Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին առիթով, Օգոստոս 12ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Կիրիկնամտիցի եւ Նախատօնակի աւարտին, ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, մասնակցութեամբ Հայր Արտակ Վրդ. Արապեանի, Տ. Նարեկ Քհնյ. Զերենցանի եւ Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեանի, ներկայութեամբ ուխտաւոր հաւատացեալներուն տեղի ունեցաւ երկու սրբապատկերներու օծում:
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչելութիւնը եւ հրաշափառ Յարութիւնը խորհրդանշող պատկերները գործն են արուեստագէտ Հրազդան Թոքմաճեանի: Սրբապատկերները ընծայուեցան ի յիշատակ Յակոբեան եւ Սարգիսեան ընտանիքներուն: