Երկու տարի առաջ Գանատա հասանք եւ Թորոնթօ հաստատուեցանք։ Առաջին ամիսները քիչ մը դժուար էր նոր կեանքի ընտելանալս, սակայն լաւատեսութեամբ յաղթաhարեցի այդ դժուարութիւնը, մերուեցայ մարդոց հետ, ուսանեցայ եւ աշխատանք գտայ։ Աշխատասիրութիւնը շատ կարեւոր էր այս պարագային, սակայն քիչ մըն ալ պէտք է, որ բախտդ երեսիդ ժպտայ․ ճիշդ այդպէս ալ եղաւ` բախտիս շրթունքին երկու ծայրերը կախարդական թելերով կապուած էին ճակատագրիս մատներուն, որոնք թելերը դէպի վեր քաշելով արեւոտ օրեր խոստացան ինծի։
Կը հաւատամ արաբերէն այն առածին, որ կ’ըսէ․ «Աշխարհին խնդա՛, աշխարհն ալ երեսիդ կը խնդայ»։ Որքան ալ տխուր ըլլամ, նոյնիսկ սիրտս արիւնի` խնդուքս եւ շրջապատս երջանիկ պահելու մարմաջս տեսնողը` «ի՜նչ կենսուրախ անձ մըն է» ըսելով, թերեւս, կը խաբուի ու ներսս այրող կրակը չի նշմարեր։
Լաւ ու վատ օրերը բոլորիս համար են անշուշտ, սակայն որո՞ւ միտքէն կ’անցնէր, որ «քորոնա» կոչուով անողոք համավարակ մը աշխարհը տակնուվրայ պիտի ընէր, ներխուժէր առողջութեան դռներէն ու ոտնակոխ ընէր մեր կեանքի դաշտին կանաչ խոտերը կամ արմատախիլ ընէր անոր հաստաբուն ծառերը։
Աշխարհը տխուր է, այո՛։ Դժբախտաբար, մէկ տարիէ ի վեր համավարակը հազարաւոր կեանքեր խլեց ու տակաւին կը խլէ: Անգործութիւնը գլուխը առած կ’երթայ եւ մարդոց անդորրը կորսուած է, սակայն նախորդներուն նման՝ այս համավարակին պատուաստն ալ գտնուեցաւ ու եթէ վաղը չէ, գոնէ միւս օր, կը պաշտպանուիք անոր անողորմ ճիրաններէն։ Իսկ ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս կրնանք ապահովել մեր ազգին դժբախտութիւնը ու սեւ ճակատագիրը վերացնող պատուաստը։
Ինչպէ՞ս կրնանք չորցնել որդեկորոյս մօր արցունքը, իրականացնել գաղթականին տուն դարձի երազանքը, հանգստացնել հօր գիրկին ջերութեանը կարօտ որբին սիրտը, մխիթարել աղօթքի ու շարականի կարօտ վանքերուն սառած պատերը, լռեցնել աշխարհասփիւռ հայութեան լումայով կառուցուած ճանապարհներուն, դպրոցներուն, հիւանդանոցներուն ու մշակութային կեդրոններուն արդարութեան կանչը, մարել` իսկական զաւակներուն սիրով ու կարօտով մխացող մայր հողի սրտին կրակը, մեղմացնել հաշմանդամ զինուորին ցաւերը, ի վերջոյ ինչպէ՞ս կրնանք խաղաղեցնել դրախտին մէջ բնակող եւ հայրենիքի սիրոյն՝ իրենց կեանքը չխնայող նահատակ հերոսներուն հոգիները։
Ժպի՞տ, խնդո՞ւք։ է՜հ, վերջին ամիսներուն դէմքիս վրայի ժպիտը չորցած, իսկ խնդուքը անվերադարձ հեռացած է։ Եռաբլուրի տապանաքարերուն թիւը շատ ծանրացած է ուսերուս, շա՜տ։ Քարտէսին վրայի հայկական տարածքներուն կրճատումէն ետք ճակատագրիս ձեռքի թելերը գետին ինկած ու կոխկրտուած են։ Առաջուանը չեմ ու չեմ ալ կրնար ըլլալ։
Հայու ճակատագրի բաժակին մրուրի դառնութիւնը համտեսելով սկսած եմ աւելի լաւ հասկնալ Թումանեանի` «Ապրէ՛ք երեխեք, բայց մեզ պէս չապրէ՛ք» տողին լիարժէք իմաստը։
Է՜հ, Թումանեանս, ապրեցա՛նք ու ճի՛շդ ձեզի պէս ապրեցանք եւ դժբախտաբար 106 տարիներ անց, պատմութենէն առանց դասեր քաղելու, ջրաղացի թեւերուն դէմ, յամառօրէն, կռիւ կը մղենք։
Արդեօք ե՞րբ պիտի գտնենք մեր իմաստութիւնը վերականգնող դեղը եւ աշխարհի ո՞ր կենսաբեր ծաղիկէն պիտի կրնանք քաղել վիրաւոր հայը կեանքի կոչող ու աչքերուն փայլք պարգեւող պատուաստը։
Եթէ այդպիսի պատուաստ մը պատրաստող կայ, խնդրե՜մ, թող աճապարէ՛, որովհետեւ մեր կոկորդին մէջ սեղմուած ժպիտը առյաւէտ չորնալու ճամբուն վրայ է։