Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան Վախճանեցաւ


«Թորոնթոհայ»,- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը կը յայտնէ միաբանութեան աւագ անդամներէն Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի վախճանումը։

Տասն օր «քորոնա» ժահրին դէմ անդուլ պայքար մղելէն ետք Տ. Մեղրիկ սրբազանը Յունուար 16-ի առաւօտեան վախճանեցաւ։ Ան ծնած է 1968-ին, Պէյրութ։

2020-ի Օգոստոսին  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա․ի պաշտօնագիրով նշանակուած էր  Զարէհեան Դպրեվանքի տեսուչ:

Սրբազանը զանազան պաշտօններ վարած է Կաթողիկոսարանէն ու Դպրեվանքէն ներս. եղած է Դպրեվանքի հսկիչ, դպրապետ եւ լուսարարապետ Մայր Տաճարի, Տեսուչ Թռչնոց Բոյնի եւ խմբավար Շնորհալի երգչախուբմին։ Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ, ան ուսանած է Պոսէյի (Զուիցերիա) աստուածաբանական հիմնարկէն ներս, ինչպէս նաեւ երաժշտական յատուկ դասընթացքներու հետեւած Նիւ Եորքի մէջ։

2002-ին նշանակուած է Թորոնթոյի հոգեւոր հովիւ, իսկ 2014-2016 եղած է Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ։

Երաժշտական բարձր ուսում ստանձնած Տ. Մեղրիկ Սրբազանը  տարբեր առիթներով եւ մեծ յաջողութեամբ դրսեւորած է իր սէրն ու հմտութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ  շարականագիտութեան եւ երաժշտական ոլորտներուն մէջ։

Եղած է ուսուցիչ, խմբավար եւ ձեռնահասօրէն կարողացած է դառնալ իր շրջապատին մէջ սիրուած եւ յարգուած միաբան։

Նշենք, որ այսօր ի լոյս հանգչած Տ. Մեղրիկ Սրբազանին վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուին վաղը ՝ Յունուար 17-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։

Խունկ եւ աղօթք անոր յիշատակին։