Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախմբի (ANCA) իրաւական հարցերու ղեկավար Ռաֆֆի Գարագաշեան Հայաստանի եւ Արցախի համար 70 միլիոն տոլար արժող «խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում» օգնութեան փաթեթի առաջարկ մը ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին:
Յանձնախումբը դիմած է Ծերակոյտի` 2019 ելեւմտական տարուան արտաքին օգնութեան օրինագիծի մշակման համար պատասխանատու յանձնաժողովին` կոչ ընելով 70 միլիոն տոլարի օգնութեան փաթեթ տրամադրել Արցախի ականազերծման եւ վերականգնման, սահմանէն դիպուկահարներու հեռացման Ռոյս-էնկել նախագիծի կեանքի կոչման, Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան տնտեսական եւ ռազմական համագործակցութեան ծաւալման եւ Հայաստանին իբրեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ փախստականներու ապաստարան աջակցելու համար։
Ռաֆֆի Գարագաշեան առաջարկած է 6 միլիոն տոլար տրամադրել Արցախին` ականազերծման եւ հաշմանդամներու վերականգնման համար եւ 4 միլիոն տոլար` խաղաղութեան աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ 30 միլիոն տոլար Հայաստանին` իբրեւ տնտեսական օգնութիւն, 10 միլիոն տոլար` իբրեւ ռազմական օգնութիւն, 20 միլիոն տոլար` իբրեւ Մերձաւոր Արեւելքէն փախստականներ ընդունելու համար օգնութիւն: Կ՝առաջարկուի նաեւ կասեցնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օգնութիւնը:
ANCAի ներկայացուցիչը կոչ ուղղած է յանձնաժողովի անդամներուն` Թրամփի վարչակազմին դրդելու ամբողջապէս կիրառելու ԱՄՆ-Հայաստան առեւտուրի եւ ներդրումներու շրջանակային համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ վերջնականապէս արդիականացուած կրկնակի հարկումը բացառելու համաձայնագիր ստորագրելու: