Պաշտօնական այցելութեամբ Յունաստան գտնուող նահանգային խորհրդարանի անդամ՝ թորոնթոհայ Արիս Պապիկեան, 26 Յուլիսին այցելեց «Ազատ օր»-ի խմբագրատունը:
Պապիկեանին մեծ մայրը՝ մօր կողմէ ծագումով պոնտացի եղած է։ Երեսփոխանը Յունաստան կը գտնուէր յունական ծագումով 93 այլ երեսփոխաններու հետ, որոնք պաշտօնապէս հիւրընկալուեցան Յունաստանի պետութեան կողմէ։ Պապիկեան անդամ է Համաշխարհային յունական միջխորհրդարանական միութեան եւ այս հանգամանքով ալ ան մաս կազմեց Յունաստան այցելութեան ծրագիրին։
Ըստ «Ազատ Օր»-ի թղթակցութեան, Պապիկեան խմբագրական կազմին հետ շահեկան զրոյց մը ունեցաւ. Անոնք խօսեցան երեսփոխաններու ունեցած հանդիպումներուն մասին, նշելով Յունաստանի վարչապետին հետ հանդիպումը, ինչպէս նաեւ տեսակցութիւններ այլ քաղաքական եւ պետական անձնաւորութիւններու հետ, որոնց ընթացքին արծարծուեցան եւ քննուեցան Յունաստանի հետ առնչուած միջազգային քաղաքական հարցերը եւ մարտահրաւէրները։
Ըստ «Ազատ օր»-ին, երեսփոխանները նաեւ առիթը ունեցան մասնակցելու յատուկ համագումարի մը Քասթելորիզոյի եւ Ռոտոսի մէջ, ներկայութեամբ օտար դիւանագիտական եւ ակադեմական ներկայացուցիչներու։ Գլխաւոր բանախօսն էր Յունաստանի նախկին նախագահ՝ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս։
Գանատահայ համայնքին իր 32 տարուան անխոնջ ծառայութեան ընթացքին ան չորս տարի գործած է որպէս պատասխանատու վարիչ տնօրէն Գանտայի Հայ դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակին մէջ:
Պապիկեան «Ազատ օր»-ի խմբագրակազմին շահեկան տեղեկութիւններ տուաւ Գանատայի մէջ Հայ դատի աշխատանքներուն մասին, նշելով Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդութեան կարեւորութիւնը երկրի վարժարաններէն ներս։ «Ան նշեց, թէ յանձնախումբի ու անոր մասնաճիւղերու աշխատանքը բազմամակարդակ է, ընդգրկելով քաղաքական եւ պետական շփումներ, ինչպէս նաեւ թուրք եւ ազերի շրջանակներուն կողմէ հակահայ շարժումները կասեցնելու աշխատանքներ։ Յանձնախումբի գլխաւոր հետապնդումերէն մէկը եղած է թրքական անօդաչու սարքերուն համար գանատական մասնիկներու վաճարման արգիլումը։ Ան նաեւ գոհունակութեամբ անդրադարձ կատարեց Երեւանի մէջ Գանատայի կողմէ դեսպանատուն հաստատելու ծրագիրին մասին», թղթակցութիւնը կը յայտնէ:
Նախքան իր ընտրուիլը 2018 թուականին, Պապիկեան Օնթարիոյի Միսիսոկա շրջանի քաղաքացիութեան դատաւորի պաշտօնը վարած է վեց տարի: Ան երկար տարիներ նաեւ վարած է Armenian National Federation of Canada-ի նախագահի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ վարած է Canadian Ethnocultural Council-ի քարտուղարութիւնը: Իբրեւ լրագրող անդամակցած է National Ethnic Media and Press Council of Canada-ի: Գանատայի դաշնակցային դրութեան հիմնադրման 125-ամեակին առթիւ ան արժանացած է Մեծն Բրիտանիոյ թագուհիին գնահատական շքանշանին: