Հալթըն-Փիլի հայ գործարարներու միութիւնը կը շարունակէ իր աշխատանքը. հարցազրոյց


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

2017 թուականին հիմնուած Հալթըն-Փիլի հայ գործարարներու միութիւնը (Armenian Business Network Halton-Peel – ABNHP) Հալթըն եւ Փիլ տարածաշրջանի հայ գործարարները կը համախմբէ եւ արդիւնաբերութեան ու համագործակցութեան ծիրէն ներս օրէ-օր զարգանալով աշխոյժ կը պահէ գործարարներու, առեւտրականներու եւ վաճառականներու առաջ եկած բեղուն աշխատանքին արդիւնքը։ «Թորոնթոհայ»-ը վերջերս զրուցեց ABNHP-ի ներկայացուցիչներէն պրն. Վանիկ Ճէլիլեանին հետ:


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս հիմնադրուած է ձեր կազմակերպութիւնը:

Վանիկ Ճէլիլեան-  Մեր կազմակերպութիւնը կը կոչուի ABNHP, որ Armenian Business Network Halton-Peel յապաւումն է։ Գաղափարի յղացումը կատարուեցաւ 2017 թուականին` Տէր Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեանի կողմէ. ան փափաք յայտնեց, որ գաղութին մէջ կազմակերպենք հայ գործարարներու միութիւն մը: Գաղափարէն մեկնելով ծրագիրը աւելի զարգացուցինք եւ կարկինը լայն բանալով՝ տարածեցինք եւ ներառեցինք բաւական մեծ թիւով հայ գործարարներ։ 2017 թուականին մեր հաղորդակցութիւնը կազմուեցաւ չորս անդամներով  եւ տարիներու ընթացքին զարգացաւ։ Այդ անդամներն էին՝ Վազգէն Ալթունեան, Շիրազ Գէորգեան, Հերման Խաչիկեան եւ յանձինս` Վանիկ Ճէլիլեան։

Շատ հետաքրքրական  կ’անցնէին մեր հաւաքոյթները, եւ համագործակցութեան գաղափարը իր շուրջ կը համախմբէր նոր գործարարներ եւ ընկերութիւններ. ուստի քայլ առ քայլ սկսանք զարգանալ եւ նոր անդամներ ու հիւրեր ունենալ։ Նորամուտ աշխոյժ անդամ է նաեւ Գէորգ Սըվաճեանը։

ՏՄԿ- Ի՞նչ է կազմակերպութեան նպատակը, որո՞նք են կազմակերպութեան մասնակից գործարար անդամները եւ ի՞նչպիսի յատկութիւններ ունին անոնք գործի բերումով եւ  կազմակերպութեան ծառայելու առումով։

ՎՃ- Գաղափարը՝ զօրացնել հայ գործարարներու կապերը, որպէսզի անոնք համագործակցութիւն եւ հաղորդակցութիւն ունենան իրարու հետ համայնքի տարածքին: Իսկ արտածող ու ներածող առեւտրականներու պարագային` արտերկրի հայ գործարարներուն հետ կապեր ունենալու առիթը ընծայել անոնց, անկասկած կապը նաեւ Հայաստանի գործարարներուն հետ։

Ներկայիս ունինք 50 անդամներ, որոնք կը ներկայացնեն տարբեր ճիւղեր, օրինակ` փաստաբան, հաշուակալ, ճարտարապետ, ոսկերիչ, առեւտրական, ապրանք ներածող եւ արտածող, փոքրաքանակ կամ մեծաքանակի վաճառական, դեղագործ եւ այլն։ Ունինք կայքէջ մը, որ կը ներկայացնէ մեր բոլոր անդամները։

Կազմակերպութեան նպատակը կապեր ստեղծելն է ո՛չ միայն իրարու հետ, այլ նաեւ՝ ընդհանուր գաղութին։ Օրինակ՝ դուրսէն Գանատա գաղթած երիտասարդներուն գործ հայթայթել. այսինքն՝ այդ նորեկ երիտասարդներուն, որոնք աւելի հանգիստ զգալու համար կ’ուզեն հայերէնով հաղորդակցիլ հայ գործարարներու հետ, աւելի հանգիստ եւ համարձակ զգալու համար: Հետեւաբար, անոնք մեր անդամներուն ցոյց կու տան իրենց աշխատանքի յատկութիւնը, ձիրքը, մասնագիտութեան առաւելութիւնը, որոնց արդիւնքով համագործակցելու, աշխատելու եւ իրարու հետ կապեր ստեղծելու առիթ կ’ունենան անոնք։

ՏՄԿ- Տարիներու ընթացքին ինչպիսի՞ ծրագիրներ իրականացուցած է կազմակերպութիւնը եւ ի՞նչ յաջողութիւններ արձանագրած է։

ՎՃ- Հինգ տարիներու ընթացքին կազմակերպեցինք յաջող ծրագիրներ. որպէս հիւր ունեցանք Միսիսոկայի քաղաքապետուհի Պոնի Քրոմպին, որուն հետ հարցադրումներ ընելու եւ պատասխաններ ստանալու առիթը ունեցանք: Արդիւնքով ան հիացած էր հայ գործարարներու աշխոյժ գործունէութեան եւ Գանատային բերած իրենց ներդրումներուն եւ յաջողութիւններուն համար։

Այլ հաւաքոյթի մը ընթացքին, որպէս հիւր ունեցանք՝ Միսիսոկայի առեւտուրի պալատի (Mississauga Chamber of Commerce) առեւտուրի յանձնակատար պարոն Պրետ Պաթը, որ նախապէս Գանատայի խորհրդարանի անդամ էր։ Ան իր պաշտօնին բերումով տարիներ առաջ Հայաստան եւ Լիբանան այցելած է եւ շատ լաւ տպաւորուած հայերով, ինչպէս նաեւ սերտ կապեր ունի՝ թէ գանատահայերուն, թէ լիբանանահայերուն հետ։ Այդ հանդիպման ընթացքին, պարոն Պաթը շատ հետաքրքրական եւ արդիւնաւէտ գաղափարներ տուաւ գործարարներուն եւ այդ միտքերը լաւ արդիւնքներու առիթ տուին յետագային։

Այս հաւաքոյթներու արդիւնքով է, որ մեր անդամներուն՝ իրարու հետ ունեցած համագործակցութիւնները լաւ հիմքերու վրայ կառուցուած է առ այսօր։

Քորոնայի համավարակի ընթացքին, բնականաբար մենք ալ ազդուեցանք, սակայն անցնող ամիսներու ընթացքին սկսանք աշխուժանալ եւ մեր ծրագիրները յաջող ձեւով կ’ընթանան։ Հետեւաբար, Մայիս ամսուան մէջ, փաստաբան Արմէն Նազարեանը մեզի հրաւիրեց ծանօթացման հանդիպումի մը։ Այդ օրուան շքեղ ճազային համերգի ընկերակցութեամբ գոյացած բացառիկ ձեռնարկը նաեւ յատուկ էր նոր եւ երիտասարդ անձերու եւ գործարարներու ներկայութեամբ։ Անոնք եկած էին գործի վերաբերեալ կարծիքներ լսելու, յաջողութեան համար ծրագիրներ իմանալու, համագործակցութեան առիթ ունենալու եւ գաղափարներ փոխանակելու։

ՏՄԿ- Հայաստանի մեր հայրենակիցներուն եւ Միսիսոկայի հայկական գաղութին հետաքրքրող ի՞նչպիսի ծրագիրներ ունեցած էք։

ՎՃ- Գանատայի հայ գործարարներու գործունէութեան աշխուժութիւնը եւ բարձր անունն ու ճանաչումը պահելով մէկտեղ՝ գործեր հայթայթած ենք Գանատա գաղթած մեր հայրենակիցներուն, եւ երիտասարդ ոյժերուն առիթ տուած ենք իրենց կարողութիւնն ու աշխատունակութիւնը իրենց գործով արտայայտելու։

Մեր կազմակերպութիւնը օգնութեան ձեռք երկարած է նաեւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով տուժած մեր հայրենակիցներուն, եւ մեր համեստ լումաները ղրկած ենք մեր հայրենակիցներուն ցաւերը ձեւով մը մեղմացնելու նպատակով։

ՏՄԿ- Որո՞նք են ձեր կազմակերպութեան յառաջիկայ ծրագիրները։

ՎՃ- Յառաջիկայ օրերուն մէջ ունինք զանազան նոր ծրագիրներ, բայց անոնցմէ ամէնէն իւրայատուկ եւ սպասուած ձեռնարկը պիտի կայանայ 30 Սեպտեմբերին ժամը 7:30-ին, «Քրիստըլ կրենտ» սրահին մէջ։

Ուրախութեամբ կ’ուզեմ յայտարարել, որ արուեստագէտ-կիթառահար եւ բազմաթիւ մրցանակներու դափնեկիր Լեւոն Իշխանեանի ճազային համերգը պիտի կայանայ այդ երեկոյ եւ բոլորս պիտի վայելենք արուեստագէտին բացառիկ կատարումները։

Երաժշտական երեկոյին տոմսերը փափաքողները կրնան դիմել ahovnanian@hotmail.com ե-հասցէին: