Հայրենիք Աղաւնոյ


Րաֆֆի Սարգիսեան

Հոն, հայու արեամբ պահուած
այդ սուրբ հողին վրայ,
հայն իր տունը կը փակէ
վերջին անգամ…

Դաւադիր հայու ձեռքով`
ժողովուրդ մը իրաւունքներէ մերկացած,
հայն իր տունը կը թողէ,
արիւնարբու թշնամիին յանձնած:

Վճի՛ռ, դուն չեկար.
վրէ՛ժն իսկ իր պատիժը չհասցուց,
կ’ուշանա՜ն,
մինչ հայն իր տունը կը փակէ
վերջին անգամ,
հայն իր տունը կը թողէ`
արիւնարբու թշնամիին յանձնած,
աշխարհի համր դիտորդներու հաճոյ՝
կը բռնէ կրկի՛ն
իր հի՜ն գաղթի ճամբան,
ինչպէս ահռելի հանդէս,
կը յանձնենք մենք ազգովին,
ոչ թէ լոկ մէկ տան բանալին`
այլ մեր մնացած հայրենիքի դարպասին։

Վրէ՛ժ եւ վճի՛ռ, հրամեցէ՜ք,
ուշացա՜ք դաւադիրներու խնճոյքին,
ձեր թիրախներն հո՛ն կը սպասեն։

Արդէն մեր գինիով հարբած`
փճացած աշխարհը կը դիտէ,
թէ ինչպէ՞ս եւ որքա՞ն երկար
պիտ’ քալէ, բնիկ հայը իր տունէն հեռո՜ւ…
«Ո՜հ ցաւալի…»
«Ո՜հ հետաքրքրական…»
Դարձանք ողբերգութիւն,
կամ վէպ գարշելի,
որ պիտ’ կարդան՝
ապա մոռնան մեզի…

Այսպէս է,
երբ դաւադիրներն կը շնչեն
թթուածինն այս ջինջ երկինքի,
եւ թոյն կը թքեն իրենց թոքերէն ահռելի։

Վրէ՛ժ, վճի՛ռ թէեւ ուշացաք՝
յոգնած թէ վիրաւոր,
տխուր թէ գլխիկոր.
հասի՛ր բարի լուր,
հասի՛ր ո՜վ ահաւոր.
միա՛յն հասէք՝
արդարադա՛տն է հարկաւոր։