Քրիստոսանման Կեանք Մը. Մեղրիկ Սրբազանին Անթառամ Յիշատակին


Մեղիկ Եպս․ Բարիքեան եւ Լենա Պէյլէրեան

Լե­նա Պէյ­լէ­րեան

Թո­ւա­կա­նը 2002. հա­զիւ եր­կու տա­րի էր, որ ստանձ­նած էի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ Կրտսե­րաց Դպրաց Դա­սի ղե­կա­վա­րու­թեան պաշ­տօ­նը` այն օ­րե­րուն հո­գե­ւոր հո­վիւ’ Շա­հէ Ծ. Վրդ. Փա­նո­սեա­նի եւ օ­րո­ւայ հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Ռաֆ­ֆի Տէր Պօղոսեա­նի խնդրան­քով. Շա­բաթ օր մը, երբ ե­կե­ղե­ցի հա­սայ Դպրաց դա­սի փոր­ձի ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­բա­կին մէջ դի­մացս ե­լաւ թեմիս նախ­կին բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ Խա­ժակ Սրբ․ Արք․ Յա­կո­բեա­նը եւ հետս մի քա­նի վար­կեան զրու­ցե­լէ ետք ին­ծի յայտ­նեց, թէ գա­ղու­թը պի­տի օժ­տո­ւի նոր հո­գե­ւոր հո­վի­ւով մը՝ յան­ձինս Մեղ­րիկ Ծ․ Վրդ․ Բա­րի­քեա­նի։ Սրբա­զա­նը մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ ին­ծի տե­ղե­կա­ցուց Հայր Սուր­բին ե­րաժշ­տա­կան գի­տե­լիք­նե­րուն եւ ձիր­քին մա­սին եւ ը­սաւ «Շատ հա­ճոյք պի­տի առ­նես ի­րեն հետ աշ­խա­տե­լով»։

Սրբա­զա­նին հետ հան­դի­պու­մէս կարճ ժա­մա­նակ ետք, շաբ­թուան մէջ օր մըն էր, Հայր Շա­հէն հե­ռա­ձայ­նեց ին­ծի եւ խնդրեց, որ գրա­սե­նեակ իր մօտ եր­թամ ծա­նօ­թա­նա­լու հա­մար քա­ղաքս ժա­մա­նած նոր հո­գե­ւոր Հո­վի­ւին՝ Հայր Մեղ­րի­կին հետ։ Ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մը Հայր Սուր­բին հետ ոտ­քի վրայ շատ կարճ տե­ւեց եւ Հայր Մեղ­րի­կին իմ վրաս ձգած ա­ռա­ջին տպա­ւո­րու­թիւ­նը, իր եր­կար մօ­րու­քով, ե­ղաւ, որ­պէս խիստ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը, սա­կայն կարճ ժա­մա­նակ ետք ար­դէն բա­րե­կա­մա­ցած էինք։

Իմ պաշ­տօնս էր ա­մի­սը 3 ան­գամ փորձ եւ մէկ Կի­րա­կի Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւն Կրտսե­րաց Դպրաց Դա­սին հետ՝ որ­պէս ղե­կա­վար։ Հայր Սուր­բը մօ­տէն կը հե­տաքրք­րո­ւէր մեր կրտսեր­նե­րու աշ­խա­տան­քով, կը քա­ջա­լե­րէր զիս եւ կը խրա­խու­սէր փոք­րե­րը, ո­րոնց այն­քան կը սի­րէր։ Ա­մէն փոր­ձի ան­պայ­ման վեր կու գար ե­կե­ղե­ցի, ա­նուշ խօսք մը ըսե­լու փոք­րե­րուն, եր­բեմն ալ կա­տա­կե­լու եւ գնա­հա­տե­լու ի­րենց Աս­տո­ւա­ծա­հա­ճոյ ծա­ռա­յու­թիւ­նը ե­կե­ղե­ցիին։ Հայր Սուր­բին գրա­սե­նեա­կը միշտ լե­ցուն էր շա­քար-շո­քո­լա­յով եւ փոք­րե­րը շատ կը սի­րէին փոր­ձէն ետք ի­րեն այ­ցե­լել եւ ի­րեն հետ ժա­մա­նակ անց­նել։

Այս­պէս մի քա­նի տա­րի հա­զիւ ան­ցած, 2006-ին, Հայր Մեղ­րի­կը ձեռ­նար­կեց ձայ­նագ­րել տալ փոք­րե­րու Եկ­մա­լեան Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը՝ եր­կու ձայ­նով: Ապա 10 հա­զար օ­րի­նակ հրա­պա­րա­կե­լով ձրիա­բար տա­րա­ծեց աշ­խար­հաս­փիւռ հայ մա­նուկ­նե­րուն ունկնդ­րու­թեան հա­ճոյ­քին հա­մար, որ­պէս­զի ա­նոնց նաեւ հրա­ւի­րէր սի­րե­լու եւ եր­գե­լու Պա­տա­րա­գը։

Ա­մէն աշ­խա­տանք ի­րեն հետ այն­քան դիւ­րին եւ հե­զա­սահ կ­’ըն­թա­նար, կը զար­մա­նա­յի, ո­րով­հետեւ այն­քան սէր եւ հա­ւատք կար իր աշ­խա­տան­քին մէջ։

Հայր Սուր­բը շատ կը սի­րէր Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը ըլ­լայ Եկ­մա­լեան, Կո­մի­տա­սեան կամ Խո­րէ­նեան․ զա­նա­զան ժա­մեր­գու­թիւն­ներ’ Հռիփ­սի­մեանց եւ Գա­յա­նեանց, ա­ռա­ւօ­տեան եւ ե­րե­կո­յեան, Մեծ Պահ­քի Ա­րե­ւա­գա­լի եւ Հսկու­մի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, Ա­ւագ Շաբ­թո­ւան մաս­նա­յա­տուկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թի եւ Ա­ւագ Ուր­բաթ օ­րե­րու հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, Քրիս­տո­սի Թաղ­ման թա­փօ­րը, Տա­ղա­ւար տօ­նե­րու Պա­տա­րագ­նե­րը, Աս­տո­ւա­ծած­նայ ուխ­տի Շաբ­թո­ւայ ա­ղօթ­քի պա­հե­րը, Խա­չի մե­ծա­հան­դէս Ան­դաս­տան Թա­փօ­րը։ Ինք մաս­նա­ւո­րա­բար կը սի­րէր Մեծ Պահ­քի Կի­րա­կի­նե­րու ա­ռա­ւոօտեան ժա­մեր­գու­թիւն­նե­րը ի­րենց զա­նա­զան շա­րա­կան­նե­րով եւ կը հրա­ւի­րէր, որ ժո­ղո­վուր­դը գար ե­կե­ղե­ցի վա­յե­լե­լու եւ ըմ­բոշխ­նե­լու այդ բո­լոր հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը։

Մենք մի քա­նի տի­կին­ներ միշտ կ­’ու­զէինք մաս­նակ­ցիլ այդ յա­տուկ ժա­մեր­գու­թիւն­նե­րուն՝ օրհ­նու­թիւն­ներ տա­նե­լով մեր տու­նե­րը։

Ե­րեք­շաբ­թի օ­րե­րուն, երբ Տա­րեց­նե­րը կը հա­ւա­քո­ւէին ա­կում­բին մէջ, Հայր Սուր­բը կ­’ու­զէր, որ ա­նոնք նախ գան ե­կե­ղե­ցի, ա­ղօթ­քի պահ մը ապ­րին, ա­պա անց­նին ի­րենց հա­ւա­քին․ դժբախ­տա­բար միայն մի քա­նի տա­րեց­ներ կը մաս­նակ­ցէին։ Մենք 8-10 տի­կին­ներ 12 տա­րի­ներ շա­րու­նակ վա­յե­լե­ցինք Ե­րեք­շաբ­թի օ­րո­ւայ այդ ա­ղօթ­քի գե­ղե­ցիկ սո­վո­րու­թիւ­նը, ո­րուն շնոր­հիւ մեր ա­ռօ­րեան ա­ւե­լի հե­զա­սահ եւ խա­ղաղ կ­’ըն­թա­նար։

Այս­պէս Հայր Մեղ­րի­կին հետ իմ աշ­խա­տան­քի ծիրս օր ըստ օ­րէ կ­’ընդ­լայ­նէր եւ ես մեծ հա­ճոյ­քով տա­րի­ներ շա­րու­նակ մաս­նակ­ցու­թիւնս բե­րի՝ ա­մէն ա­ռի­թի, որ Հայր Սուր­բը խնդրէր ա­ջակ­ցու­թիւնս ե­րաժշ­տա­կան գետ­նի վրայ։

Սրբա­զա­նը շատ կը սի­րէր Խո­րէ­նեան “Ա­մէն եւ Ընդ Հոգ­ւոյդ Քում»ը։ Ա­ռի­թով մը, երբ խնդրեց, որ եր­գեմ ը­սի «Կը նե­րես Հայր Սուրբ, բայց նօ­թան հետս չէ»։ Հայր Սուր­բին պա­տաս­խա­նը ե­ղաւ՝ «Ինչ­պէ՞ս կր­նաս պա­տե­րազ­մի դաշտ իջ­նել ա­ռանց զեն­քի»: Այ­նու­հետեւ՝ բո­լոր նօ­թա­ներս ե­կե­ղե­ցին պա­հա­րա­նին մէջ կը պա­հէի, որ­պէս­զի յան­կարծ զինք յու­սա­խաբ չ­ը­նեմ։ Այլ խօս­քով, կ­’ու­զէր, որ միշտ պատ­րաստ եւ կա­տա­րեալ ըլ­լանք, հա­ւատ­քով լե­ցուն՝ ծա­ռա­յե­լու ա­ռանց ընկր­կու­մի։ Ինք կը հա­ւա­տար, որ ա­մէն Պա­տա­րագ կամ ա­րա­րո­ղու­թիւն չա­րին դէմ պա­տե­րազմ էր եւ մենք պէտք էր, որ միշտ յաղ­թա­կան դուրս գա­յինք։

Կը յի­շեմ, տա­րի մը, երբ ե­կե­ղե­ցին եւ ներք­նաս­րա­հը նո­րո­գու­թեան մէջ էին եւ մենք Մեծ Պահ­քի շրջա­նի մէջ էինք, ա­ռա­ւօտ մը Ա­րե­ւա­գա­լի ժա­մեր­գու­թեան հա­մար, երբ ե­կե­ղե­ցի հա­սանք, չէինք գի­տէր, թէ ուր պի­տի կա­տա­րենք ժա­մեր­գու­թիւ­նը: Հայր Սուր­բը մեզ ա­ռաջ­նոր­դեց ներք­նա­յար­կը խո­հա­նո­ցին մուտ­քի փոքր բա­ժի­նը, ուր շա­րած էր ա­թոռ­ներ եւ շար­ժուն եր­գե­հոն մը բե­րած եւ մենք այդ նեղ պայ­ման­նե­րուն մէջ 15-20 հո­գի չզրկո­ւե­ցանք ա­ղօթ­քի այդ պա­հէն։

Ինք բա­ցա­ռիկ հա­ւատ­քով լե­ցուն այն­պի­սի հո­գե­ւո­րա­կան մըն էր, որ եր­բեք չէր խնայեր ոչ մէկ ա­ռիթ բարձ­րաց­նե­լու հա­մար իր ա­ղօթ­քն առ Աս­տո­ւած, ինչ որ մեզ բո­լորս մե­ծա­պէս կը ներշն­չէր։

Սրբա­զա­նը մեծ ու­շադ­րու­թիւն կը դարձ­նէր ե­րի­տա­սարդներուն եւ պա­տա­նիներուն եւ սի­րով կը փոր­ձէր զա­նոնք ա­ռաջ­նոր­դել դե­պի ե­կե­ղե­ցի, կը տա­ռա­պէր ա­նոնց հա­մար եւ իր հա­ւատ­քի կեան­քը որ­պէս հա­յե­լի ա­նոնց առ­ջեւ կը դնէր, որ­պէս­զի ուղ­ղէ զա­նոնք եւ ա­ռաջ­նոր­դէ դէ­պի Աս­տո­ւած, դէ­պի աղ­բիւ­րը լոյ­սին։

Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը՝ Մեղրիկ Եպս․ Բարիքեանի հետ։

Երբ հան­դի­պէր նոր տա­ղան­դա­ւոր ե­րի­տա­սար­դի մը, թափ եւ զարկ կու գար ա­նոր ա­ճու­մին եւ զա­նա­զան ա­ռիթ­ներ կը ստեղ­ծէր զայն ծա­նօ­թաց­նե­լու գա­ղու­թին եւ եր­գա­հան­դէս­ներ ու նո­ւա­գա­հան­դէս­ներ կազ­մա­կեր­պե­լով՝ յա­ջո­ղու­թեան կը հասցնէր զայն:

Մեծ պատ­րաս­տու­թիւն կը տես­նո­ւէր Տա­ղա­ւար տօ­նե­րուն, նա­մա­նա­ւանդ Ծնուն­դին, Զատ­կին եւ Աս­տո­ւա­ծած­նայ տօ­նե­րուն առ­թիւ. ե­կե­ղե­ցին եւ շրջա­փա­կը կը զար­դա­րո­ւէր միտ­քէ վեր՝ Հայր Սուր­բին իսկ գա­ղա­փար­նե­րով: Ամէն տա­րի տար­բեր ձե­ւով․ կը յի­շեմ. տա­րի մը Ծնուն­դին, ե­կե­ղե­ցիէն ներս ժայ­ռե­րու վրա­յէն հո­սող ջու­րի տե­սա­րան մը ու­նէինք, ուր նաեւ մսու­րը զար­դա­րո­ւած կ­’ըլ­լար եւ այս բո­լո­րը կ­’ը­նէր ե­կե­ղե­ցի յա­ճա­խող ժո­ղո­վուր­դին եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն հա­ճոյ­քին հա­մար, որ­պէս­զի ա­նոնք ու­րա­խա­նա­յին եւ ապ­րէին Ծնուն­դի խոր­հուր­դը եւ հո­գին։

Մայ­րե­րու եւ Հայ­րե­րու տօ­նե­րուն առ­թիւ Հայր Սուր­բը նո­րու­թիւն մը եւս սկսաւ. Պա­տա­րա­գէն ետք, ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ միա­տեղ եր­գե­լ մայ­րե­րու եւ հայ­րե­րու ձօ­նո­ւած աշ­խար­հիկ եր­գեր, ո­րոնք կը յու­զէին ին­չու չէ նաեւ կ­’ու­րա­խաց­նէին ներ­կա­նե­րը։

Ինչ­պէ՞ս կր­նամ մոռ­նալ մեր ե­րաժշ­տա­կան հա­մերգ­նե­րը, ա­նոնց փոր­ձերն ու ձայ­նագ­րում­նե­րը․հրաշ­քի հա­մա­զօր ձեռ­նարկ­ներ էին, ան­հա­ւա­տա­լի բայց ի­րաւ: Հսկայ աշ­խա­տանք մը, զոր Հայր Սուր­բը ա­մե­նայն համ­բե­րու­թեամբ եւ կա­տա­րե­լու­թեամբ կ’ի­րա­կա­նաց­նէր։ Ան­գամ մը, կը յի­շեմ ե­լոյ­թէ մը եր­կու շա­բաթ ա­ռաջ, դե­րա­կա­տար­նե­րը տա­կա­ւին չէին գի­տէր, թէ ինչ պի­տի ը­նեն բե­մին վրայ․ մտա­հո­գո­ւած, երբ ի­րեն կը դի­մէի, ին­ծի կը հան­դար­տեց­նէր ը­սե­լով՝ «Ա­մէն բան լաւ կ­’ըլ­լայ, Լե­նա՛, մի՛ մտա­հո­գո­ւիր»: Եւ, իս­կա­պէս, այդ­պէս կ­’ըլ­լար, կար­ծես գերբ­նա­կան ոյժ մը կար, որ կը հսկէր իր ա­մէն աշ­խա­տանք­նե­րուն վրայ։

Մեր բո­լոր հա­մերգ­նե­րուն ե­րաժշ­տու­թիւ­նը ինք կը դաշ­նա­ւո­րէր։ 2009-ին Հայր Սուր­բին փա­փա­քով եւ կար­գադ­րու­թեամբ ձայ­նագ­րե­ցինք 18 շա­րա­կան­ներ, գան­ձեր եւ տա­ղեր իր իսկ դաշ­նա­ւո­րու­մով կամ պատ­շա­ճե­ցու­մով․ շա­րա­կան­ներ, ո­րոնք հա­զո­ւա­դէ­պօ­րէն կ­’եր­գո­ւէին ինչ­պէս օ­րի­նակ՝ «Ուս­տի Բու­րե­լով», Գիւտ Խա­չի շա­րա­կանը, Սա­հակ Ձո­րա­փո­րե­ցի 7-րդ ­դար, «Լոյս Լու­սոյ Մայր» շա­րա­կան Ա­ւագ Ուր­բա­թի, Սուրբ Մով­սէե Խո­րե­նա­ցի 5-րդ ­դար, «Սայլն այն Ի­ջա­նէր», «Գանձ Յա­րու­թեան», Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցի 10-րդ ­դար ե­ւ այլն։

Խտասալիկին (CD) հրա­պա­րակ­ման առ­թիւ, Ս․ Աս­տո­ւա­ծած­նայ տօ­նին, Սրբա­զա­նը կազ­մա­կեր­պեց բա­ցօ­թեայ բա­ցա­ռիկ շնոր­հա­հան­դէս մը` հոծ բազ­մու­թեան ներ­կա­յու­թեան։

Այս աշ­խա­տան­քը Սրբա­զա­նին հետ մեծ հա­ճոյք եւ պա­տիւ էր ան­ձիս, ո­րուն հա­մար այն­քան շնոր­հա­կալ եւ ե­րախ­տա­պարտ եմ ի­րեն։ Ին­ծի հա­մար պի­տի մնայ ան­մո­ռա­նա­լի յի­շա­տակ մը իր­մէ։

Սրբա­զա­նը բա­ցա­ռիկ հա­մեստ եւ խո­նարհ հո­գե­ւո­րա­կան մըն էր, եր­բեք չէր պար­ծե­նար իր գի­տե­լիք­նե­րով եւ ա­ռա­տօ­րէն կը բաշ­խէր բո­լո­րին, իր ա­ղօթ­քի զօ­րու­թեամբ չէր հպար­տա­նար: Ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ երբ ա­ռի­թով մը իր­մէ յա­տուկ ա­ղօթք խնդրե­ցի «Սուր­բե­րու ա­ղօթ­քը թող հաս­նի» ը­սաւ։ Ու­րիշ ա­ռի­թով մը, երբ Պա­տա­րա­գի հա­մար կը զգես­տա­ւո­րո­ւէր, շրջա­պա­տո­ւած ե­րի­տա­սարդ Սար­կա­ւագ­նե­րով՝ այս ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ. «Երբ Պա­տա­րա­գի կը մտնեմ, այն­պէս մը կը զգամ թէ այդ իմ ա­ռա­ջին Պա­տա­րագն է եւ նաեւ կրնայ վեր­ջի­նը ըլ­լալ եւ ըստ այնմ հո­գե­պէս ինք­զինքս կը պատ­րաս­տեմ»։

2014-ին, երբ լու­րը հա­սաւ, թէ Հայր Սուր­բը Ե­պիս­կո­պոս պի­տի ձեռ­նադ­րո­ւի, որ­քան որ ու­րախ էինք ի­ր կրօնական աս­տի­ճա­նի բարձ­րա­ցու­մով, նոյն­քան տխուր էինք, ո­րովհետեւ պի­տի կորսնց­նէինք զինք։

12 տա­րի­ներ կեանք մըն էր, զոր ապ­րե­ցանք Սրբա­զա­նին հետ, ու­րա­խա­ցանք իր հետ եւ ին­չու չէ եր­բեմն ալ տխրե­ցանք։ Յի­շա­տակ­նե­րը բազ­մա­թիւ են եւ ան­մո­ռա­նա­լի: Մեծ ե­ղաւ իր հետ­քը Թո­րոն­թո­յի գա­ղու­թին վրայ: Կա­տա­րեալ, մեծ սիրտ ու­նե­ցող հո­գե­ւո­րա­կան մը, ո­րուն հո­գիին մէջ ա­մէն մէ­կուս հա­մար յա­տուկ տեղ կար։

Թող Աս­տո­ւած լու­սա­ւո­րէ իր բա­րի հո­գին եւ թող Իր կամ­քը Օրհ­նեալ ըլ­լայ: Հո­ղը թե­թեւ գայ իր վրայ. Ննջէ խա­ղաղ, բա­րի եւ ան­զու­գա­կան Մեղ­րիկ Սրբա­զան։