Արցախն այս շաբաթ


Քաղաքական եւ ապահովական վիճակը Արցախի մէջ

— Մինչեւ 25 Oգոստոսը, բնակավայրերը լքելու համար տրուած վերջաժամկէտը, Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Ներքին Սուսի բնակիչները վերջին իրերը դուրս բերին տուներէն: 

Արցախի Տարածքային կառավարման նախարարի մամուլի խօսնակ Վիկտորիա Պետրոսեան նշած է, որ տարհանուած բնակիչներու մեծամասնութիւնը ցանկութիւն յայտնած է հաստատուիլ Հայաստանի տարբեր բնակավայրեր: Արցախ հաստատուող ընտանիքներուն թիւը տակաւին յստակ չէ: Անոնք ժամանակաւորապէս կը տեղաւորուին Ստեփանակերտի հիւանոցներ։ Օգոստոսի վերջը պատրաստ կ’ըլլան տարհանուած ընտանիքներու բնակարաններ գնելու վկայականները: Անոնք պիտի հաստատուին այն բնակավայրերը, ուր իրենք ցանկութիւն կ’ունենան:

Հայաստան տեղահանուած բնակիչներէն շատերը հաստատուած են Սիւնիքի մարզ, միւսները տեղափոխուած են այն բնակավայրեր, ուր հարազատներ ունին: Սիւնիքի մարզպետի օգնական Արմինէ Աւագեան տեղեկացուցած է, որ Բերձորէն եւ Աղաւնոյէն իրենց մօտ բնակութիւն հաստատելու ցանկութիւն յայտնած է 20 ընտանիք: «Մինչ այժմ Սիւնիքի մարզպետարանը աջակցած է բեռնափոխադրումներու հարցով, օգնած՝ կացարան գտնելու:

Հիմնականօրէն անոնք տեղափոխուած են Գորիսի եւ Սիսիանի տարածաշրջաններ», նշած է ան՝  աւելցնելով, որ մարզպետարանը ուշադրութեամբ պիտի հետեւի այդ ընտանիքներու խնդիրներուն` փորձելով անոնց լուծումներ տալ:

— Արցախի Ներքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ Արցախը Հայաստանին կապող միջպետական մայրուղիի Շուշի-Բերձոր-Գորիս ճանապարհահատուածը պիտի գործէ մինչեւ 31 Օգոստոսը ներառեալ:

Նշուած ժամանակին մէջ Արցախ մտնող եւ դէպի Հայաստան ելք կատարող քաղաքացիներուն ազատ ու անվտանգ երթեւեկութիւնը պիտի ապահովեն ռուս խաղաղապահները:

Իսկ եր՞բ պիտի գործէ Ստեփանակերտ-Գորիս նոր երթուղին, Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեան յայտնած է, որ անիկա պիտի սկսի գործել Սեպտեմբերէն սկսեալ:

«Այլընտրանքային նոր ճանապարհով  երթեւեկութիւնը պիտի սկսի ռուս խաղաղապահ զօրակազմի անցակէտերու տեղակայումէն ետք: Այդ ընթացքին պատրաստ պիտի ըլլայ ժամանակաւոր` 4,5 քիլոմեթրանոց հատուածը, որուն մէկ մասը արդէն կուպրապատուած է եւ մօտ օրերս ամբողջութեամբ պատրաստ կ’ըլլայ: Կ’ենթադրուի, որ Սեպտեմբերի առաջին շաբաթուան ընթացքին երթեւեկութիւնը արդէն պիտի կազմակերպուի նոր ճանապարհով»։

Ըստ անոր՝ կ’ընթանայ նաեւ ենթակառուցուածքներու տեղափոխումը: «Կապի հարցը  արդէն լուծուած է: Ելեկտրագիծերու տեղափոխումը  դեռ  ժամանակ կ’ուզէ, իսկ կազի համար, ինչպէս արդէն նշած եմ, այլ լուծումներ պիտի փնտռուին»:

— 25 Օգոստոսին «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ Արցախի  կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան տեղեկացուցած է, որ ընդհանուր առմամբ երեք բնակավայրերէն դուրս բերուած են մօտ 46 յուշակոթողներ, ինչպէս նաեւ Բերձորի քաղաքային գրադարանի գիրքերու ֆոնտը։ «Տարհանուած են խաչքարեր, յուշարձաններ, յուշաքարեր, որոնք նուիրուած են ազգային հերոսներուն, Հայոց ցեղասպանութեան, յիշարժան տարբեր իրադարձութիւններու», ըսած է ան` համոզուած ըլլալով, որ իրենց տեղերը մնալու պարագային այդ յուշարձանները ազրպէյճանցիներու կողմէ պիտի ենթարկուէին ոչնչացման:

Ընդհանուր առմամբ երեք բնակավայրերէն դուրս բերուած է մօտ 46 յուշակոթողներ (լուսանկար՝ Արցախպրեսի)

Տեղափոխուած կոթողներուն համար յարմար վայր ընտրելու համար կան տարբեր առաջարկներ։ Արցախի թեմի կողմէ առաջարկ եղած է Ստեփանակերտի Ս․ Աստուածամօր Հովանի մայր տաճարի տարածքին պուրակ ստեղծել, ուր կրնան տեղադրել տարհանուած խաչքարերն ու յուշակոթողները, ըսած է ան՝ ընդգծելով, որ բոլոր տարբերակները պիտի քննարկուին եւ խնդրին լուծում տրուի:

Տարհանուած կոթողներու շարքին առանձնայատուկ արժէք ունի Աղաւնոյի Ս․ Նահատակաց եկեղեցիէն տեղափոխուած խաչքարը, որ կը թուագրուի 11-12-րդ դարերով: Խաչքարը պիտի տրամադրուի Արցախի պետական պատմաերկրագիտական թանգարանին:

Ընդհանուր առմամբ երեք բնակավայրերէն դուրս բերուած է մօտ 46 յուշակոթողներ (լուսանկար՝ Արցախպրեսի)

— Հայաստանի Ազգային ժողովի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու յանձնախումբի նախագահ Թագուհի Թովմասեան տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը արձագանգած է Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ իր նամակին:

«Ռուսիոյ գործընկերներուս ուշադրութիւնը հրաւիրած էի Բերձոր, Աղաւնոյ եւ Ներքին Սուս բնակավայրերու յանձնման հոլովոյթին վրայ: Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինին ներկայացուցած էի գոյութիւն ունեցող դժուարութիւնները եւ մարդկային, թեքնիք եւ փոխադրամիջոցային ներուժները բաւարար չեն տարհանումը ժամանակին իրականացման համար: Խնդրած էի օժանդակել նշուած բնակավայրերու յանձնման ժամկէտի երկարաձգման հարցին:

«Ռուսիոյ դեսպանատունը պատասխան գրութեան մէջ յայտնած է, որ Լաչինի միջանցքին շուրջ կացութիւնը պիտի լուծուի Եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտին հիման վրայ: Յիշեցնեմ` Ռուսիոյ դեսպանատան մատնանշած 6-րդ կէտին համաձայն, կողմերու համաձայնութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապը ապահովելու համար յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին պիտի հաստատուի Լաչինի միջանցքի երկայնքով նոր ճամբու կառուցման նախագիծ, որմէ ետք ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը պիտի վերատեղակայուի` այդ ճամբան պաշտպանելու համար: Դատելով նաեւ վերջերս Երեւանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան խորհրդական-դեսպանորդ Մաքսիմ Սելեզնիովի յայտարարութենէն, թէ «ռուս խաղաղապահները ոչ մէկ սանթիմեթր պիտի տեղաշարժին Լաչինի գործող միջանցքէն, այնքան ատեն որ տակաւին նոր ճամբան չէ շահագործուած, կարելի է ենթադրել, որ այս մասով եւս տակաւին ամէն ինչ յստակ չէ. ի վերջոյ նշուած 3 տարուան ժամկէտի աւարտին տակաւին աւելի քան 1 տարի ալ մնացած է», յայտնած է պատգամաւորը:

— 23 Օգոստոսին «Ազրպէյճանի վերականաչապատում եւ ջրային տնտեսութիւն» ընկերութեան ներկայացուցիչները տեղական փորձագէտներու մասնակցութեամբ ստուգած են Սարսանգի ջրամբարը:

Ազրպէյճանական պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդած է, որ ստուգման նպատակը Սարսանգի ջրամբարին մէջ թեքնիք հսկողութիւն կատարելն էր, ներկայ կացութեան ծանօթանալը, Թարթառ գետէն եկող եւ ջրամբարէն բաց ձգուող ջուրի ժամանակացոյցին հետեւիլը եւ այլն:

Սարսանգի ջրամբարը կը գտնուի Արցախի տարածքին մէջ։ Արցախի տեղեկատուական շտաբը այս առնչութեամբ յայտարարութիւն տարածեց յայտնելով.

«2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն ետք ստեղծուած կացութեան մէջ ջրային պաշարներու կառավարման եւ հանրութեան մատակարարուող ըմպելի ու ոռոգման ջուրերու անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով, Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական միջնորդութեամբ, Արցախի ջրային կոմիտէի ներկայացուցիչները 2021-էն ի վեր կը հաղորդակցին ազրպէյճանական կողմին հետ եւ պարբերական այցելութիւններ կը կատարեն Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող հատուածներ` Արցախի շարք մը համայնքներուն (ներառեալ Ստեփանակերտը) մատակարարուող ըմպելի եւ ոռոգման ջուրերու օգտագործման շուրջ փոխադարձ համաձայնութիւններ ձեռք բերելու եւ խնդիրները լուծելու համար:

«Այդ ծիրին մէջ հերթական հանդիպումը կազմակերպուած էր Սարսանգի ջրամբար` Սարսանգի ջուրերու փոխշահաւէտ օգտագործման հարցի քննարկման նպատակով: Յառաջիկային քննարկումները պիտի շարունակուին եւ որոշումները պիտի առնուին Արցախի շահերէն մեկնելով` հիմք ընդունելով թէ՛ ելեկտրականութեան արտադրութեան, թէ՛ ոռոգման կարիքները Սարսանգի հատուածին մէջ, ինչպէս նաեւ Արցախի այլ հատուածներու մէջ ըմպելի եւ ոռոգման ջուրերու առնչուած կարիքները»:

— Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը մերժած է Բերձոր քաղաքին եւ շրջակայ գիւղերուն վերաբերեալ Ազրպէյճանի դիմումը` արձանագրելով, որ կը բացակայի նոր միջանկեալ միջոց կիրարկելու անհրաժեշտութիւնը:

Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչը կը յայտնէ, որ 18 Օգոստոսին Ազրպէյճան դիմած էր ՄԻԵԴ` խնդրելով «պարտաւորեցնել Հայաստանին անմիջապէս եւ անվերապահ ստիպելու իր վերահսկողութեան տակ գտնուող ուժերուն եւ կառոյցներուն դադրեցնելու Բերձոր քաղաքի եւ շրջակայ գիւղերու գոյքի ոչնչացումը, ներառեալ տուներու հրկիզումը եւ տրամադրելու տեղեկատուութիւն ձեռնարկուած միջոցառումներուն առնչութեամբ»:

— Արցախի  Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեան հաստատած է ընկերային ցանցերու մէջ տարածուող այն լուրերը, որ Բերձորի եւ Աղաւնոյի մէջ թալան տեղի ունենած է եւ որոշ մանրամասնութիւններ յայտնած․

«Օգոստոսի կէսերուն Աղաւնոյի ելեկտրականութիւնը անջատուած էր Բերձորի ենթակայանէն, Աղաւնոն եւ Բերձորը սկսած էին ելեկտրականութիւն ստանալ Ստեփանակերտէն եկող գիծով: Օրեր անց բռնկած հրդեհը վառած էր ելեկտրագիծի սիւները, ոչնչացուցած նոր քաշած գիծը: Բերձորի մէջ թալանուած էր փոխակերպիչներու (transformers) իւղը: Բերձորի մէջ բռնկած հրդեհը լուրջ սպառնալիքներ ստեղծած է Հայաստանէն Արցախ եկող բարձաւոլտ ելեկտրագիծին: Աղաւնոյի մէջ թալանուած է մանրաթելային մալուխը, որուն պատճառով որոշ ժամանակ Արցախը առանց համացանցի մնացած էր: Մետաղի ջարդոն գողցողներու կողմէ թալանուած, ոչնչացուած են կապի աշտարակները:

«Մենք եւ այլ պետական մարմիններ եւս կոչ ըրած ենք չհրդեհել տուները, չքանդել, չթալանել ենթակառուցուածքները․․․», ըսած է ան։

— 23 Օգոստոսին Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանական 5 ուժերու ղեկավարները հանդիպած են Ռուսիոյ դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի ղեկավարութեան հետ: Հանդիպման շարժառիթը Հայաստանի  մէջ Ռուսիոյ դեսպանորդ-խորհրդական Մաքսիմ Սելեզնիովի վերջերս կատարած յայտարարութիւնն էր, ինչպէս նաեւ Օգոստոսի սկիզբը Ազրպէյճանի կողմէ հրադադարի հերթական խախտումն ու անվտանգային հարցերը:

Հանդիպման ընթացքին վերոնշեալ հարցերուն շուրջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուները պարզաբանումներ տուած են: Մասնաւորապէս, յղում կատարելով 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան` նշած են, որ նոր երթուղին պիտի ունենայ նոյն միջանցքի իրաւական կարգավիճակը, եւ պիտի պահպանուին բոլոր անվտանգային բաղադրիչները` սկսած 5 քիլոմեթրնոց անվտանգային գօտիէն մինչեւ Ռուսիոյ դաշնութեան խաղաղապահ ուժերու անցակէտերու տեղակայում:

Ընկերային կեանքը Արցախի մէջ

— «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի Արմաւիրի մարզի Լեռնագոգ գիւղին մէջ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներու համար կը կառուցէ մէկ յարկանի 12 առանձնատուն եւ 120 երեխայի համար նախատեսուած մանկապարտէզ: Ներկայիս կը կատարուին հողային եւ հիմքերու կառուցման աշխատանքները։

— Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդը 23 Օգոստոսին միաձայնութեամբ որդեգրած է Կլենտէյլի եւ Արցախի Մարտունիի միջեւ իբրեւ քոյր քաղաք յարաբերութիւններ հաստատելու որոշում մը:

Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբը շնորհաւորած եւ այս պատմական պահուան համար շնորհակալութիւն յայտնած է Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդի միաձայն քուէարկութեան համար:

Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտաշէս Քասախեանի եւ քաղաքային խորհուրդին անդամ Արա Նաճարեանի գլխաւորութեամբ քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ կը հաստատէ երկարաժամկէտ գործընկերութիւն երկու քաղաքներու միջեւ` բանալով մշակութային, կրթական, մասնագիտական եւ մարդասիրական համագործակցութեան կարելիութիւններ: «Այս յարաբերութիւնները յստակ պատգամ կ’ուղարկեն, որ մենք կանգնած ենք Արցախի ժողովուրդին եւ անոր արդար իրաւունքներուն կողքին` խաղաղ ապրելու իր պապենական հողին վրայ` զերծ Ազրպէյճանի յարձակումէն», նշած է քաղաքապետ Քասախեան:

Մարտունին կը գտնուի Ազրպէյճանի հետ շփման գիծին մօտ։ Պատերազմի ժամանակ եղած է ազրպէյճանական զինեալ ուժերու ամենադաժան թիրախաւորուող բնակավայրերէն մէկը: Ռմբակոծումին պատճառով վնասուած է աւելի քան 1000 շէնք, ներառեալ դպրոցներ, տուներ եւ բժշկական հաստատութիւններ։ Պատերազմի ժամանակ քաղաքէն տեղահանուած են աւելի քան 8000 խաղաղ բնակիչներ: 

— 23 Օգոստոսին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է «250քմ․» կարճամետրաժ գեղարուեստական ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւնը։

23 Օգոստոսին տեղի ունեցած է «250քմ․» ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւնը (լուսանկար՝ Արցախպրեսի(

Ֆիլմին բեմադրիչ Յասմիկ Մովսիսեան ըսած է, որ նկարահանումները տեւած են 14 օր: «Ֆիլմին նիւթը 14-ամեայ Վահէ եւ 11-ամեայ Աշոտ Սարգսեաններու իրական պատմութիւնն է: Անոնք հարազատ եղբայրներ չեն, ուղղակի ֆիլմին մէջ համադրուած են երկուքին պատմութիւնները: 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ Վահէն, չունենալով վարորդական իրաւունք, ինքնուրոյն վարելով ինքնաշարժը, ստիպուած եղած է իր ընտանիքի անդամները Արցախէն տարհանել ` յաղթահարելով 250 քմ․ ճանապարհ»:

Ան տեղեկացուցած է նաեւ, որ կը նախատեսեն ֆիլմը ներկայացնել փառատօներու: Վահէին մայրը` Միլետան, ֆիլմը դիտելէն ետք ըսած է, թէ վերապրեցաւ այն ամէնը, որուն մէջէն ստիպուած էին անցնիլ պատերազմի ժամանակ:

— 24 Օգոստոսին Արցախի հերոս, Արցախեան ազատամարտին հերոսացած հրամանատար, «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանակիր Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) նահատակութեան 30-րդ տարելիցն էր: Այդ առիթով Ստեփանակերտի մէջ յիշատակի միջոցառում կազմակերպուած է:

24 Օգոստոսին Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) նահատակութեան 30-րդ տարելիցն էր (լուսանկար՝ Արցախպրեսի)

 Բեկորը նահատակուած է  24 Օգոստոս 1992-ին` Մարտակերտի Դրմբոն գիւղի ազատագրութեան ժամանակ:

Բեկորի ընտանիքին անդամները, հարազատները, մարտական ընկերները նախ ծաղիկներ խոնարհեցին անոր յուշարձանի պատուանդանին, այնուհետեւ Ստեփանակերտի Աշոտ Ղուլեանի անուան դպրոցի աշակերտները հանդէս եկան հայրենասիրական ստեղծագործութիւններու կատարումներով:

Դպրոցի Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուչուհի Ռուզաննա Բեգլարեան  վստահեցուց, որ աշակերտներին կը կրթուին ու կը դաստիարակուին հերոսին վեհ գաղափարներով:

«Ամէն տարի դպրոցի աշակերտները յարգանքի տուրք կը մատուցեն Բեկորին նուիրուած յուշարձանի պատուանդանին: Մենք կը գիտակցինք, որ ատիկա մեր պարտքն է, եւ կը փորձենք մեր սաները մեծցնելն հերոսին ոգով», աւելցուց ան։

— 26 Օգոստոսին, Ստեփանակերտի մէջ, Հադրութի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցած է Հադրութի եւ 1-ին Պաշտպանական շրջանի օրուան նուիրուած յուշ-երեկոյ։

Հադրութի եւ 1-ին Պաշտպանական շրջանի օրուան նուիրուած յուշ-երեկոյէն տեսարան մը (լուսանկար՝ Արցախպրեսի)

Ներկաները նախ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են զոհուած հերոսներու անմար յիշատակը: Հադրութի քաղաքապետ Վահան Սաւադեանի խօսքով` 1992-ի Օգոստոսին թշնամին լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ սկսաւ Հադրութի ուղղութեամբ։ «Այդ ժամանակ հայ մարտիկները կրցան զսպել թշնամիին յառաջխաղացումը եւ ետ շպրտելով զանոնք՝ հրադադար պարտադրել: Մեր հերոսները ծունկի չեկան, այլ կրցան անառիկ պահել Արցախի հարաւային դարպասը: Մենք պիտի շարունակենք նշել Հադրութ քաղաքի օրը, որ կը խորհրդանիշէ այն, որ մենք չենք մոռնար մեր հայրենիքը, յաղթանակները եւ անպայման պիտի վերադառնանք ծննդավայր», վստահեցուցած է ան:

Երեկոյի ընթացքին կազմակերպուած էր «Հադրութի արուեստի դպրոցի» եւ Հադրութի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի սաներուն նկարչական եւ ձեռքի աշխատանքներու ցուցահանդէս:

Հնչած են նաեւ արցախեան հայրենասիրական երգեր ու պարեր։