Միւռոնօրհնէքի առիթով՝ թորոնթոհայ սարկաւագի մը ուխտագնացութիւնը դէպի Անթիլիաս


Տարօն Սրկ. Հալլաճեան

Անցեալ ամիս, առիթը ունեցայ Անթիլիաս այցելելու, առաջին անգամ ըլլալով ներկայ գտնուելու միւռոնօրհնէքի արարողութեան։ Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մայրավանքին շրջափակէն ներս, ուր ներկայ էին հայ հաւատաւոր ուխտաւորներ՝ զանազան երկիրներէ եկած։ Հոգեւորական պատուիրակներ նաեւ եկած էին` յոյն ուղղափառ, յոյն կաթողիկէ, լատին, ղպտի, եւ ասորի եկեղեցիներէն։ Վեհափառ հայրապետը, Եպիսկոպոսաց դասը, եւ միաբան հայրերը աղօթքներով եւ Սուրբ գրային ընթերցումներով կատարեցին հոգեպարար արարողութիւնը։

Միւռոնը եւ միւռոնաթափ աղաւնին Սուրբ հոգւոյ նիւթեղէն ներկայութիւնն են մեր եկեղեցիներէն ներս։ Աւելի քան քառասուն բոյսերէ եւ ծաղիկներէ պատրաստուած այս իւղը, աղօթքով եւ սաղմոսասացութեամբ բարձրացուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի խորանը, ուր հոն մնաց քառասուն օրերու համար, որմէ ետք կատարուեցաւ անոր օրհնութիւնը մեծաշուք տօնակատարութեամբ։

Աստուածաշունչին մէջ «քառասուն» համարին կը հանդիպինք զանազան դրուագներու ընդմէջէն. oրինակի համար՝ իսրայէլացիները քառասուն տարի թափառեցան անապատին մէջ՝ խոստացուած երկիր հասնելու նպատակով, իսկ Մովսէս, Եղիա եւ Յիսուս քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջաններ անցուցին անապատին մէջ։ Իսրայէլացիներուն համար «քառասուն տարին» սերնդափոխութեան գաղափարը կ’ընդգրկէ իր մէջ, այսինքն՝ այդքան ժամանակ կը պահանջուի, սերունդի մը՝ նախորդ սերունդին յաջորդելու (Թուոց 32:13)։  

Սրբալոյս միւռոնը բուժիչ եւ մխիթարիչ բալասան մը ըլլալէ անդին, նաեւ կը գործածուի զանազան եկեղեցական արարողութիւններու մէջ։ Երախայ մը մկրտելու ժամանակ, յատկապէս դրոշմի բաժինի ընթացքին, նախագահող հոգեւորականը յատուկ աղօթքներով կ’օծէ նորոգ մկրտեալ քրիստոնեային մարմնի անդամները։ Քահանայի մը օծման ընթացքին, ձեռնադրիչ եպիսկոպոսը թեկնածուին ճակատն ու ձեռքերը կ’օծէ միւռոնով։ Միւռոնը նաեւ գործածուած է եպիսկոպոսական եւ կաթողիկոսական ձեռնադրութիւններուն ընթացքին։ Նորակառոյց եկեղեցիներ եւ սրբապատկերներ դարձեալ կ’օծուին սրբալոյս միւռոնով։

Իւղի գործածութիւնը բազմիցս կը նշուի Աստուածաշունչին մէջ։ Հին կտակարանին մէջ, երբ Աստուած Ահարոնը կանչեց՝ առաջին քահանան ըլլալու, ան իւղով օծուեցաւ (Հմմտ. ԵլիցԼ), որուն շնորհիւ Աստուածահաճոյ առաքելութեան լծուեցաւ։ Հին կտակարանին մէջ թագաւորներն ալ կ’օծուէին իւղով (Ա Թագ. 10:1)։ Ժամանակին, մեր թագաւորներն ալ կ՚օծուէին մեր եկեղեցականներուն կողմէ. այս արարողութեան մանրամասնութիւնները կը գտնուին «Մաշտոց» ծիսարանի երրորդ գլուխին՝ «Հայր Մաշտոց»-ին մէջ: Նոր կտակարանի, Յովհաննու Աւետարանի ԺԲ գլխուն մէջ կը կարդանք այդ դրուագին մասին, ուր Մարիամ իւղով կ’օծէ Յիսուսին ոտքերը եւ իր վարսերով կը մաքրէ զանոնք։ Այս գործողութիւնը կատարեց Մարիամ, որպէս նշան Յիսուսի գալիք մահուան եւ թաղման, քանզի սովորութիւն էր այդ ժամանակներուն մահացածները իւղով պատանքել։ Զմուռսը, որ մոգերը նուիրեցին Յիսուսին (Մտ. Բ), Հին կտակարանին օծման արարողութիւններուն մէջ նաեւ կը գործածուէր։

Երբոր միւռոնի կաթսան առաջին անգամ տեսայ, անմիջապէս մտաբերեցի անոր պատմութիւնը։ Յաճախ լսած էի, որ այդ հսկայ սպասը մեծ դժուարութեամբ բերուած էր Լիբանան իր պատմական տունէն՝ Սիսէն։ Ցեղասպանութեան տեղահանման ճանապարհին այն արկածի կ’ենթարկուի եւ կը կոտրուի Սիսի պատմական հողը վերջին անգամ օծելով։ Կաթսան հասած է նախ Հալէպ, եւ ապա իր վերջնական տունը գտած՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մայրավանքին մէջ։ Մեր հոգեւորականներուն նուիրումն ու աննկուն հաւատքի արտայայտութիւնն էր, որ աչքերուս առջեւ պարզուեցաւ այդ պահուն։ Այդ սպասէն բխող սրբութիւնը իր մէջ կարծես կը պարունակէր մեր ազգին միացնող շաղախը, որ դարաւոր կերպով մնացած է մեր անայլայլելի միութեան երաշխիքը։

Շնորհալի Երգչախումբին հնչեցուցած հոգեթով մեղեդիները, մեր հոգեւորականներուն երփներանգ զգեստները, արտասանուած աղօթքներն ու ձայնարկած քարոզները՝ հոգիի սնունդ, մխիթարանք ու բերկրանք շնորհեցին զիս։ Այդ պահուն հպարտութեան զգացում մը նաեւ համակեց հոգիս՝ հեզ հպարտութիւն մը՝ հաւատքով հարուստ անցեալ ունեցող հայ ժողովուրդին պատկանած ըլլալու պատիւով բախտաւորուած ըլլալու շնորհքի հպարտութիւնը: Նաեւ յոյսով ներշնչուեցայ, որովհետեւ իւրաքանչիւր նոր մկրտուած անդամ, երբ սրբուի այս միւռոնով, պիտի դառնայ ջահակիրը մեր պապերէն ժառանգուած դարաւոր հաւատքին եւ պաշտպանը մեր սրբազան արժէքներուն։   

Աղօթքս է, որ նորաօծ միւռոնը հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն հոգեւոր թռիչք պարգեւէ, որպէսզի կարողանանք միահամուռ եւ միակամ քայլերով առաջ երթալ դէպի աւելի պայծառ եւ փայլուն ապագայ։