«Տուն Օրհներք»ի արարողութիւնը՝ ձեռամբ Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ Միքայէլեանի
Թորոնթոյի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, Քրիստոսի Ս․ Յարութեան տօնին առիթով, կազմակերպեց ճաշկերոյթ մը, Ապրիլ 17-ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս:
Երկու տարուան բացակայութենէ ետք, զգալի էր, որ մեր ժողովուրդը իսկապէս կարօտցած է մտերմիկ այդ մթնոլորտը, երբ եկեղեցւոյս մեծ ընտանիքի բոլոր անդամները նոյն յարկին տակ պիտի հաւաքուէին: Հայ Կեդրոնի խոշորագոյն սրահը պահ մը փոքր ու նեղ թուաց ըլլալ՝ ընդունելու և պարփակելու աւելի քան 400 հայորդիներու ներկայութիւնը:
Ճաշկերոյթին բացումը կատարուեցաւ «Այսօր Յարեաւ» Ս. Յարութեան հիասքանչ շարականով, բարձր կատարողութեամբ եկեղեցւոյս տաղանդաւոր սարկաւագաց դասին: Անմիջապէս անոր յաջորդեց, ըստ մեր աւանդութեան, «Տուն Օրհներք»ի արարողութիւնը, զոր կատարեց Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ Միքայէլեան և իւրաքանչիւր ներկայ ընտանիք ստացաւ օրհնուած նշխարն ու աղը:
Օրուան հանդիսավարը՝ Բժիշկ Գրիգոր Պէպէճեան, բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ յայտնելէ ետք ներկաներուն, շնորհաւորեց բոլորը Քրիստոսի Յարութեան յաղթական տօնին առիթով և մաղթեց որ միասնաբար անցնեն հաճելի երեկոյ մը:
Փունջ մը հոգեպարար շարականներով ելոյթ ունեցան եկեղեցւոյս «Զարէհ Ազնաւուրեան» դպրաց դասի երիտասարդ անդամները, խմբավարութեամբ՝ Անուշ Գալստեանի:
Անմիջապէս անոր յաջորդեց «Մեղրիկ Բարիքեան» կրտսերաց դպրաց դասի տպաւորիչ ելոյթը, խմբավարութեամբ՝ Հիլտա Գանտահարեանի: Ելոյթ ունեցան նաեւ կրտսերաց դպրաց դասի անդամներ, քոյր և եղբայր Տեսիլ և Կարօտ Բելթէքեաններ՝ ներկայացնելով «Հարազատ Հոգի» երգը:
Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Յարութ Գասապեան շնորհաւորեց բոլորին Զատկուան Տօնին կապակցութեամբ և բարի վայելում մաղթեց ներկաներուն: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր յանձնախումբերու անդամներուն, կամաւորներուն և առատաձեռն բարերարներուն, որոնց անխոնջ նուիրումին շնորհիւ կարելի եղաւ յաջողցնել ճաշկերոյթի այս շքեղ ձեռնարկը:
Պաշտօնական բաժնի վերջաւորութեան, հոգեւոր հովիւի յաւուր պատշաճի խօսքը փոխանցեց Տ. Վարդան Ծ.Վրդ. Թաշճեան և կատարեց ճաշի ու սեղանի օրհնութիւնն ու աղօթքը:
Խորհրդաւոր ու տպաւորիչ պաշտօնական բաժինի աւարտին, օրուան հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց «Կիլիկիա» երաժշտական խումբի անդամները՝ Յովիկ Կարապետեանը (Guitar), Վրէժ Ղազարեանը (Piano & keyboard) և Գէորգ Մանուկեանը (փողային գործիքներ՝ սաքսոֆոն, գլարնեթ, շուի, զուռնայ…), որոնք, իրենց երաժշտութեամբ ու եղանակներով ու նուագելու անզուգական հմտութիւններով, բոլոր ներկաները առաջնորդեցին դէպի ցնծութեան և հրճուանքի երանելի բարձունքներ: «Կիլիկիա» խումբը ներկայացուց հայկական երաժշտութիւնը զանազան արդի ոճերու մէջ և անգամ մը եւս մեզի ապացուցեց, թէ որքան հարուստ ու ճոխ է մեր ազգային երաժշտութիւնը:
Բայց պէտք է իսկապէս խոստովանիլ, թէ Զատկուան Ճաշկերոյթի անսպասելի ու ոգեւորիչ անակնկալը հանդիսացան «Սփիւռքի Ձայն» խումբի երգիչներու քառեակը: Խումբ մը տղաք, որոնք աշխարհի տարբեր ափերու մէջ ծնած և ապա Թորոնթոյի Համազգային միութեան մէջ իրարու ծանոթացած, կրցան իրենց տաղանդով ու հայ երգի բարձրորակ ու սքանչելի կատարումներով, անվարան շահիլ բոլոր ներկաներուն համակրանքն ու հիացմունքը: «Սփիւռքի Զայն»ի անդամներն էին՝ Սեւակ Հարությունյան, Թորոս Մայդոսյան, Լեւոն Կարագյուլյան և Նվեր Ղազարյան:
Հարկ է այստեղ նշել, որ գեղեցիկ երաժշտութեան կողքին, ներկաները վայելեցին նաեւ զանազան հայկական և միջազգային համեղ ուտեստեղէններ և անուշեղէններ: Այս ամէնը սրահէն ներս ստեղծեցին խանդավառ ու իւրայատուկ ուրախ տրամադրութիւն:
Մէկ խօսքով, կրնանք ըսել, որ Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքով կրցանք Ս․ Զատկուան Տօնին առթիւ միասնաբար անցնել հաճելի և յիշատակելի երեկոյ մը:
Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց, Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի:
Ճաշկերոյթէն պատկերներ








