«Ամերիկացի» (ֆիլմ). ակնարկ


«Ամերիկացի» (Amerikatsi), 2022 (125 վայրկեան)
Բեմադրիչ՝ Մայքլ Ա. Կուրճեան
Հեղինակ՝ Մայքլ Ա. Կուրճեան
Դերակատարներ՝ Մայքլ Ա. Կուրճեան, Յովիկ Քէոչքրեանի, Նարինէ Գրիգորեան, Միխայլ Թրուխին, Նելի Ուվարովա, Արման Նաւասարդեան, Դաւիթ Յակոբեան, Ժան-Փիէռ Նշանեան, Լեռնիկ Յարութիւնեան
Ֆիլմարտադրողներ՝ Վարդան Պարսումեան, Մայքլ Ա. Կուրճեան, Արման Նշանեան, Ռոպերթ Պատրիկ Մալխասեան, Արման Նշանեան
Արտադրող ընկերութիւն՝ People of Ar Productions

Այս տարուան «Ոսկէ ծիրան» միջազգային ֆիլմի փառատօնի մեկնարկը տեղի ունեցաւ 10 Յուլիս, 2022-ին, Երեւանի «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահէն ներս, Հայաստանի մէջ նկարահանուած ու երկար սպասուած «Ամերիկացի» ֆիլմով:

Ֆիլմին պատմութիւնը կը սկսի 1947 թուականին, երբ Հայկական ցեղասպանութենէն վերապրող եւ Միացեալ Նահանգներ ապաստան գտած Չարլին (դերասան՝ Մայքլ Կուրճեան), ընդառաջելով Խորհրդային Միութեան հայրենադարձութեան կոչին՝ կու գայ Հայաստան: Չարլիին՝ հայրենիքի հետ կապուած բոլոր յոյսերն ու սպասումները շուտով կը մարին, երբ Ամերիկահայ հայրենադարձը կը բախուի համայնավարութեան դաժան իրականութեան հետ։ Չարլին կը դատապարտուի իր «արեւմտեան հակումներուն» (փողկապ կապելու անհեթեթ յանցագործութեան մեղադրանքով) պատճառով, կը ձերբակալուի եւ կը բանտարկուի:

Ֆիլմէն տեսարան մը (լուսանկարը տրամադրած է Հայաստանի ազգային կինոկեդրոնը)

Չարլին հայերէնին չի տիրապետեր, եւ որպէս ամերիկացի՝ հայաստանեան մշակոյթը իրեն համար բոլորովին խորթ է, հետեւաբար, յաճախակի անհասկացողութիւններն ու թիւրիմացութիւնները, ինչպէս նաեւ իր կրած հերթական ֆիզիքական պատիժները պատճառ կը դառնան, որ Չարլին ընկճուի եւ յանձնուի:

Ամէն ինչ կը փոխուի սակայն, երբ ան կը յայտնաբերէ, թէ իր խուցի պատուհանէն կրնայ տեսնել բանտին մօտ գտնուող բազմաբնակարան շէնքի բնակարաններէն մէկուն մէջ ապրող հայ զոյգ՝ Ռուզանն ու Տիգրանը (դերասաններ՝ Նարինէ Գրիգորեան եւ Յովիկ Քէոչքրեանի): Անոնք շուտով կը դառնան Չարլիին միակ կապը արտաքին աշխարհին հետ։ Չարլին, իր խուցին մէջ, իրենց հետ կը ճաշէ ու կ’ընթրէ, կ’երգէ ու կը պարէ, կ’ուրախանայ ու կը տխրի, կը խնդայ ու կու լայ եւ նոյնիսկ առանց իսկ անդրադառնալու կը սկսի ճանչնալ՝ իրեն համար նախապէս բոլորովին անծանօթ հայկական մշակոյթը։

«Ամերիկացի»-ին գլխաւոր դերասանական կազմը գերազանց է: Ֆիլմին բեմադրիչն ու գլխաւոր դերակատարը Ամերիկահայ գրող եւ դերասան, «Էմմի» մրցանակի դափնեկիր Մայքլ Կուրճեանն է, որ վարպետօրէն կը մարմնաւորէ Չարլին: Ձեզմէ շատերը հաւանաբար Կուրճեանը յիշեն Party of Five” հեռատեսիլի Ֆիլմաշարէն. տարիներ առաջ ան նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Թորոնթոյի Համազգային «Նուռ» ֆիլմի փառատօնին:

Ֆիլմին բեմադրիչն ու գլխաւոր դերակատարը Ամերիկահայ Մայքլ Կուրճեանն է (լուսանկարը տրամադրած է Հայաստանի ազգային կինոկեդրոնը)

Համաշխարհային ճանաչում ունեցող “Money Heist” (“La casa de papel”) Ֆիլմաշարէն յայտնի լիբանանածին, այժմ սպանահայ դերասան՝ Յովիկ Քէոչքրեանի փայլուն կատարումը հիանալի է ու ամբողջապէս բնական: Հաճելի է նաեւ Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի թատրոնի կազմէն, մեր գաղութին ծանօթ՝ Նարինէ Գրիգորեանին, Արման Նաւասարդեանին ու Դաւիթ Յակոբեանին արհեստավարժ կատարումները տեսնել:

Ֆիլմին երաժշտութիւնը գրած է հանրածանօթ երաժիշտ, երգահան, եւ խմբավար՝ Անդրանիկ Պէրպէրեանը. երաժշտութեան ձայնագրութիւնը կատարած է Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիկի հետ՝ մայեսթրօ Էդուարդ Թոփչեանի ղեկավարութեամբ: Ակնդիրները նաեւ պիտի վայելեն տաղանդաւոր թառահար եւ երգահան Միքայէլ Ոսկանեանի ու շարք մը այլ ժողովրդական նուագարաններու կատարողներու գեղեցիկ ու իւրայատուկ երգերը:

Ֆիլմին ընթացքը բնական է. երկխօսութիւնը քիչ է ու կան միապաղաղ թուացող տեսարաններ, սակայն հիւմորն անպակաս է ֆիլմի ընթացքին: Լրջօրէն գնահատելի է ֆիլմի բեմադրական ձեւաւորումը, ուր ցուցադրուած տեսարաններու ընդմէջէն դիտողը կը տեղափոխուի Խորհրդային Հայաստան:

«Ամերիկացի»-ն զգացումներով ու ապրումներով լի գործ մըն է, որ անպայման կ’արժէ դիտել, մանաւանդ անոնց համար, որոնք հետաքրքրուած են Խորհրդային Հայաստանի «Մեծ հայրենադարձութեան» յաճախակի ողբալի պատմութիւններով:

Յոյսով ենք, որ «Ամերիկացի»-ն մաս կը կազմէ «Նուռ» ֆիլմի փառատօնի ֆիլմացանկին, որպէսզի Թորոնթոյի հանրութիւնն ալ շուտով կրնայ համտեսել այս համով պատրաստութիւնը:

«Թորոնթոհայ»