Ծանօթանանք «Տոհմիկ օր»-ուան երեք դասախօսներուն


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

26-27 Նոյեմբեր 2022-ին պիտի կայանայ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կազմակերպած՝ «Հիւրընկալ Սուրիան, հայաշունչ Հալէպը» խորագիրը կրող 28-րդ «Տոհմիկ օր»-ը՝ ձօնուած Սուրիոյ հայ գաղութին։

Նոյեմբեր 26-ի երեկոյեան, ճոխ յայտագիրով յագեցած խրախճանքին յաջորդելիք առաւօտուն, Կիրակի, 27  Նոյեմբեր 2022-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ՝ Սուրիոյ հայ զոհերուն եւ նահատակ հերոսներուն յիշատակին նուիրուած հոգեհանգիստ եւ մատաղ, որուն պիտի յաջորդէ՝ դասախօսական ցերեկոյթը Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս։

Հիւրաբար պիտի մասնակցին երեք դասախօսներ՝ Դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան՝ «Հալէպ հնոց հայապահպանման», Լորիկ Սապունճեան Ծատուրեան՝ «Սուրիոյ հայ գաղութի իւրայատկութիւնը», Գէորգ Մուրատ՝ «Արուեստը մշակոյթի պահպանման միջոց»։

«Թորոնթոհայ»-ը առիթը ունեցաւ զրուցելու դասախօսներուն հետ, «Տոհմիկ օր»-ուան կապակցաբար իրենց զգացումներն ու խոհերը, ինչպէս նաեւ անոնց մասնագիտական կեանքին եւ կենսագրական կէտերը ներկայացնելու մեր ընթերցողներուն։


Վիգէն Թիւֆէնքճեան

Վիգէն Թիւֆէնքճեան

Ծնած է Հալէպ։ 1960-ական թուականներու վերջաւորութեան հաստատուած է Մոնթրէալ եւ տեղւոյն Concordia եւ McGill համալսարաններուն մէջ ուսանած է գրականութիւն ու մանկավարժութիւն։ 2006-ին Université de Montréal-էն վկայուած է անգլերէն գրականութեան ճիւղին մէջ Մագիստրոսի (M.A.) աստիճանով, իսկ 2016-ին ստացած է իր դոկտորական կոչումը (Ph.D.) նոյն համալսարանէն։

Ասպարէզով ուսուցիչ, Թիւֆէնքճեան անգլերէն դասաւանդած է Université du Québec a Montréal-ի (1977-2002), իսկ անգլերէն լեզու եւ գրականութիւն՝ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանին մէջ (1981-2010): 2002-ին նշանակուած է այս վերջին հաստատութեան հայերէն դասանիւթերու ծրագրային պատասխանատու, իսկ 2010-2011 տարեշրջանին՝ նոյն վարժարանին տնօրէն։ Համայնքային կեանքէն ներս, Թիւֆէնքճեան ստանձնած է զանազան վարչական պաշտօններ։

Թիւֆէնքճեան հեղինակն է շարք մը գրականագիտական յօդուածներու՝ եւ թարգմանիչը տասնեակ մը թատերախաղերու ու պատմուածքներու։ Անցնող երկու տարիներուն, Թիւֆէնքճեան խմբագրած եւ հրատարակութեան յանձնած է Թաթուլ Սոնենցի անգլերէնի թարգմանած զոյգ հատորները՝ Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգը» (Song of the Bread) եւ Եղիշէ Չարենցէն բանաստեղծութիւններու ընտրանի մը (Souls on Fire: Selected Poems)։ Ներկայիս Թիւֆէնքճեան տնօրէնն է Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան «Լեւոն Շանթ» հայերէնագիտական դասընթացքին եւ կը գործէ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի «Պետրոս  Ադամեան» թատերախումբին մէջ իբրեւ բեմադրիչ: 2014-ին, առ ի գնահատանք մշակութային եւ կրթական ոլորտներուն մէջ իր ներդրումին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը Վիգէն Թիւֆէնքճեանը պարգեւատրած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով։

Տիրուկ Մարգարեան Կաապետեան- Ձեր նախկին սուրիահայ ըլլալու հանգամանքը ի՞նչ զգացումներ կ՚արթնցնէ ձեր մէջ։

Վիգէն Թիւֆէնքճեան- Նախ ըսեմ, որ կեանքիս միայն առաջին տասնեօթը տարիները ապրած եմ Սուրիա, իսկ մանկութեանս եւ պատանութեանս շրջանին, բացի Հալէպէն եւ Քեսապէն՝ երկիրը չեմ ճանչցած. այդ պատճառներով ալ, ինքզինքս աւելի հալէպահայ քան սուրիահայ կը նկատեմ։

Հալէպահայութեան պատկանելիութիւնս ինծի երախտագիտութիւն կը ներշնչէ, որովհետեւ հայկական ինքնութեանս լաւագոյն տարրերը այնտեղ կազմաւորուած են. ո՛չ միայն Հայկազեան նախակրթարանին եւ «Քարէն Եփփէ» ճեմարանին մէջ ջամբուած գիտելիքներուն ճամբով, այլ՝ նաեւ ու մանաւանդ այն հայաշունչ մթնոլորտով, որուն մէջ ընկերային անհատը ձեւաւորուած է իմ մէջ։ Այսպէս, իմ հոգեկան հայրենիքին՝ Հալէպի մէջ, ես ճանչցած եմ ՀՄԸՄ-ն ու Համազգայինը, յաճախած եմ ՀՄԸՄ-ի ակումբին «Քրիստափոր» եւ Տիգրանակերտցիներու հայրենակցական միութեան «Տիգրիս» գրադարանները (կիրակի առաւօտներս փոխնիփոխ կ՚անցընէի այդ երկու գիրքերու աշխարհներուն մէջ), ՀՅԴ Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան «Քրիստափոր» մասնաճիւղը եւ ՀՄԸՄ-ի միջ-մասնաճիւղային խաղերը։ Տակաւին՝ «Արեւելք» ու Պէյրութէն ամենօրեայ դրութեամբ հասնող «Ազդակ» օրաթերթերը եւ «Սփիւռք» շաբաթաթերթը, որոնց քաղաքական, գրական, մարզաշխարհի, առողջապահական եւ ժամանցի ոլորտներու բառապաշարները կը համալրէին դպրոցական գրասեղաններուն վրայ ուսած գիտելիքներս ու կ՚ամրագրէին հայերէնի լեզուական խարիսխս։ Չեմ կրնար չյիշել նաեւ Սբ. Քառասնից մանկանց մայր եկեղեցին, որուն Վերջին դատաստանը պատկերող որմնանկարը նոյնքան ահարկու էր ինծի համար, որքան մագնիսացնող։ Հալէպէն հեռանալէս ետք էր միայն, որ անդրադարձայ, թէ հարիւրաւոր տարիներու պատմութիւն ու անցեալ կար ծննդավայրիս փողոցներուն մէջ ու շէնքերու պատերուն ետեւ։

ՏՄԿ- Սուրիահայութեան նուիրուած «Տոհմիկ օր»-ուան ընդառաջ, ի՞նչ են ձեր մտածումները։

ՎԹ- Խոստովանիմ, որ զգացումներս խառն են։ Մէկ կողմէ, կը հրճուիմ տեսնելով, որ սուրիահայութիւնը կ՚ոգեկոչուի ու անոր հայատրոփ ճոխ մշակոյթը կ՚արժանանայ յարգանքի, որուն համար շնորհակալ եմ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղին այս նախաձեռնութեան կազմակերպման համար։ Միւս կողմէ, երբ կ՚անդրադառնամ, թէ իմ ճանչցած Հալէպը այլեւս անդառնալիօրէն չկայ,- ո՛չ թէ իբր հետեւանք կեանքի բնական հոլովոյթին, այլ՝ վերջին տասնամեակին ծաւալած՝ Սուրիան ընդհանրապէս եւ Հալէպը մասնաւորապէս իրենց հիմերէն խարխլող քաղաքացիական պատերազմին պատճառով,- այդ պահուն ափսոսանքի զգացում մը կը պատէ զիս։ Նման պահերու, մխիթարութիւնս այն է, որ հակառակ իր թուաքանակի նուազումին եւ ի հեճուկս իր սահմանափակ միջոցներուն, հալէպահայութիւնը տակաւին կանգուն է այսօր, կը շարունակէ վերապրիլ, գործել, բայց մանաւանդ՝ հայօրէն շնչել։

Լորիկ Սապունճեան Ծատուրեան 

Լորիկ Սապունճեան Ծատուրեան 

Ծնած է Հալէպ, Սուրիա, 1976-ին։ Աւարտած է Հալէպի Ազգ. Հայկազեան վարժարանն ու «Քարէն Եփփէ» ազգային ճեմարանը։ Համալսարանական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանին մէջ, մասնագիտանալով ընկերային ծառայութեան մէջ։ 

1999-ին,  որպէս ընկերային ծառայող պաշտօնավարած է  հինգ տարի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ եւ ստանձնած ընկերային գրասենեակի վարիչ պատասխանատուի պաշտօնը։

Ուսանողութեան առաջին տարիներէն որպէս հաղորդավար միացած է Պէյրութի «Վանայ ձայն» ռատիոկայանի անձնակազմին եւ ուր պաշտօնավարած է 25 տարի։ 2004-ին նշանակուած է հայրենի «Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռի կայանի Լիբանանի գրասենեակի պատասխանատու թղթակից։

2009-էն մինչեւ 2020 եղած է Լիբանանեան «Օ Թի Վի» պատկերասփիւռի կայանի հայերէն լուրերու բաժանմունքի հաղորդավար, խմբագիր եւ թղթակից։

Լիբանանահայ համայնքէն ներս ունեցած է հասարակական լայն գործունէութիւն։

2018-ին ընտրուած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ ստանձնած ատենադպիրի պարտականութիւնները, պաշտօն մը որ կը վարէ մինչեւ օրս, 2022 Մայիսին երկրորդ շրջանի մը համար վերընտրուելով։

Ամուսնացած է լիբանանահայ Վաչէ Ծատուրեանին հետ, ունի երկու զաւակ՝ Հրակ եւ Արէն։  2020-էն ի վեր տեղափոխուած է Մոնթրէալ, ուր սկսած է աշխատակցիլ տեղւոյն «Հայ Հորիզոն» հեռուստաժամին։ Ներկայիս կ’ամբողջացնէ Հայագիտութեան մագիստրոսի իր վկայականը Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկին՝ ԻՆԱԼՔՕ-ի մէջ, եւ կը պաշտօնավարէ Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանին մէջ, որպէս հայերէն լեզուի փոխանորդ դասատու։

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան.-Ի՞նչ են ձեր զգացումները, երբ Մոնթրէալէն Թորոնթօ կու գաք մասնակցելու ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կազմակերպած սուրիահայութեան նուիրուած «Տոհմիկ օր»-ուան։

Լորիկ Սապունճեան Ծատուրեան.- Նախ ըսեմ` ամիսներ առաջ, երբ լսեցի որ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը այս տարի իր աւանդական «Տոհմիկ օր»-ը նուիրած է սուրիահայ գաղութին շատ ուրախացայ, մտածեցի՝ «Ինչ լաւ գաղափար մը յղացած են մեր ընկերուհիները, անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առնելու սուրիահայ մայր գաղութը»։ Իսկ աւելի ուշ, երբ հրաւէր ստացայ իմ մասնակցութիւնս բերելու այս նախաձեռնութեան, մեծ պատասխանատուութիւն զգացի եւ անշուշտ չուզեցի մերժել։ Շատ շատ ուրախ եմ, որ Թորոնթօ պիտի այցելեմ այս առիթով, որ նոյնպէս շատ լաւ առիթ պիտի ըլլայ հանդիպելու ծանօթներու եւ բարեկամներու, որոնց երկար ատենէ չեմ տեսած։

ՏՄԿ.– Մոնթրէալ հաստատուելէդ ետք, ի՞նչ գաղափար կազմեցիր Գանատայի հայ գաղութի մշակութային կամ հասարակական կեանքին մասին։

ԼՍԾ.- Մոնթրէալին արդէն լաւ ծանօթ էի եւ գիտէի որքան աշխոյժ գաղութային կեանք կայ հոն, եկեղեցիով, դպրոցով  եւ ուղեկից միութիւններով, ինչ որ շատ աւելի հարազատ կը դարձնէ քաղաքը։ Պէտք է հաստատել, որ վերջին տարիներուն թէ՛ Մոնթրէալի, թէ՛ Թորոնթոյի եւ թէ՛ Գանատայի միւս շրջաններ հաստատուած, Միջին Արեւելքէն տեղափոխուած հայորդիները, իրենց ծննդավայրներէն մասնիկ մը իրենց հետ բերած են, ալ աւելի հարստացնելով գանատահայ գաղութային կեանքը առ հասարակ։

Գէորգ Մուրատ

Գէորգ Մուրատ

Աշխարհահռչակ արուեստագէտ-նկարիչ՝ Գէորգ Մուրատ, ծնած է 1970 թուականին, Գամիշլի, Սուրիա։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Ազգային «Զաւարեան» վարժարանէն, իսկ միջնակարգն ու երկրորդականը՝ «Քարէն Եփփէ» ազգային ճեմարանէն, 1989-ին: Աւարտած է Երեւանի Գեղարուեստի Պետական Ակադեմիան՝ 1996-ին։

Գէորգ Մուրատ ուսանած ժամանակ կը սկսի իր նկարչական նորաոճ գծագրական ներկայացումներու հիմնաքարը դնել։ Անոր նկարչական արուեստը, բացառիկ շնորհքն ու իւրայատուկ ոճը բարձր գնահատող, Հայսատանի Կարմիր խաչի կամաւոր անդամ, արուեստասէր ամերիկուհի Ճիլ Հաֆմընի աջակցութեամբ եւ հովանաւորութեամբ կը հասնի Ամերիկա՝ Սանդա Քրուզ, Քալիֆորնիա։

Ամուսնացած է թատրոնի դերասանուհի՝ Անայիս Թքըրեանին հետ, ունին երկու դուստրեր՝ Սիրէն եւ Արենի։

Գէորգ Մուրատի արուեստին եւ աշխարհահռչակ անուն ձեռք բերելուն անկիւնադարձային առիթը կը հանդիսանայ Ճուլիարտ ուսումնարանին մէջ իր կատարած ելոյթը, որուն շնորհիւ  դասական երաժիշտ, թաւ ջութակի վարպետ, աշխարհահռչակ՝ Եօ-Եօ Ման կը հիանայ անոր արուեստով եւ զինք կը հրաւիրէ մաս կազմելու իր նուագախումբին։ 2004-էն մինչեւ այսօր ան մաս կը կազմէ այդ աշխարհահռչակ խումբին։ 2016 թուականին կ’արժանանայ Robert Bosch Stiftung մրցանակին՝ իր կարճամեդրաժ շարժապատկերին շնորհիւ։

Սուրիահայ բազմամասնագիտական ​​նկարիչ Գէորգ Մուրատ, մեծածաւալ շերտերէ բաղկացած, ընդարձակ մակերեսներու վրայ իրականացուցած քանդականման գծագրութիւններով կը ներկայացնէ իր մտայղացած պատկերները եւ ծրագիրները։ Անոնցմէ կը յիշենք՝ Memory Gates (2020), Seeing Through Babel (2019) եւ Time Immemorial (2018)։

Գէորգ Մուրատ հանդէս եկած է աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ եւ ներկայացումներ բեմադրած է զանազան հաստատութիւններու մէջ՝ Նիու Եորքի Մեդրոբոլիդըն արուեստի թանգարանին (2018թ.), Շիքակոյի արուեստի ուսումնարանին, Պրուքլինի թանգարանին եւ Քարնըկի հոլին մէջ։

Անհատական ցուցահանդէսներով հանդէս եկած է՝ «Ռոզ արթ» թանգարանի,  Թորոնթոյի «Աղա Խան» թանգարանի, Տուպայի Թապարի արթ սփեյսի, Պեյրութի եւ Գերմանիոյ Կալերի Թանիթի, Փարիզի Քլոտ Լէմանտի պատկերասրահի եւ  Պերլինի Քուչլինկ պատկերասրահիին մէջ: Ունի կարճամեդրաժ ֆիլմ՝ Four Acts for Syria (2018) վերնագիրով, ինչպէս նաեւ Մորկըն Նէւիլի նկարահանած The Music of Strangers վաւերագրական ֆիլմին մէջ հանդէս եկած է երաժիշտ Եօ-Եօ Մայի խումբին հետ։ 

Արուեստագէտին արուեստանոցը ներկայիս կը գտնուի Նիու Եորք նահանգի՝ Քեթսքիլ լեռնային շրջանին մէջ։

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան.- Ինչպիսի՞ զգացումներ կը պատեն սիրտդ, երբ որպէս հիւր-դասախօս, սուրիահայութեան նուիրուած «Տոհմիկ օր»-ուան առիթով առաջին անգամ ըլլալով պիտի հանդիպիս թորոնթոհայ գաղութին։  

Գէորգ Մուրատ.- Խանդավառ եմ, որ Թորոնթոյի հայ համայնքին մօտէն ծանօթանալու առիթը պիտի ունենամ` հայ հանդիսատեսին հետ բաժնեկցելու զգացումներս, արուեստս, արուեստի մարզէն ներս ունեցած փիլիսոփայութիւնս եւ նոր ծրագիրներս։ Նախապէս Թորոնթօ այցելած եմ՝ արուեստի աշխատանքներս ցուցադրելու «Աղա Խան» թանգարանին մէջ, սակայն դժբախտաբար հայ համայնքին չեմ ծանօթացած, իսկ հիմա ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի նախաձեռնած «Տոհմիկ օր»-ուան հրաւէրը ընդունելով կապ մը պիտի ստեղծուի իմ ու Թորոնթոյի հայ գաղութին միջեւ, եւ մենք միմիանց պիտի ծանօթանանք` ներկաները իմ  արուեստիս ու անձիս, իսկ ես` թորոնթոհայ գաղութին, հայրենակիցներուս, ինչպէս նաեւ ծննդավայրիս բոյրը կրող սուրիահայերուն։ Թերեւս անոնցմէ ոմանք ծանօթ չեն կամ հեռուէն տեսած ու լսած են արուեստիս մասին, ուստի արուեստս ըմբոշխնելէ ետք՝ հետաքրքրուած եմ լսելու իրենց կարծիքները եւ պատասխանելու անոնց հարցումներուն։

ՏՄԿ- Որո՞նք են Գէորգ Մուրատին ապագայի ծրագիրները եւ ինչպիսի՞ նորութիւններու եւ գաղափարներու ծնունդն են անոնք։

ԳՄ- Արուեստի գործերս տարբեր ոլորտի մէջ հանգրուանելու աշխատանքին մէջ եմ ներկայիս, ուր կը փորձեմ հարթ մակերեսէն ու քանի մը շերտերու վրայ գծագրելէ անդին անցնելով, թատրոնի մէջ տեղադրել գործերս, ուր դերասանը կամ պարողը կարենայ արուեստիս մաս կազմել,  այսինքն` աւելի մեծ տարածութիւն ստեղծելով,  թատերական ներկայացման կարեւոր մասնիկը դարձնել գծագրութիւններս։ Այս ուղղութեամբ, յաջորդ ծրագիրս պիտի կայանայ 27-28 Յունուարին, Մինիապոլիսի մէջ` 13 պարողներու հետ, որոնք պիտի պարեն Իթալօ Քալվինոյի Invisible Cities գիրքէն  ներշնչուելով իրականացած թատերական ներկայացման մէջ։ Բոլոր գործերս կը պատրաստուին դէպի նոր աշխարհներ ճանապարհորդելու նիւթը նկատի առնելով, ուր պարողները գործերուս ընդմէջէն անցնելով պիտի պարեն ու ողջ ներկայացման ընթացքին գծագրութիւններուս հետ առընչուելով պիտի ներկայացնեն իրենց պարարուեստը։


26-27 Նոյեմբեր 2022-ին պիտի կայանայ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կազմակերպած, «Հիւրընկալ Սուրիան, հայաշունչ Հալէպը» խորագիրը կրող, 28-րդ «Տոհմիկ օր»-ը՝ ձօնուած Սուրիոյ հայ գաղութին։