Քարշի յայտնի գործերէն՝ Չըրչիլի «ան-սիկառ» լուսանկարը գողցուած եւ պատճէնով փոխարինուած


Յարութիւն Դերձակեան

Մեծն Բրիտանիոյ նախկին Վարչապետ՝ Սըր Ուինսթըն Չըրչիլի խորհրդանշական «Մռնչող առիւծ» լուսանկարը գողցուած է Օթաուայի «Շաթօ Լորիէ» հիւրանոցէն, փոխարինուելով իր պատճէնով։

Գանատահայ յայտնի լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի (Յովսէփ Քարշեան) կողմէ 1941 թուականին խորհրդարանի մէջ նկարահանուած Չըրչիլի յատկանշական այս լուսանկարը ամենայայտնի գործերէն մէկն է։ Քարշի հաւաքածոն 1998 թուականին ապահով կերպով տեղադրուած էր «Շաթօ Լորիէ» հիւրանոցին մէջ։ «Մռնչող առիւծ» անուանակոչուած Չըրչիլի լուսանկարը, այդ շրջանին Մեծն Բրիտանիոյ Վարչապետին Գանատայի խորհրդարանին մէջ երկրորդ աշխարհամարտի մասին ելոյթ ունենալէ ետք, Քարշի կողմէ նկարահանուած էր։

Այս դիմանկարը 20 րդ. դարու ամենաշատ վերարտադրուած լուսանկարներէն մէկն է։

Ուինսթըն Չըրչիլի խորհրդանշական «Մռնչող առիւծ» լուսանկարը (լուսանկարը տրամադրած է Wikimedia Commons-ը)

Քարշ նկարահանած է՝ Էլիզապեթ Բ Թագուհիի, Ֆիտէլ Գասթրոյի, Նիքիթա Խրուշչեւի, Պէրնարտ  Շոյի, Ալպերթ Այնշթայնի եւ Էռնէսթ Հեմինկուէյի նման նշանաւոր անուանի անձեր։

Քարշ ծնած է 1908-ին Մարտին-Թուրքիա։ Մեծ եղեռնէն ետք ընտանեօք փոխադրուած են Հալէպ։ Ապա Քարշ հաստատուած է Գանատա։ Մահացած է 2002 թուականին ԱՄՆ Պոսթըն քաղաքին մէջ։

Անցնող շաբաթավերջին հիւրանոցի մէջ աշխատող պաշտօնեաներ նշմարած են թէ՝ լուսանկարը  պատշաճ կերպով կախուած չէ եւ լուսանկարին շրջանակը չհամապատասխաներ հիւրանոցի ընթերցասրահին մէջ կախուած Քարշի միւս գործերու շրջանակներուն հետ։ Յետ քննութեան հիւրանոցի գլխաւոր տնօրէն Ժենեւիէվ Տիւմա երէկ յայտարարութիւն մը կատարելով յայտնած է թէ՝ մօտաւորապէս ութ ամիսներ առաջ լուսանկարը փոխարինուած էր բնօրինակի պատճէնով։ 

Քարշի կիսանդրին՝ Օթաուայի մէջ: Հեղինակ՝ գանատահայ բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեան (լուսանկարը տրամարած է Wikimedia Commons-ը)

Սովորութեան համաձայն Չըրչիլ շրթներուն դրած է սիկառը։ Քարշ խնդրած է որ ան բերնէն հանէ սիկառը։ Երբ Չըրչիլ մերժած է խնդրանքը, երիտասարդ լուսանկարիչը մօտեցած է անոր եւ «ես ներողութիւն կը խնդրեմ» ըսելով Չըրչիլի բերնէն իր ձեռքով հանած է սիկառը։ Չըրչիլ զայրացած դէմքով կը նայէր Քարշին, երբ լուսանկարչական գործիքի ոսպնեակը որսացած է պահը։ «Դուն նոյնիսկ գազազած առիւծը կրնաս հանդարտեցնել՝ լուսանկարելու համար», յետագային ըսած է Չըրչիլ։

Օթաուայի ոստիկանութինը հետաքննութեան սկսած է այս նիւթի առնջութեամբ։