Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ կ’ուղղէ արտաքին գործոց նախարարին


Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ ուղղած է Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիին, որպէսզի անյապաղ յայտարարութիւն տարածէ՝ դատապարտելով Ազրպէյճանի Լաչինի միջանցքի շրջափակումն եւ Արցախի կազամատակարարման խափանումը:

«Կոչ կ՚ուղղենք Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիին, որպէսզի անյապաղ յայտարարութիւն տարածէ՝ դատապարտելով Ազրպէյճանի այս վարքագիծը եւ կոչ ընել ազրպէյճանական իշխանութիւններուն անյապաղ ապաշրջափակելու ճանապարհը եւ վերականգնելու դէպի Արցախ կազամատակարարումը», Հայ դատի յանձնախումբը յայտնեց իր հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

12 Դեկտեմբերի առաւօտեան, խումբ մը ազրպէյճանցիներ, իրենք զիրենք ներկայացնելով որպէս մտահոգ «բնապահպաններ», փակած են Լաչինի միջանցքը՝ Արցախի Հանրապետութիւնը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհը։ Ճանապարհը փակ մնացած է  բոլոր երթեւեկութեանց համար՝ կտրելով Արցախը բոլոր անհրաժեշտ պաշարներէն՝ փաստացիօրէն լիակատար շրջափակման մէջ պահելով աւելի քան 120 000 արցախցի բնակիչ եւ զանոնք կանգնեցնելով մեծ աղէտի եզրին։

Թէեւ «ցուցարարները» կը պնդեն, որ իրենք բնապահպաններ են, սակայն ակնյայտ է, որ անոնց կ՚աջակցի Պաքուի ռեժիմը, որովհետեւ անոնցմէ մեկը հաստատած է, որ իրենց կը մատակարարէ Ազրպէյճանի բնապահպանութեան եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը. աւելի ուշ անոնց միացած են ազրպէյճանցի համազգեստաւոր զինուորականներ.

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը հաստատած է, որ Ազրպէյճանը այժմ դադրեցուցած է նաև կազամատակարարումը, ճիշդ այն ժամանակ, երբ ջերմաստիճանը ցրտահարութեան մակարդակի վրայ հասած է։

Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը նաեւ կոչ ուղղած է Գանատայի հանրութեան, որ դիմեն իրենց շրջաններու երեսփոխաններուն այս հարցի շուրջ. կարելի է լրացնել յանձնախումբին կոչը այս յղումով:

«Հայաստանի և Արցախի իշխանութիւնները դիմած են միջազգային հանրութեան անյապաղ միջամտելու եւ Ազրպէյճանի բռնապետութեան կոչ ուղղել դադրեցնելու իրավիճակը ապակայունացնող գործողութիւնները։ Արցախի Հանրապետութեան պետնախարարը նախազգուշացած է Արցախի մէջ ցեղասպանութին իրականացնելու Ազրպէյճանի կառավարութեան ակնյայտ մտայնութեան մասին», կը յայտնէ Հայ դատի յանձնախումբը: