Գէմպրիճի մէջ հանդիսութիւն՝ նուիրուած Խրիմեան Հայրիկի վախճանման 115-ամեակին


Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ՝ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ՝ Գէմպրիճի Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող միութիւններուն եւ Ս. Նշան Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ, 11 Նոյեմբերին, Գէմպրիճի Հայ կեդրոնի «Փոստաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիսութիւն մը՝ նուիրուած Խրիմեան Հայրիկի (Մկրտիչ Ա. Վանեցի) վախճանման 115-րդ տարելիցին:

Երեկոյթին հանդիսավարը՝ Ազիկ Գէորգեանը, ներկաները հրաւիրեց Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով հանդիսութեան բացումը կատարելու. ապա անոնք մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցեցին հայ ժողովուրդի բոլոր անմահ հերոսներու յիշատակին:

Համազգայինի Գէմպրիճի «Տաթեւ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Վիգէն Գէորգեան ողջունեց ներկաները Գէմպրիճի Հայ կեդրոնի բոլոր ուղեկից միութիւններուն կողմէ: «Մեկնած Հայրիկի տիպարէն, այսօր եւս մեր ժողովուրդի ներկային ու ապագային համար կարիքը ունինք պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ եւ դաստիարակութեամբ օժտուած գործիչներու՝ աշխարհական, թէ հոգեւորական», իր խօսքին մէջ ըսաւ ան:

Բեմ բարձրացան «Մեսրոպ Թիթիզեան» Շաբաթօրեայ վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ, որոնք կատարեցին Արցախի նուիրուած «Հայեր, միացէ՛ք» երգ:
Այնուհետեւ, հանդիսավարը օրուան պատգամաբերին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս․ Աթոռին միաբան Տ. Վարուժան Արք․ Հերկէլեանի կենսագրութիւնն ու գործունէութիւնը ներկայացուց, որմէ ետք խումբ մը աշակերտներ յաջորդաբար ընթերցեցին պատառիկներ Խրիմեանի նշանաւոր խօսքերէն:

Բեմ հրաւիրուեցաւ պատգամաբերը, որ լուսարձակի տակ առաւ Խրիմեանի կեանքը, որպէս մեծ հայ, ուսուցիչ, կղերական, յեղափոխական, Վասպուրականի արծիւ եւ հայոց փրկիչ «հայրիկ»:

Բանախօսութենէն ետք, Ս. Նշան եկեղեցւոյ դպիրներէն Ռազմիկ Կարպուշեան մեներգեց Խրիմեանի նուիրուած «Հայրիկ» երգը։ Այնուհետեւ տեղի ունեցան շարք մը պարգեւատրումներ:

Այս առիթով, գնահատանքի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Առաջնորդ սրբազան հայրը, նման գեղեցիկ եւ կարեւոր ձեռնարկի մը առիթով։ Ձեռնարկին Կազմակերպիչները յուշանուէրներով պատուեցին Բաբգէն Արքեպիսկոպոսն եւ օրուան պատգամաբեր Վարուժան Արք. Հերկէլեանը։

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով։

Յօդուածին տեղեկութիւնները քաղուած են Համազգայինի Գէմպրիճի «Տաթեւ» մասնաճիւղի հրատարակած թղթակցութենէն: