Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ Ամեակի Ոգեկոչում Եւ Ընկերային Հաւաք` Ս․ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Մէջ


Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ վարժարանի 8, 9 եւ 10-րդ դասարաններու աշակերտութիւնը Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ։

Ապրիլ 23-ին, Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ վարժարանի 8, 9 եւ 10-րդ դասարաններու աշակերտութիւնը նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցը Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ։

Ոգեկոչման հանդիսութեան ներկայ էին Տ․ Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան՝ Գանատահայոց փոխառաջնորդ եւ հոգեւոր հովիւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ, Արթուր Սարկաւագ Վարդանյան, դպրոցի տնօրէնութիւնը, խորհուրդի անդամներ, ուսուցիչներ եւ ծնողներ։

Նախքան հանդիսութեան սկսիլը աշակերտները երգեցին զոյգ քայլերգները, դպրոցի հիմնը եւ արտասանեցին Պարոյր Սեւակի «Քիչ Ենք, Բայց Հայ Ենք» բանաստեղծութենէն համար մը, այնպէս ինչպէս սովորութիւն էր ընել իւրաքանչիւր Շաբաթ օր դպրոցէն ներս։ Անոնք ուշադրութեամբ ունկնդրեցին փոխտնօրէն Արա Տէր Յարութիւնեանի ոգեշնչող բացման խօսքը եւ մասնակից դարձան դպրոցի առաւօտեան արարողութեան մաս կազմող յատկանշական «Բարի լոյս»ի մաղթանքին։ Գործակից տնօրէն Պէթթի Փանոսեան իր խօսքին մ՝էջ շեշտեց՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը յարատեւ յիշելու եւ նոր սերունդի պահանջատէր ըլլալու անհրաժեշտութիւնը, մինչեւ արդար հատուցում եւ պապենական հողերու վերատիրացում։

Յաջորդաբար աշակերտները ներկայացուցին պատրաստած իրենց յայտագիրը, որ կ՛ընդգրկէր սրտի խօսքեր, պահանջատէր ըլլալու խոստումներ, ասմունք, պաստառներու ներկայացում եւ շեփորով նուագակցութիւն։

Տէր Զարեհ Աւագ Քահանայ Զարգարեան խօսք առնելով, նշեց մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու սրբադասուած ըլլալու իրողութիւնը, հաստատելով որ նոր սերունդը ո՛չ միայն հայ ժողովուրդի շառաւիղն է, այլ նաեւ՝ սրբադասուած ժողովուրդի մը, որուն իրաւունքները մինչ օրս կը մնան չհատուցուած եւ որուն արդարութեան համար իւրաքանչիւր աշակերտ պարտի գիտակից մօտեցումով ջանք թափել՝ դառնալու համար Հայ Մարդ եւ իր նպաստը բերելու մեր հայրենիքի բարօրութեան։ Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ երաժշտական ղեկավար Արթուր Սարկաւագ Վարդանյանի ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուցած բացատրութեան, որ կը բովանդակէր Ս. Խորանի եւ անոր վրայ տեղադրուած սպասներու ծանօթացումն ու գործածութիւնը։ Աշակերտութեան համար նոր եւ օգտաշատ տեղեկութիւններ էին փոխանցուածները։ Ապա, «Տէր Ողորմեա»ի նուագակցութեան ներքոյ, իւրաքանչիւր աշակերտ Ս. Խորանին դիմաց տեղադրուած սրբադասուած նահատակներու պատկերին մօտենալով զետեղեց մեխակ մը։  

Յաջորդ բաժինը ընկերային հաւաքն էր, որ տեղի ունեցաւ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ։ «Արարատ» ճամբարի պատասխանատուներու եւ կամաւորներու փորձառու ղեկավարութեամբ, աշակերտները անցուցին շատ հաճելի ժամանակ, մասնակցելով զանազան խաղերու եւ առիթ ունենալով դէմ առ դէմ հանդիպելու իրենց ուսուցիչներուն եւ դասընկերներուն հետ։ Յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկում, կազմակերպուած՝ դպրոցի խորհուրդի կողմէ, որուն միացան կամաւոր ծնողներ եւս։

Համաճարակի պատճառով երկու տարիներէ ի վեր առցանց կատարուած դասաւանդութիւններու ընթացքին աշակերտութիւնը առիթ չէր ունեցած դէմ առ դէմ հանդիպելու իրենց ուսուցիչներուն եւ ընկերներուն հետ։ Հետեւաբար կազմակերպուած առաջին այս հանդիպումը խրախուսիչ էր եւ ոգեշնչող, յատկապէս աշակերտութեան համար։

Ոգեկոչման հանդիսութենէն պատկերներ

cof