ան շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց այն բոլոր երկիրներուն, որոնք ճանչցած են աւելի քան դար մը առաջ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը: