Ընտրեալ Գիրքերը Ընտրեալ Ընկերներ Են․ Հայ Գիրքի Շաբաթավերջ Թորոնթոյի Մէջ


“Հայ Գիրքի Շաբաթավերջ” ցուցահանդէս-վաճառքէն պատկերներ

Արշօ Զաքարեան

-Այս գիրքին վրայ tax պիտի աւելցնե՞նք,- կը հարցնէ ընթերցասէր տիկին մը։

-Ո՛չ, հոս Հայաստան է, – կը կատակէ գրատարածի պատասխանատուներէն մին։

-Տղաս 7 տարեկան է եւ ուսուցչուհին՝ Տիկին Սիլվան, ըսած է, որ անպայման շաբաթը մէկ հայերէն գիրք պէտք է կարդան, – կը դիմէ ծնողք մը Համազգային Յ. Մանուկեան գրադարանի անձնակազմին։

-Ես քովս ճիշդ 100 տոլար ունիմ, – կը յայտնէ ծնողք մը զանազան գիրքեր հաշուեսեղանին տանելով։

-Ձեր հաշիւը 99 տոլար է, – գոհունակ կը պատասխանէ գանձապահը։

-Ուա՜ու, – կը բացագանչէ այցելու մը, այս ի՜նչ գրաւիչ է մանկական եւ պատանեկան բաժինը։

-Ընդհանուր 45 սնտուկ ստացանք այս շաբաթ, 41 հատը Լիբանանի զանազան հրատարակիչներէ, մեծ մասը Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչատունէն, Կաթողիկոսարանի գրատունէն, Տօնիկեան և Շիրակ հաստատութիւններէն։ Նաեւ 5 հատ եւս հայրենի, գանատահայ եւ ամերիկահայ հեղինակներէ ու թարգմանիչներէ։ Ունինք նորութիւններու սեղանը, ուր Վահէ Պէրպէրեանի եւ Սուրէն Չէքիճեանի նոր հրատարակուած գիրքերն ալ կան, նաև Յակոբ Կարապենցի գիրքի թարգմանութիւնը՝ The Book of Adam խորագիրով, առաւել եւս կան վերահրատարակութիւններ, ինչպէս Ծառուկեանի՝ «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ», Սողոմոն Թէհլիրեանի՝ «Արդարահատոյց»ը, Րաֆիի գործերը, Վարդգէս Ահարոնեանի՝ «Յ. Թումանեան Մարդը եւ Գործը», Կարօ Սասունիի, Ռուբէն Տէր Մինասեանի, Արշաւիր Շիրակեանի, Սոնա Զէյթլեանի, Յակոբ Պարոնեանի, Թադէոս Յակոբեանի, Երուանդ Օտեանի եւ այլ մեծամեծներու աշխատանքներ։ Ահա այսպէս կը բացատրեն գրատարածի անդամները «ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ» ցուցահանդէս-վաճառքը այցելող յաճախորդներուն եւ կ՚աւելցնեն.

-Խնդրեմ, ազատօրէն պտըտեցէք եւ ձեր նախասիրածը ընտրեցէք։

Իսկապէս ալ երկա՜ր սեղաններու վրայ շարուած գիրքերը հրապուրիչ, հետաքրքրական եւ անդիմադրելի են։ Այլազան գիրքերու ճոխութեան կողքին, այցելուները կը շուարին յուշանուէրներու սեղաններուն առջեւ, թէ արդեօք որմնազարդերէն, փոքրիկներու շապիկներէն, հայկական խաչերէն կամ խաչքարերէն ո՞ր մէկը ընտրեն, իսկ արուեստագէտ Մերուժան Խաչատրեանի  հայաշունչ եւ իւրօրինակ մետաքսեայ վզնոցներն ու պայուսակները իրենց գեղեցկութեամբ կը հրապուրեն ներկաները։ Արուեստի, ազգային, կրօնական, գրական, բառարաններու, ճաշագրքերու սեղանները նոյնքան ճոխ են, իսկ գրասէր մարդը՝ զեղչեալ գիներով սեղանէն կրնայ գանձեր գտնել։

Ժամանակակից հեղինակներու, ինչպէս՝ Վերա Սիսեռեանի, Արմինէ Յակոբեանի, Նայիրի Շահինեանի, Թալին Տորնայի, Շողիկ Մարգարեանի, Թալին Պատրիկեանի, Ալիք Արզումանեանի, Նունէ Սարգսեանի, Սօսէ Խըտըշեան Պէրպէրեանի, Անահիտ Սարգիսեանի, Զանի Շահինեան Մեսրոպեանի, Նաթալի Աբագարեան Չիմինիի գիրքերը, իրենց պատկերազարդումներով, նկարազարդումներով մագնիսական են և շլացնող։ Գրավարժութեան գիրքերը եւ Հայերէն Այբուբենի որմնազարդերը շատ շուտով կը սպառին։ «Լալա եւ Արա» պուպրիկները եւ «Աղօթող Գետաձին» առաջնահերթ տեղ գրաւած են սեղանին վրայ՝ այս անգամ բաւարար ունինք իւրաքանչէրէն։

Բոլորիս շատ սիրելի Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 153-րդ տարեդարձն է։ Իր անմահ ստեղծագործութիւններով է, որ մենք կը տօնենք Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին տարեդարձը։ Նաև Փետրուար 19-ը հայերէն գիրքեր նուիրելու օր է։ Ի՜նչ գեղեցիկ զուգադիպութիւն։

Գրատարածի յանձնախումբը խիստ ուրախ է, որովհետեւ Փետրուար 18-էն 20-ը կլիման մեղմացած եւ ձիւնամրրիկի մը ահազանգը վերջ գտած էր, հետեւաբար, ծնողները կրցան երբեմն նոյնիսկ երկու անգամ այցելել եւ ընտրել մանկական, աշակերտական եւ պատանեկան գիրքեր՝ ինչպէս Խնկոյեանի Առակները, Յ. Թումանեանի եւ Ղ. Աղայեանի հեքիաթները։

Բացայայտ է, Համազգայինի անդամներու ներքին հրճուանքը եւ գոհունակութիւնը, երբ այցելուները կը վկայեն, թէ ինչպէս հայ գիրքը հայ օճախներուն մէջ կը տեղաւորուի, նաեւ երբ ամէնօրեայ եւ շաբաթօրեայ վարժարաններու պատասխանատուներն ու ուսուցիչները, ոգեւորութեամբ, այլազան գիրքեր կը գնեն իրենց դպրոցներուն կամ անձնական գրադարաններուն համար։

Արդարեւ, ընտրեալ գիրքերը ընտրեալ ընկերներ են։