Արցախն այս շաբաթ


Քաղաքական իրավիճակը Արցախի մէջ
— Ռուս խաղաղապահները ոչ մէկ սանտիմեթր պիտի տեղաշարժին Լաչինի գործող միջանցքէն, քանի դեռ նոր ճանապարհը չէ շահագործուած, 17 Օգոստոսին «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած է Երեւանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանութեան խորհրդական-դեսպանորդ Մաքսիմ Սելեզնէով:


«Ռուս խաղաղապահները պիտի վերատեղաբաշխուին միայն այն պահուն, երբ Լաչինի նոր միջանցքը բացուի: [9 Նոյեմբեր 2020-ի] եռակողմ յայտարարութեան մէջ նշուած են այն քայլերը, քայլերու հերթականութիւնընախ կը կառուցուի միջանցք, եւ մինչ անիկա կը սկսի գործելու, ռուս խաղաղապահները կը զբաղեցնեն հինգ քիլոմեթրանոց միջանցքը այդ ճանապարհի շուրջ», նշած է Սելեզնէով:


Նշենք, որ Օգոստոսի սկիզբը Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ տեղի ունեցած յարձակումներէն ետք, Ստեփանակերտը յայտարարեց, թէ ռուս խաղաղապահներու միջոցով Ազրպէյճան պահանջած է Հայաստանի հետ կապը նոր ճանապարհով կազմակերպելու: Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեան գործող ճանապարհի վրայ եղած համայնքներու Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Սուսի բնակիչներուն յայտնած է, որ 25 Օգոստոսէն ետք ռուսական զօրքը այդ տարածքին մէջ պիտի չըլլայ եւ մինչեւ ամսուան վերջը բնակիչները պէտք է լքեն իրենց տուները:


— Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան կը գրէ. «Կան բարդագոյն եւ շատ ցաւոտ գործընթացներ, որոնց մէջէն պիտի անցնի ժողովուրդը, հասարակութիւնը ինքնամաքրման եւ վերածնունդի համար: Այդ գործընթացներէն քանի մը հատը ունին առարկայական բնոյթ եւ որոնք թելադրուած են ստեղծուած իրավիճակով:

Մարտահրաւէրը պատմական էվերածնունդ կամ ոչնչացում: Բայց, առանց այդ գործընթացներու մէջէն անցնելու, որ տեսակ մը «քիմիաթերափիա» է, բուժումը եւ ապաքինումը անհնար է: Այստեղ գլխաւորը հաւատքի ամրապնդումն է, հայրենասիրութիւնը, արհեստավարժութիւնը եւ բոլոր տեսակի տականքներէն հեռու մնալը»:

Ընկերային կեանքը Արցախի մէջ

— Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 13 Օգոստոսին այցելած է Մարտունիի Ճարտար քաղաք եւ ծանօթացած Ռուսիա բնակող բարերար Վլադիմիր Աւագեանի կողմէ կառուցուող մարզական համալիրին, որուն հանդիսաւոր բացումը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբերին: Նախագահը կարեւոր նկատած է գիւղերուն մէջ մարզական նման կառոյցներու առկայութիւնը, նշելով, որ պետութիւնը պատրաստ է աջակցելու նոր մարզասրահներու կառուցման, ինչպէս նաեւ մարզական տարբեր միջոցառումներու կազմակերպման: Այցի ընթացքին Յարութիւնեան հանդիպած է համայնքի ղեկավարին եւ աւագանիի անդամներուն, քննարկած առկայ խնդիրները: Ներկայացուած հիմնախնդիրներէն նախագահը առանձնացուցած է խմելու եւ ոռոգման ջուրի հարցի հրատապ լուծումը, նշելով, որ երկու տարուան ընթացքին փուլ առ փուլ ծրագիրը ամբողջութեամբ պիտի իրագործուի: Անոր յանձնարարութեամբ յառաջիկային պիտի բարեկարգուին ներհամայնքային ճանապարհները, պիտի լուծուին ընկերային եւ տնտեսական շարք մը այլ խնդիրներ:


Անդրադառնալով Արցախի մէջ ռազմաքաղաքական վերջին զարգացումներուննախագահ Յարութիւնեան նշած է, որ ոչ մէկուն համար գաղտնիք է, թէ պարբերաբար հրահրուող սադրիչ գործողութիւնները ուղղուած են Արցախը հայաթափելուն։ Ըստ անոր պէտք է զինուիլ ամուր համբերութեամբ եւ չշեղիլ Արցախի անկախութեան ուղիէն, իսկ իշխանութիւնները պիտի շարունակեն գործադրել բոլոր հնարաւոր ջանքերը առկայ անվտանգային խնդիրները լուծելու, բարեկեցիկ կեանքի համար կենսական պայմաններ ապահովելու համար։


— 14 Օգոստոսին Ամարասի մէջ Ս․ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի առիթով տեղի ունեցաւ պատարագ եւ խաղողօրհնէք՝ ձեռամբ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ․ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեանի։ Պատարագին ներկայ էր նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։

14 Օգոստոսին Ամարասի մէջ Ս․ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի առիթով տեղի ունեցաւ պատարագ եւ խաղողօրհնէք (լուսանկար՝ Արցախպրեսի)


Խաղողօրհնէքէն ետք շրջանի գիւղերը վանքի շրջափակին մէջ պատրաստած էին տաղաւարներցուցադրելով իրենց այս տարուան բերքը: Կազմակերպուած է հիւրասիրութիւն, ինչպէս նաեւ ցուցադրութիւն-վաճառք:


Սօս գիւղի բնակիչ Կարինա Բալայեան նշած է, որ այս միջոցառումը եւս մէկ հնարաւորութիւն կու տայ արցախեան բերքն ու բարիքը ներկայացնելու: «Թող բլուրին վրայ գտնուող թշնամին իմանայ, որ միեւնոյն է, մենք ամուր կանգնած ենք մեր Ամարասի հողին», շեշտած է ան:
18 Օգոստոսին, Բերձորի Ս․ Համբարձման եկեղեցւոյ մէջ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ․ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեանի հանդիսապետութեամբ եւ Տ․ Բենիամին քահանայ Ծատուրեանի ձեռամբ մտուցուած է Ս․ եւ Անմահ պատարագ։


Տ․ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեան կարեւոր նկատած է Աստուծոյ պարգեւածը բազմացնելն ու եկող սերունդին փոխանցելը, որ անհրաժեշտ է իրականացնել ունեցածիn նկատմամբ պարտաճանաչ ու բարի վերաբերմունքով:


— Պատերազմէն ետ Բերձորի մէջ մնացած բնակչութեան կէսը արդէն տարհանուած է, նշած է Բերձորի քաղաքապետ Նարեկ Ալեքսանեան։


«Օգոստոս 5-ի տուեալներով Բերձորի մէջ կը բնակէր 70 ընտանիք 161 հոգիով, որոնց կէսը արդէն տարհանուած է պայմանաւորուած նոր միջանցքիՍտեփանակերտ- Գորիս այլընտրանքային երթուղի գործարկմամբ։ Բնակչութեան մէկ մասը արդէն տեղափոխուած է թէ՛ Արցախի, թէ՛ Հայաստանի բնակավայրեր, մէկ մասն ալ իրերը հաւաքած կը սպասէ փոխադրութեան խնդիրներու լուծման»: Ըստ անոր՝ պատերազմէն ետք Բերձոր բնակողները հոգեպէս ծանր ընդունեցին տարհանուելու լուրը: Գերեզմաններէն նոյնիսկ աճիւնները կը հանեն, կը տեղափոխեն, քանի որ գիտեն թշնամին պիտի պղծէ

— Ասկերանի Այգեստան գիւղին մէջ Աւետարանոցէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն համար նոր բնակավայր կը կառուցուի։
Շինարարութիւնը իրականացնող «Կապաւոր» ընկերութեան պատասխանատու Նայիրի Սարգսեան նշած է․ «Նոր բնակավայրի կառուցումը մեկնարկած 2021-ի Հոկտեմբերին: Ըստ նախագիծինկը կառուցուի 254 առանձնատուն, որոնք պիտի ըլլան 2-էն 5 սենեականոց: Նոր բնակավայրը պիտի ունենայ դպրոց, մանկապարտէզ, համայնքապետարան, բուժկէտ, եկեղեցի եւ մեծ խաղավայր»:

— Ասկերանի Քռասնի գիւղի տարածքին մէջ բռնագրաւուած Ակնաղբիւրէն տեղահանուած ընտանիքներուն համար կը կառուցուի նոր բնակավայր, որուն կառուցումը կ’իրականացուի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան պատուէրով: «Կը կառուցուի 12 եռայարկ շէնք 18-ական բնակարանով, որոնք պիտի ըլլան 1-էն 3 սենեականոց: Շինարարութիւնը սկսած է 2021-ի Նոյեմբերին: Կը նախատեսուի աշխատանքներուն մէկ մասը աւարտել մինչեւ տարեվերջ, միւս մասը2023-ի Գարնան», տեղեկացուցած է նախարարի տեղակալ Վարդան Բեգլարեան: Ըստ անոր կառուցուող 216 բնակարաններէն 100-ը տեղահանուած ակնաղբիւրցիներու համար է, իսկ միւսները աւելի փոքր գիւղերէ տեղահանուած այն բնակիչներուն, որոնց համար առանձին թաղամաս պիտի չկառուցուի։

— Մարտունիի Կաղարծի համայնքին մէջ պետական միջոցներով եւս հինգ տուն կը վերակառուցուի տեղահանուածներուն: Կաղարծիի գիւղապետ Գարուշ Սարգսեան նշած է, որ «արցախեան երրորդ պատերազէնց ետք գիւղ հաստատուած են տեղահանուած 15 ընտանիք 62 բնակիչով: Անոնք ապահովուած են բնակարանով եւ կենցաղային անհրաժեշտ պայմաններով։ Տղամադկոց մեծ մասը արհեստաւոր է, անոնք կրնան աշխատիլ ու ապրուստի միջոց վաստակել»:

Գիւղացիները կը զբաղին գիւղատնտեսութեամբ, սակայն գիւղը ունի ջուրի խնդիր։ «Կը նախատեսուի արտեզեան ջրհոր բանալ: Ելեկտրասիւներուն մօտ 90 տոկոսը վթարային է, նորերը պիտի տեղադրուին:Հակառակ բազում խնդիրներու, ամենակարեւորը, անվտանգութիւնն է: Մնացածը մեր քրտնաջան աշխատանքով մենք կը ստեղծենք: Կարեւորըչենք յուսահատիր», շեշտած է գիւղապետը։

— Կ’ասֆալթապատուի Ստեփանակերտ-Մարտակերտ մայրուղիի նոր հատուածը: Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նոր ճանապարհը սկիզբ կ’առնէ Կիչան-Չլդրանէն, Ճանկաթաղ եւ Ներքին Հոռաթաղ համայնքներով կը հասնի Մարտակերտ կազմելով մօտ 27 քմ․: Նախագիծը կը ֆինանսաւորէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը:

18 Օգոստոսին, Ստեփանակերտի մէջ մեկնարկած են ուսուցիչներու ամենամեայ վերապատրաստման դասընթացքները, որոնց կը մասնակցին 150 ուսուցիչներ:
Արցախի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան աշխատակից Ռուզաննա Բազեան նշած է, որ վերապատրաստումները կ’իրականացնեն Հայաստանէն հրաւիրուած բարձրակարգ մասնագէտներ: Դասընթացքները պիտի տեւեն 6 օր։ Նման վերապատրաստումներ կազմակերպուած էին 2018-ին:


— «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» կրթական հիմնադրամի ծրագիրով Արցախի Մարտակերտի Վերին Հոռաթաղ գիւղի դպրոց գործուղուած ուսուցիչ-առաջնորդ Գայանէ Խեչումեանի եւ աշակերտներուն ջանքերով բացուած է ընթերցասրահ, որ կոչուած է «Մուկլիմանդիլ»։
Ուսուցչուհին, անդրադառնալով մտայղացման մասին յայտնած է, որ աշակերտներուն հետ յարմար նկատած են ստեղծել այնպիսի կրթական միջավայր, ուր անոնք կրնան ինքնադրսեւորուիլ, բանավիճիլ, ֆիլմեր դիտել, քննարկումներ ընել, միջհամայնքային կապերը ամրապնդելու հարթակ ստեղծել: Ընթերցասրահը նաեւ որպէս երիտասարդական կեդրոն պիտի ծառայէ։


«Կը կարծեմ` ընթերցասրահը առաջին հերթին ունի համախմբող նշանակութիւն եւ պիտի նպաստէ նաեւ, որ աշակերտները աւելի նախաձեռնող դառնան: Ամրան ընթացքին արդէն կազմակերպուած են քանի մը հանդիպումներ, երբ ճամբարի մասնակցող աշակերտները պատմած են իրենց առօրեան, ձեռբերումները», նշած է Խեչումեան: