Խոհարարին բանակումը


Լոռի Պէրպէրեան

Հոկտեմբերի վերջընթեր շաբաթավերջին ՀՄԸՄ-ի երէց-պարմանուհիները, ինչպէս նաեւ իրենց խմբապետները մեկնեցան աշնանային բանակումի: Անոնց ընկերակցեցան խումբ մը սկաուտներ, որոնք ոչ երեց էին, ոչ պարմանուհի, ոչ ալ խմբապետ։ Մեզ կը կոչեն աւագ երէցներ՝ խմբապետ դառնալու պատրաստուող սկաուտներ: Մենք պատասխանատու չէինք բանակումին ծրագիրը մշակելու կամ որեւէ ծրագրի հետեւելու։ Ունէինք մէկ պարտականութիւն․ սնունդ ապահովել յիսուն երիտասարդի՝ երեք օրեր շարունակ:

Թէեւ չորսս մեր տուներէն ներս հազիւ մէկ ճաշ կամ ընթրիք մը պատրաստած էինք, իրարմով խանդավառուած առաջարկեցինք բանակումին խոհարարի գործը ստանձնել: Այս մէկը անգիտակցաբար չըրինք. նախապէս գիտէինք այս պատասխանատուութեան հետ եկող ազատութիւնները ու մտադիր էինք ամբողջովին վայելելու մեր առաջին ազատ ժամանակացոյցով բանակումը։

Ուրբաթ գիշերուընէ մինչեւ Կիրակի առտու, բոլոր նախաճաշ-ճաշ-ընթրիքները պատրաստեցինք: Ձեզի համար թերեւս այնքան զարմանալի չէ մեր իրագործութիւնը, բայց մենք մեր կերակուր պատրաստելու կարողութեան սահմանը շատ լաւ գիտէինք ու մենք մեզմով հիացանք: Զգուշօրէն հետեւելով երէցներու խմբապետին պատրաստած կերակուրի չափերու ցուցակին եւ մասնաճիւղի խմբապետին ուղղութեան, չորս-հինգ ձեռքով պատրաստեցինք մեծաքանակ համեղ լոլիկով ապուր, հաւի խորոված, մամունիա, ֆուլ, չինական ճաշատեսակ մը, պանիրով ու միսով հաց ու այլ ուտելիքներ՝ անոնց ընկերակցող ըմպելիքներով: 

«Թէեւ չորսս մեր տուներէն ներս հազիւ մէկ ճաշ կամ ընթրիք մը պատրաստած էինք, իրարմով խանդավառուած առաջարկեցինք բանակումին խոհարարի գործը ստանձնել»: (լուսանկարները տրամադրած է հեղինակը)

Առաջին նախաճաշը հարիւր հատ տապկուած հաւկիթ ու երշիկ էր, որոնք հազիւ տասնհինգ վայրկեան քնացած աչքերով պատրաստեցինք: Հետեւա՞նքը. միասնական որոշումը՝ մէկ տարի հաւկիթ չուտելու: Ճաշ պատրաստելու ընթացքին բոլոր խոհարարները, առանց բացառութեան, կու լային։ Մանրուող սոխին «ողբերգութիւնը» կը յուզէր բոլոր անոնք, որոնք խոհանոց ոտք կը կոխէին։ Ընթրիքին՝ հաւի կողքին այնքան փիլաւ ու կանաչեղէն տաքցուցինք, կարծես բանակ մը պիտի կերակրէինք։ Սակայն առանց կասկածի սովորական բանակումի մը ճաշերուն  որակը  գերազանցեցինք. կերակուրները  թագաւորական էին:   

Փաստօրէն, կերակուր պատրաստելը մեր մայրերուն գործադրած դիւրութիւնը չունէր: Սակայն որքան ալ սպառող էր աշխատանքը տաք խոհանոցին մէջ, ճաշի պատրաստութեան ընթացքին պատահող դէպքերը մեր մտքերը բաւարար զբաղ պահեցին ու մեզ չարտօնեցին, որ անգամ մը իսկ գանգատինք: Հետաքրքրական փորձառութիւն էր բազմաթիւ խոհարարներով մէկ ճաշ եփելու աշխատանքը: Չհամոզուեցանք յաճախ ըսուող՝ «խոհանոցին մէջ երկու խոհարար չըլլար» խօսքին, թէեւ, մի քանի առիթներու մօտեցանք այս եզրակացումին լ: Գրեթէ ամբողջ ժամանակը համերաշխաբար ճաշ կ’եփէինք միասին. նաեւ կային պահեր, երբ մեր ճամբաները կը խաչաձեւէին նեղ խոհանոցին մէջ ու մէկը կամ կը թրջուէր կամ ալ համեղ ճաշը գետնին համտեսել կու տար: Եղան նաեւ անհամաձայնութիւններ սոխ ու սխտոր մանրելու նուրբ արուեստին ու աշխատանքի արագութեան շուրջ, սակայն մեր մեծ ախորժակը չէր արտօներ, որ ճաշէն զատ ուրիշ բանի մը վրայ կեդրոնանայինք: Այդպիսով, շուտով կը վերադառնայինք սահուն գործընթացի: Օրուան վերջաւորութեան, արդէն բոլորս սպառած, կարգով քուն կը քաշէինք մեզի տրամադրուած փոքրիկ սենեակին մէջ:

Ընդհանուր առմամբ, աշխոյժ ու խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցինք խոհանոցին մէջ։ Ճաշ պատրաստելու ժամանակ կը պարէինք ու կ՚երգէինք մեր DJ/խոհարար եղբօր զատած  ճոխ հայկական երգերը: Մեր սրտանց երգեցողութիւնները եթէ լսէիք, մեզի բանակումին աշուղները կը կարծէիք։ Իսկ երբ ճաշ չէինք եփեր, իրարու վրայ կը կատակէինք, քայլարշաւներու կ՚ելլէինք ու կրակին շուրջ նստած՝ մեր կեանքի պատմութիւնները կը բաժնեկցէինք մինչեւ աստղերը անհետանային։

Հեղինակը՝ գործի վրայ (լուսանկարը տրամադրած է հեղինակը)

Մենք՝ խոհարարներս, չէինք պատկերացներ, որ խոհանոցին մէջ ինչ բաներ պիտի սորվէինք ու անմոռանալի յիշատակներ պիտի ստեղծէինք: Նախ եւ առաջ, խոհարարութիւնը մեր չարքաշութիւնը փորձեց. հազար հատ թիթեղէ տուփ բանալէ ետք ձեռքէս արդէն արիւն կը հոսէր։ Նաեւ, մեր միասնական հետեւողական աշխատանքը մէկ նպատակի համար մեզի անդադար կը գոհացնէր։ Իրարմէ ալ սորվեցանք խոհանոցի հմտութիւններ․ համեմել, աչքի չափ գործածել, համբերել։ Ուս-ուսի քնացած ժամանակն ալ սաւառնեցանք իրարու տարբեր մարտահրաւէրներու գագաթներուն վրայէն ու զիրար աւելի մօտէն ճանչցանք։