Սիմոն Մարտիրոսեան` Աշխարհի Կրկնակի Ախոյեան


“Armradio”,- Թայլանտի մէջ տեղի ունեցող ծանրամարտի աշխարհի ախոյեանութեան 109 քկ․ դասակարգին մէջ Սիմոն Մարտիրոսեան երկամարտի արդիւնքներով նուաճեց ոսկէ մետալ եւ հռչակուեցաւ աշխարհի կրկնակի ախոյեան:

Հայ մարզիկը պոկում վարժութեան մէջ բարձրացուց բոլոր երեք մօտեցումները. նախ 190 քկ․, ապա 195 քկ․ եւ վերջաւորութեան 199 քկ․ ծանրաձողը, Սիմոնը սահմանեց աշխարհի մրցանիշ եւ նուաճեց փոքր ոսկէ մետալ:

Հրում վարժութեան մէջ նոյնպէս Հայաստանի ներկայացուցիչը յաջողութեամբ բարձրացուց 230 քկ․ եւ ունենալով երկու մօտեցում` հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան:

Յաջորդ ծանրութիւնը 241 քկ․ն էր, որ պիտի ապահովէր երկամարտի եւ հրման աշխարհի մրցանիշի թարմացում: Ցաւօք, երկրորդ մօտեցումին ան չկարողացաւ: Իսկ երրորդ մօտեցումէն Սիմոնը հրաժարուեցաւ, քանի որ արդէն իսկ ապահոված էր ոսկէ մետալը:

Սիմոն Մարտիրոսեան Ռիօ տէ Ժէնէրոյի 2016 թուականի 31-րդ ամառնային Ոլիմպիական խաղերու փոխախոյեան է: 2017, 2019 թուականներու Եւրոպայի, 2018 թուականի աշխարհի ախոյեանութեան ոսկէ մետալակիր: