Մղձաւանջ


Լոռի Պէրպէրեան

Կը դիտենք հայրենիքի վիճակը հեռուէն
Կարծես ան ըլլար ճնշիչ մղձաւանջ.
Յորդող դժբախտութիւն ու տառապանք,
Ի վերջոյ՝ կարճատեւ ու երեւակայական։

Ցաւով կը դիտենք. կը դիտենք երկար ժամանակ,
Կացութիւնը չի բարելաւուիր սակայն,
Այնքան ատեն որ անշարժ պառկած ենք
Յաջորդ պատկերին յայտնուիլը կը սպասենք:

Ի՞նչ պէտք է պատահի որ մենք ուշքի գանք.
Մեր զաւա՞կը զոհուի որ զգաստանանք,
Թէ մեր տունը մոխրանայ, որ ըմբոստանանք
Ու հարցին վրայ կեդրոնանանք:

Ինչի՞ կը սպասենք. չունինք պատասխան.
Նոյնիսկ չենք թափանցած հարցին խորքն այդքան,
Կ՛ամչնանք ընդունելու յստակ աւարտը պատմութեան,
Որովհետեւ մեր ծուլութիւնն է մղիչ ուժը այդ պարտութեան։

Նժդեհը այսպէ՞ս պաշտպանեց Սիւնիքը թուրքէն,
Արամն այսպէ՞ս պահեց վերապրողները ջարդէն։
Կարելի՞ է անշարժութեամբ փրկել Արցախը.
Չէ՜, այդպէս լոկ կը յառաջացնենք ազգին վախճանը։

Մենք քնացած ենք ու դեռ կը քնանանք.
Արդեօք ե՞րբ բոլորս պիտ՚ անդրադառնանք
Թէ այս մղձաւանջ մը չէ անիմաստ ու անցողական,
Այլ փոփոխելի իրականութիւն՝ հետեւանքով վերջնական։