Հալէպը Չլքած Միակ Հիւպատոսը՝ Տիգրան Գէորգեանը


Մարի Թարեան


Ռումբերու պայթիւններուն տակ, առանց ելեկտրականութեան ու ջուրի, առանց սիրելի կնոջ, երեխաներուն, եւ կեանքը մազէ կախուած` Հալէպի մէջ մնացած միակ դիւանագէտը, որ այդպէս ալ չլքեց իր առաքելութեան վայրը, Հայաստանի հիւպատոսն է:

Տիգրան Գէորգեան Սուրիոյ մէջ պատերազմական գործողութիւններու մեկնարկի ժամանակ կ՛աշխատէր Հայաստանի դեսպանութեան մէջ, որ Դամասկոս էր, եւ ուրկէ ալ սկսան տեղալ պատերազմական առաջին ռումբերը:

Մէկ ամիսով Հայաստան վերադարձած Տիգրան Գէորգեան հարցազրոյց մը տուած է «Մեդիամաքս»ին՝ պատմելով անցած հինգ տարիներու դժուարութիւններուն, ամենածանր եւ ուրախ պահերուն, ինչպէս նաեւ ապագայի խաղաղութեան հանդէպ անհաւանական հաւատքով ու պայքարի մեծ ուժով լեցուած մարդոց մասին:

Առաջին ռումբերը

Ռազմական եւ անվտանգային առումով աւելի վատ էր վիճակը Դամասկոսի մէջ: Այդ ժամանակ ես կ՛աշխատէի մեր դեսպանութեան մէջ: Կինս եւ աղջիկս ինծի հետ էին: Ռազմական գործողութիւնները` կրակոցներ, կռիւներ, ճիշդ մեր տան կողքը կը կատարուէին` 20-30 մեթր հեռաւորութեան վրայ: Մենք ստիպուած էինք փակուելու միջանկեալ սենեակի մը մէջ, որպէսզի չվնասուինք պատահական փամփուշտներէ կամ բեկորներէ: Աղջիկս կը յաճախէր Ռուսիոյ դեսպանութեան միջնակարգ դպրոց, որ փակուեցաւ: Մենք ուղղակի հնարաւորութիւն չունէինք տունէն դուրս գալու: Որոշեցինք ընտանիքի անդամները դուրս բերել Դամասկոսէն: Առաւօտեան շուտ` ժամը 6-ին, բանակի զինուորներու օժանդակութեամբ կրցանք հասնիլ մինչեւ մեր մեքենան եւ ընտանիքիս անդամները տարի Լիբանան: Նոյն օրը վերադարձայ Դամասկոս:

Լոյսը բերած հիւպատոսը

Պատերազմական գործողութիւններու սկսելէն մէկ ու կէս տարի անց նշանակուեցայ Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս: Հալէպ արդէն ռազմական շատ ծանր գործողութիւններու կիզակէտին յատնուած էր: Հալէպի մէջ զիս դիմաւորեցին հիւպատոսութեան աշխատակիցները: Նստանք կտոր մը հաց ուտելու, ելեկտրականութիւնը, որ քանի մը ամիս ընդհանրապէս չէր եղած, այդ պահուն եկաւ: Բոլորը կը ծիծաղէին, թէ նոր հիւպատոսը իր հետ լոյսը բերաւ Հալէպ:

Սակայն իրականութիւնը աւելի դառն էր, քան այդ պահու մեր պատկերացումները, իսկ 2014էն իրավիճակը աւելի սաստկացաւ  եւ ատիկա երկարեցաւ մինչեւ վերջերս, երբ ինչ-որ բան դէպի լաւը փոխուեցաւ: Այդ ընթացքին շատ դժուար պահեր եղան թէ՛ հիւպատոսութեան աշխատանքի, թէ՛ մարդկային յարաբերութիւններու, թէ՛ կենցաղի ապահովման տարբեր հարցերով: կ՛աշխատէինք եւ կ՛ապրէինք արտակարգ իրավիճակի մէջ` էլեկտրականութեան եւ ջուրի բացակայութեան պայմաններու մէջ: Եւ ատիկա մինչեւ այսօր այդպէս է:

Շատ արագ հայ բնակչութեան մէջ կրցայ ձեռք բերել մտերիմներ, ընկերներ, որոնց հետ մինչեւ այսօր շատ ջերմ բարեկամական յարաբերութիւններ ունիմ: Գրեթէ ամէն օր միասին կը զրուցենք, կը քննարկենք քաղաքի, տեղի, ինչպէս նաեւ Հայաստան եկած հայութեան վիճակը: Մէկ խօսքով, կրնանք կազմակերպել կենցաղն ու աշխատանքը:

Դժուարութիւնները միայնակ յաղթահարելով

Վերջին շրջանին քանի մը անգամ կինս եկաւ Հալէպ` մէկ-երկու ամիսով, ինծի ընկերացաւ, որովհետեւ միայնակ ապրիլը բաւական դժուար է, յատկապէս` այդպիսի պայմաններու մէջ:

Միայնակ ապրիլը թէ՛ կենցաղային, թէ՛ հոգեբանական առումով դժուար է: 2012էն մենակ կ՛ապրիմ: Գտնուելով հալէպեան իրադարձութիւններու կիզակէտին, դժուար է ոչ միայն ինծի համար, այլեւ ընտանիքիս: Հայաստանի մէջ հեռուստացոյցով կը լսեն, որ Հալէպ ռմբակոծուած է, անմիջապէս կը սկսին զանգերը` իմանալու ապահո՞վ եմ, թէ՞ ոչ, ռմբակոծութիւնը մօ՞տ է, թէ՞ հեռու: Եւ մօտ եղաւ, եւ մեր շէնքին վրայ:

Հրաշքով փրկուածները

Ես կը բնակիմ հինգ յարկանի շէնք մը մէջ, որուն տանիքը ռումբեր տեղացին: Սարսափելի իրավիճակ էր, այնպիսի պահեր էին, որ հասկցայ, որ միակ ելքը այն է, որ հաւաքուիմ եւ որեւէ խուճապի առիթ չտամ: Մեր շէնքը հայաբնակ է, եւ դեռ քանի մը ընտանիքներ կան, անոնց հետ ընկերութիւն կ՛ընեմ: Անգամ մը ռումբ մը ինկաւ կողքի շէնքին տանիքը, անմիջապէս զանգեցի մտերիմ ընկերոջս կնոջը, ըսի` երեխաները վերցուր, արագ իջէք իմ մօտ: Իմ բնակարանս աւելի ապահով է, գետնայարկ է: Միջանցքին աթոռներ շարեցի, երեխաները նստեցուցի ապահով տեղ: Իրենց` իմ մօտ գալէն երեք-չորս վայրկեան անց ռումբ մը ինկաւ մեր շէնքին վրայ: Օրեր եղած են, որ մեզի մը  թուէր, թէ կրնայ աշխարհը վերջանալ:

Ուրախութիւններ` փլատակներու արանքին

Այնպէս չէ, որ Հալէպը միայն ծանր օրերու քաղաք է: Ժամանակին անիկա կը փայլէր, եւ այդ փայլքի մէկ մասը մինչեւ այսօրս կայ: Հալէպ, իսկապէս, տարաբնոյթ  երեւոյթ է, ուր թէ՛ տնտեսական, թէ՛ անվտանգային այդքան ծանր պայմաններու մէջ, երբ երեք-չորս քիլոմեթրի վրայ ռազմական գործողութիւններ կ՛ընթանան, նաեւ մեծ շուքով հարսանիքներ, մկրտութիւններ եւ ծնունդներ կը տօնեն:

Հրաշքի, հաւատքի զգացողութիւնը երբեք չէ լքած հալէպահայութիւնը: Բոլորը կ՛ըսեն, որ կեանքը կը շարունակուի, եւ մենք չենք կրնար փակուիլ բնակարաններու մէջ:

Գրեթէ բոլոր հայկական համայնքային միութիւնները, մարզական ու մշակութային կազմակերպութիւնները, դպրոցները, մանկապարտէզներն ու հիւանդանոցները ամէն կերպով կը փորձեն շարունակել իրենց աշխատանքը: Սա կը խօսի այն մասին, որ հակառակ այդ պայմաններուն, համայնքը, այնուամենայնիւ, կ՛ապրի: Կարելի է ըսել համայնքը վերապրեցաւ պատերազմական շատ ծանր վիճակները, եւ յոյս ունինք, որ արդէն գալիք ժամանակաշրջանը քիչ մը աւելի բարենպաստ պիտի ըլլայ, որ այնտեղ մնացած մեր հայրենակիցները կրնան, ինչպէս կ՛ըսեն, կռնակները շտկել:

Դուք պէտք է տեսնէք, թէ ինչպէս մարդիկ կը նշեն տօները, ինչ լեցուն է եկեղեցին, եւ ինչ խանդավառութիւն կայ այդ տօներուն: Կը զգաս, որ մարդիկ կը սպասեն հանդիսութիւններու, տօնակատարութիւններու, սրտանց ատիկա կ՛ուզեն:

Սեպտեմբերին Հալէպի մէջ նշեցինք Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը: Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքեւի սրահը կազմակերպած էի մեծ ընդունելութիւն, որուն շուրջ 500 հալեպահայ կը մասնակցէին: Եթէ աւելի մեծ թիւով մարդ ընդունելու հնարաւորութեամբ այլ ապահով տեղ ունենայինք, ապա անոնց թիւը աւելի մեծ պիտի ըլլար: Այդ խանդավառութիւնը, որ կար այդ պահուն, բառերով փոխանցել չեմ կրնար։ Մեզի հետ տօնելու եկած էին Հալէպի`այդ օրը նշանակուած նոր նահանգապետը, քաղաքապետը, ոստիկանապետը եւ այլ պաշտօնեաներ: Բոլորը մեզի հետ կը կիսէին մեր ուրախութիւնը: Մարդիկ ունին լաւը տեսնելու եւ լաւին սպասելու ցանկութիւնն ու հաւատքը: Այս հաւատքով իրենք կ՛ապրին:

Սուրիական հողին կառչած հայերը

Սուրիահայութիւնը եւ, մասնաւորապէս, հալէպահայութիւնը շատ կառչած է իր հայրենիքին: Անոնք, որոնք չլքեցին Հալէպը, որոնց հետ ես ամէն օր կը շփուիմ, կը հասկնամ, որ այդ մարդիկ լքելու միտքը ի սկզբանէ չէին ալ քննարկած: Իրենք որոշած էին, որ պէտք է մնան: Հաւատացած էին, յոյս կար, որ լաւ պիտի ըլլայ, եւ իրենք կը վերագտնեն նախկին լաւ օրերը: Ուժ եւ կորով կար այդ մարդոց մէջ:

Ընդհանուր առմամբ, սուրիական հողին հալէպահայութեան այդ կառչած ըլլալը շատ զարմանալի երեւոյթ ու բացառիկ ուժի նշան է:

Հայերու սպասումներն ու միակ դիւանագիտական առաքելութիւնը

Հայերուն մնալու, Հալէպի մէջ իրենց կեանքն ու գործունէութիւնը շարունակելու համար խթանիչ էր նաեւ մեր գլխաւոր հիւպատոսութեան աշխատանքներու շարունակումը Հալէպի մէջ: Բոլոր երկիրներու հիւպատոսութիւնները փակուեցան, եւ ամբողջ դիւանագիտական անձնակազմը դուրս եկաւ Հալէպէն, մեր պարագային Հանրապետութեան նախագահը քաղաքական որոշում կայացուց, որ հիւպատոսութիւնը պիտի չփակուի, որեւէ պայմաններու մէջ պէտք է մնայ, աշխատի եւ ծառայութիւններ մատուցանէ մեր հայրենակիցներուն` սկսած մուտքի արտօնագիրներու տրամադրումէն, քաղաքացիութեան գործերու ձեւակերպումներէն մինչեւ նոտարական վաւերացումներ: Մեր հիւպատոսութեան մնալը Հալէպի մէջ, երբեմն, նաեւ ոչ աշխատանքային օրերու եւ ժամերու միշտ բաց ըլլալը նպաստեցին, որ համայնքէն շատեր չյուսալքուին:

aleppo-dikran1

ՀՀ նախագահին կողմէ շքանշանի պարգեւատրման արարողութեան ժամանակ

Լուսանկարը` Հալէպի մէջ ՀՀ հիւպատոսարան

Իրենք շատ կ՛ուզեն մեզմէ լսել, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ, որ շուտով ամէն ինչ պիտի կարգաւորուի: Երբեմն, կու գան հարցերով` «Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք այս իրավիճակը, պարոն հիւպատոս, ի՞նչ պիտի ըլլայ»: Ես, նոյնիսկ ոչ այդքան լաւատես ըլլալով, կ՛ըսեմ` մի ընկճուիք, ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ, ի վերջոյ աշխարհի մեծ պատերազմներն ալ աւարտեցան, քաղաքները վերականգնեցան: Այնպէս որ` ոչ միայն պաշտօնական աջակցութիւն ցուցաբերելու, այլեւ զուտ մարդկային, ընկերական յարաբերութիւններու մէջ ես միշտ աշխատած եմ, որպէսզի իրենց հնարաւորին չափ գօտեպնդեմ:

Վնասուած հաստատութիւններն ու վերակառուցման ծրագիրը

Հալէպի մէջ այս ամբողջ ընթացքին շարունակած են գործել նաեւ հայկական ազգային կառոյցները: Կան վնասուած եկեղեցիներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ, որ ռմբակոծութիւններու հետեւանքով վնասուած են: Օրինակ, մեր առաջնորդանիստ Սրբոց քառասուն մանկանց եկեղեցւոյ տարածքը ու առաջնորդարանի մէկ մասը վնասուած էին, եւ կը շարունակէր մնալ զինեալ խմբաւորումներու կողմէ ռմբակոծուող շրջանի մը մէջ: Բայց այնտեղ էին ամբողջ Բերիոյ թեմի մատեանները, գրառումները, սրբապատկերները, որոնք շատ մեծ արժէք ունին: Փառք Աստուծոյ, ատոնք չվնասուեցան:

Ցաւօք, ունեցանք շատ մեծ կորուստներ տնտեսական առումով, Նոր գիւղ թաղամասը հիմնահատակ աւերուած է, բնակելի շէնքերը անօգտագործելի դարձած են եւ զերոյէն վերակառուցման կարիք ունին: Եղայ այնտեղ եւ տեսայ, որ հնարաւոր չէ մէկ անգամէն վերաբնակեցնել: Բայց այդուհանդերձ, մեր հայութեան մէջ կայ տեսլականը, որ քիչ մը անվտանգ ըլլայ, իրենք նորէն կը վերակառուցեն բնակարանները, կը վերաբանան խանութներն ու նորէն կը սկսին ապրելու առաջուայ նման:

Dikran kevorkian-aleppo

Տիգրան Գէորգեանը ծաղկեպսակ կը դնէ Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին, Հալէպ, 2016 թուական

Լուսանկարը` Հալէպի ՀՀ հիւպատոսարան

Ամէն պարագայի, հայ համայնքի վնասները շատ-շատ են: Հիմա արդէն, Հալէպի մէջ իրավիճակի կայունացման պայմաններու մէջ, մեր ազգային իշխանութիւնները ձեռքերը ծալած չեն նստած: Այնտեղ ունինք Շտապ օգնութեան վերականգնման մարմին, ուր հայկական համայնքի աշխարհիկ, քաղաքական եւ հոգեւոր ղեկավարները ընդգրկուած են: Կազմած են Հալէպի հայկական հաստատութիւններու վերականգնման ծրագիր, որ պէտք է վերջնական հաստատուի եւ համահայկական օժանդակութեամբ իրականացուի:

Արաբ ժողովուրդի բարեկամութիւնը

Ես այս ընթացքին առնչութիւններ ունեցած եմ նաեւ արաբներու հետ: Մեր համայնքը ջերմ ու բացառիկ յարաբերութիւններու մէջ է թէ՛ արաբ քրիստոնեաներու, թէ՛ մահմետականներու հետ: Մեր բոլոր շփումներու ընթացքին իրենք` արաբները, կ՛ըսեն` դուք` հայերդ, ոչ միայն Ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդ էք եւ եկաք այստեղ հիմնուելու, այլեւ եկաք ու շէնացուիք Սուրիան:

Շատ ջերմ, կարելի է ըսել ընկերական յարաբերութիւններ ունիմ նաեւ Հալէպի նահանգային իշխանութիւններուն հետ: Անոնք շատ բարձր կը գնահատեն այն հանգամանքը, որ Հայաստան չփակեց իր գլխաւոր հիւպատոսութիւնը եւ չհեռացաւ Հալէպէն: Իրենք ատիկա կը համարեն բարեկամի, ընկերոջ կեցուածք:

2016ին ՀՀ նախագահին որոշումով երկու օդանաւ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկուեցաւ Սուրիա, հիմնականօրէն Հալէպ, որոշ մաս մը ալ` Դամասկոս, Լաթաքիա եւ Քեսապ: Բազմիցս ըսած եմ, որ այդ օգնութիւնը ոչ միայն սուրիահայ համայնքին կ՛ուղարկուի, այլեւ Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին: Մէկ ամիս առաջ օգնութիւն ստացանք Ռուսիոյ հայերէն` 100 թոն ալիւր ուղարկած էին: Մէկ մասը գնաց Քեսապի հայութեան, մէկ մասը` Հալէպ: Անմիջապէս կապուեցայ Հալէպի նահանգապետին հետ եւ ըսի` ո՞ւր, որքա՞ն ալիւր ուղարկեմ, որպէսզի հացի գործարանները վաղը կարենան անվճար հաց բաժնել արաբ ժողովուրդին:

Այս ամէնը կը վկայեն բոլոր մակարդակներու վրայ բարեկամական յարաբերութիւններու մասին:

Ամենածանր եւ ուրախ պահերը

Ամենածանր պահերը եղած են այն ժամանակ, երբ լուր  ստացած ենք հայկական թաղամասերու ռմբակոծման եւ զոհերու մասին: Շատ աւելի ծանր պահեր եղան վերջերս` քանի մը ամիս առաջ, երբ զինեալ խմբաւորումներու ականանետը թիրախ դարձուց մեր շէնքէն յիսուն մեթր հեռաւորութեան վրայ, ուր հայ երեխաներ կը խաղային: Անոնք զոհուեցան… անմիջապէս վազեցինք դուրս, սակայն, ցաւօք, այդ պահին արդէն օգնելու ոչինչ կար:

Ամենաուրախ պահերէս մէկը այն էր, երբ հրաւէր ստացայ մասնակցելու Հայկական ազգային պատսպարանի (մանկատուն) սանի հարսանիքին: Պատսպարանին մէջ մեծցած այդ աղջկան հարսանիքի հրաւէրը շատ մեծ ուրախութեամբ ընդունեցի: Բնականաբար, ծնողներ չկային, բայց պակաս չէր նաեւ պատսպարանի խնամակալներու, աղջկայ ընկերներու ուրախութիւնը: Երեւի, Հալէպի մէջ եղած ընթացքին ատիկա ամենաուրախ պահը եղած է:

Խաղաղութեան հաւատքով

Հալէպի մէջ այս պահուն հայերու թիւը կը տատանի 12-13 հազարի շուրջ, բայց Սուրիոյ ծովափնեայ շրջաններուն մէջ կան շատ մեծ թիւով հայեր, որոնք Հալէպէն գացած են: Վստահ եմ, որ այդ շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Յորդանանի մէջ ապաստանած հայերուն մեծ մասը պիտի վերադառնայ: Կը դժուարանամ ըսելու, որ Հալէպ մօտ ապագային պիտի ըլլայ նախկինը, բայց վստահ եմ, որ իրավիճակը պիտի փոխուի դէպի լաւը: Հալէպ ոտքի պիտի կանգնի լաւ պիտի ըլլայ: Հայաստանի Գլխաւոր հիւպատոսութիւնը որեւէ իրավիճակի մէջ պիտի շարունակէ մնալ եւ աշխատիլ այնտեղ` աւելի մեծ եռանդով: Մեր գործունէութիւնը որեւէ մէկ վայրկեան պիտի չդադարի:

Հալէպահայերուն ուղերձս է` ով որ դուրսն է եւ ցանկութիւն ունի վերադառնալու, Հալէպ գրկաբաց կը սպասէ, իսկ ով մնացած է` անոնց ալ կը մաղթեմ, որպէսզի խաղաղութիւնը վերջնական հաստատուի Հալէպի մէջ եւ իրենք՝ բոլորը, ապրին իրենց մէջ փայփայած խաղաղութիւնը: