Ազրպէյճանցիները կրակած են Խրամորթի եւ Հացիի բնակիչներու ուղղութեամբ․ Արցախն այս շաբաթ


Քաղաքական լուրեր

15 Նոյեմբերին Ֆրանսայի Ծերակոյտը ընդունեց Հայաստանին աջակցող եւ Ազրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձեւ մը: Բանաձեւին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Ծերակոյտը Ազրպէյճանէն կը պահանջէ հեռացնել իր զինուած ուժերը Հայաստանի տարածքէն եւ յարգել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, կոչ կ’ուղղէ ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիները, կը վերահաստատէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը եւ կ’առաջարկէ կառավարութեան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հիմնել մարդասիրական գրասենեակ։

Այս առիթով Արցախի Ազգային ժողովը եւ պետական պաշտօնեաներ երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ֆրանսայի Ծերակոյտին։

Ազրպէյճանցիները կրակած են Ասկերանի Խրամորթ եւ Մարտունիի Հացի գիւղերու ուղղութեամբ։

Թշնամիին կրակոցէն վնաուած է խրամորթցի բնակիչին թրաքթորը (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

12 Նոյեմբերին Խրամորթի երկու բնակիչ քարշիչով (թրաքթոր) գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարած ժամանակ մօտակայ տարածքին մէջ տեղակայուած ազրպէյճանական դիրքէն անոնց ուղղութեամբ կրակած են, որուն հետեւանքով կոտրուած են մեքենային ապակիները եւ անոր կտորներէն վիրաւորուած է գիւղացիներէն մէկը։ Ան տեղափոխուած է հիւանդանոց։

18 Նոյեմբերին Մարտունիի Հացի գիւղի մէկ բնակիչ նոյնպէս քարշիչով գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարած ժամանակ յարակից ազրպէյճանական մարտական դիրքէն կրակած են անոր ուղղութեան։ Վնաուած է մեքենան, բարեբախտաբար մարդկային վնաս չկայ։

Ընկերային լուրեր

13 Նոյեմբերին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ «Արմաթ» ցուցահանդէսը, ուր ճարտարագիտական աշխատանոցներու սաները ներկայացուցին են իրենց նախագիծերը` ռոպոթներ, ինքնաշխատ համակարգեր, եռաչափ տպիչով կամ ԹԿՀ հաստոցով պատրաստուած ճարտարագիտական օրինակներ: 

Առաջատար արհեստագիտութիւններու միութեան գործադիր տնօրէն Հայկ Չօբանեան նշեց, որ ցուցահանդէսի նպատակն է ներկայացնել «Արմաթ» ծրագիրը, կապ ստեղծել սաներու միջեւ եւ բարձրացնել անոնց մղումը: «Ռոպոթներ, անօդաչու թռչող սարքեր, ծրագիրներ ստեղծող սերունդը պիտի ունենայ կայուն մասնագիտական ապագայ: Մեզի համար կարեւոր է, որ Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր երեխաները հնարաւորութիւն ունենան իրենց դրսեւորելու տուեալ ոլորտին մէջ», ըսաւ ան: 

«Արմաթ» ծրագրի Արցախի համակարգող Լիլիթ Սողոմոնեանի խօսքով` Արցախի մէջ գործող 24 տարրալուծարանները երեխաներուն համար ճարտարագիտական կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն:

Մարտակերտ մէջ բացուած է «Արմաթն օդում» անօդաչու թռչող սարքերու (ԱԹՍ) կրթական աշխատանոցը, ուր կազմակերպուելիք դասընթացներուն պիտի մասնակցին Մարտակերտի եւ շրջական գիւղերու երեխաները։ «Արմաթ» ճարտարագիտական տարրալուծարաններու ծրագրերու ղեկավար Սեդրակ Վարդանեան նշեց․ «Այս աշխատանոցը Արցախի մէջ երկրորդն է: Առաջինը բացուած է եւ կը գործէ Ստեփանակերտի մէջ: Նախատեսուած է Արցախի առնուազն բոլոր քաղաքներուն մէջ հիմնել այսպիսի աշխատանոցներ, որոնք 14 տարեկանէն վեր պատանիներուն ու աղջիկներուն արհեստագիտական կրթութեան մեծ հնարաւորութիւն կու տան: Մէկ տարի տեւողութեամբ դասընթացքին ԱԹՍ-ներու վերաբերեալ տեսական գիտելիքներ փոխանցել ետք, աշակերտները պիտի կարենան ղեկավարել զանոնք։

Ըստ անոր` անօդաչու թռչող սարքերը հետզհետէ լայն կիրառութիւն պիտի ստանան նաեւ տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու մէջ:

14 Նոյեմբերին Կարմիր շուկայի մէջ տեղի ունեցաւ Թուֆէնքեան բարեգործական հիմնադրամին կողմէ վերակառուցուած Շահնազարեաններու ընտանիքին առանձնատան բնակարանամուտը:

Ըստ ընտանիքին հօր՝ Արտակ Շահնազարեանի, 44-օրեայ պատերազմին թշնամիին հրթիռակոծութեան պատճառով վնասուեցաւ նաեւ իրենց տունը: «Մասնակցելով հայրենիքի պաշտպանութեան` 28 Հոկտեմբեր 2020-ին ոտքերէս վիրաւորուեցայ: Մեզի համար այսօր մեծ ուրախութիւն է, որովհետեւ կարելիութիւն ընձեռուեցաւ ապրելու այսպիսի յարմարաւէտ պայմաններու մէջ», ըսաւ ան: Սահմանամերձ գիւղի բազմազաւակ` 5 երեխայ ունեցող ընտանիքի հայրը իրենց ապագան հայրենի ծննդավայրին մէջ կը տեսնէ: «Ուր ալ ըլլանք, մէկ է` մեր տունն ու տեղը ուրիշ է: Այստեղ մենք բոլորս ալ հոգեպէս ուժեղ ենք», ընդգծեց ան։

Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Թուֆէնքեան հիմնադրամի հասարակական կապերու տնօրէն Ռուբէն Ճանպազեան նշեց, որ իրենց համար նոյնպէս մեծ ուրախութիւն է փոքր լումայ մը ներդրելը սահմանամերձ գիւղերու մէջ։  «Մենք մեր կարելին կ’ընենք, որպէսզի ժողովուրդին դէմքին վրայ ժպիտ ըլլայ», ըսաւ ան հաւաստիացնելով, որ հիմնադրամը պիտի շարունակէ ամուր կանգնիլ արցախցիի կողքին եւ տարբեր ծրագիրներ իրականացնել Արցախի մէջ:

Հիմնանորոգուած է Մարտունիի շրջանի Քերթ գիւղի դպրոցի շէնքը: Ըստ դպրոցի տնօրէն Ստելլա Ղուլեանի` նորոգութեան ծախսերը հոգացած է ռուսաստանաբնակ բարերար Աշոտ Ջիւանեանը։ Նորոգուած դպրոցի վերաբացումը տեղի պիտի ունենայ 25 Նոյեմբերին:

Ըստ տնօրէնին՝ այս տարի աշակերտներուն թիւը աճած է: Այստեղ կը յաճախեն նաեւ Քարահունջ եւ Կաւահան գիւղերու երեխաները: Դպրոցին մէջ կը գործէ նաեւ ինքնաշարժ վարելու դպրոց, Ճարտարի արուեստի դպրոցի մասնաճիւղը, երգի, պարի , նկարչութեան, ըմբշամարտի խմբակներ: Յառաջիկային դպրոցին մէջ կը նախատեսուի նաեւ այգեգործութիւն եւ մեղուաբուծութիւն սորվեցնել աշակերտներուն: Այստեղ կ’աշխատին նաեւ «Դասաւանդի՛ր Հայաստան»-ի ծրագիրով եկած ուսուցիչները, որոնց շնորհիւ բացուած է «Ընթերցասէրներու ակումբ»:

Մշակութային լուրեր

15 Նոյեմբերին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունցաւ 44-օրեայ պատերազմի վերաբերեալ հայ եւ ռուս քաղաքագէտներու վերլուծական յօդուածներու «Փոթորիկ Կովկասում» գիրքի հայերէն հրատարակութեան շնորհանդէսը։

Գիրքի հայերէն թարգամանութիւնը լոյս տեսած է Թուֆենկեան բարեգործական հիմնադրամի «Ե՛կ աշխարհը պիրինիք Արցախ» ծրագրի ծիրէն ներս: Շնորհանդէսին յաջորդեց քննարկում` նուիրուած 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքներուն ու արդիւնքներուն:

15 Նոյեմբերին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Սեւակ Ասրեանի լուսանկարներու «Յիշողութեան ուժը» ալպոմի շնորհանդէսը եւ համանուն ցուցահանդէսի փակման արարողութիւնը:

100 էջնոց ալպումին մէջ զետեղուած են ցուցահանդէսին ներկայացուած 44 լուսանկար` արցախեան բռնագրաւուած տարածքներէն,  անոնց մասին տեղեկութիւններ, քարտէսներ, 192 մեր կորսնցուցած բնակավայրերու ցանկը, 44-օրեայ պատերազմի եւ Արցախի 3 հազար տարուան համառօտ պատմութիւնը : «Յիշողութեան ուժը» լուսանկարներու ալպումի վաճառքէն գոյացած գումարը պիտի տրամադրուի Արցախի մէջ զարգացման ծրագիրներու իրականացման:

18 Նոյեմբերին, Արցախի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբը համերգ ունեցաւ Մարտունիի մշակոյթի պալատին մէջ:

Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ համերգի ընթացքին հնչեցին հայ երգահաններու յայտնի գործիքային ստեղծագործութիւններ։ Նուգախումբը Մարտունիի երաժշտասէր հանրութեան ներկայացուց մասնաւորապէս՝ Կոմիտասի, Արամ Խաչատրեանի, Լիւդուիգ Դուրեանի, Խաչատուր Աւետիսեանի եւ այլ անուանի երգահաններու ստեղծագործութիւններ, ինչպէս նաեւ աշուղական երգարուեստի գոհարներ:

Նուագախումբի տնօրէն Աշոտ Սարկիսեանը տեղեկացուց, որ այս համերգով կը մեկնարկեն «Ազգային մշակոյթը դպրոցում» խորագիրով դաս-համերգներու ծրագիրը, որուն նպատակն է աշակերտներուն մատուցել մաքրամաքուր հայկական մեղեդիներ` զուգահեռ ծանօթացնելով անոնց երաժշտական գործիքներու պատմութեանն ու նշանակութեանը։ Ծրագիրը պիտի շարունակուի նաեւ Արցախի շրջաններու դպրոցներուն մէջ։

12 Նոյեմբեր-ին Մարտակերտի Վանք գիւղի դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ նոյն դպրոցի աշակերտ, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամ Անի Լազարեանի «Նրանք» խորագիրով առաջին գիրքին շնորհահանդէսը, որուն ներկայ էին դպրոցի ուսուցիչները, աշակերտները, գիւղապետը, հեղինակին հարազատներն ու երիտասարդականի անդամներ։

«Նրանք» գիրքին հերոսները յանուն հայրենիքին մարտնչած քաջորդիներն են, որոնք նահատակուեցան արցախեան 44-օրեայ պատերազմին:

Շնորհահանդէսի աւարտին կազմակերպուած էր նաեւ գիրքի նիւթին համապատասխան բեմական ներկայացում` զինուորներու մասնակցութեամբ: