Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը այսօր յայտնեց, որ թորոնթոհայեր՝ Խորէն Մարտոյեանի եւ Ռաֆֆի Տէմիրճեանի ձեռնարկած հեծելարշաւ-դրամահաւաքը հանգանակած է 25.000 տոլար:
Երեւանի «Զինուորի տուն» վերականգնողական կեդրոնի ի նպաստ հեծելարշաւը սկիզբ առաւ 12 Օգոստոսի առաւօտեան ժամը 7-ին՝ Մարքամի «Յոյսի անտառ» (Forest of Hope) պուրակին տեղադրուած՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշաքարէն:
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամ ընկերուհի Անի Հոթոյեան-Ժոլի ներկայ գտնուեցաւ մեկնարկի վայրը եւ վարչութեան անունով յաջողութիւն մաղթեց հեծելանւորդներուն:
14 Օգոստոսին, 389 քիլոմեթր արշաւելէ ետք, Մարտոյեանն ու Տէմիրճեանը Օթաուայի Եուսուֆ Քարշի կիսանդրիին մօտ ծափողջոյններով դիմաւորուեցան ՀՕՄ-ի անդամներու կողմէ: ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան անունով ընկերուհի Ազգանուշ Հատիտեան գնահատեց մարզիկները, որոնք ջանք չխնայեցին այս հեծելարշաւէն գոյացած 25.000 տոլար գումարով հայրենիքի պաշտպանութեան համար վիրաւորուած զինուորին աջակցելու: Անգլերէնով շնորհաւորական Խօսք յայտնեց նաեւ Օթաուայի «Սեւան» մասնաճիւղի ատենապետ, ընկերուհի Թալին Շիրիքճեան:
«Թորոնթոհայ»-ին հետ իր զրոյցին ընթացքին, Մարդոյեան բացատրեց, թէ երբ ծրագիրը ներկայացուց Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներոււն, նախաձեռնութիւնը հաւանութեան արժանացաւ եւ այն կեանքի կոչուեցաւ ՀՕՄ-ի հովարաւորութեամբ:
«Առաջին անգամ չէ, որ ՀՕՄ-ը օգնել էր «Զինուորի տուն» վերականգնողական կեդրոնին. ՀՕՄ-ը միշտ իր զգայուն մասնակցութիւնն է ունեցել ազատամարտի գործընթացներին, միշտ սատար կանգնելով զոհուած ազատամարտիկների ընտանիքներին եւ իր հովանու տակ առած մեր նահատակուած հերոսների զաւակներին: Հենց դա էլ պատճառ հանդիսացաւ որոշմանս, որ այս դրամահաւաքը կեանքի կոչեմ իրենց հետ։ Դրամահաւաքի արդիւնքում հաւաքուած ողջ գումարը, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան միջոցով, փոխանցուելու է Երեւանի «Զինուորի տուն» վերականգնողական կեդրոնին` արդիական բուժսարքաւորումներ ձեռք բերելու նպատակով», ըսաւ Մարդոյեան: