Նոր տարի է, ո՛չ բարի


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Նոր տարի է, ո՛չ բարի…
Շատ հին աղուէսներով լի.
Շնագայլեր տմարդի`
Ծարաւ հայու արիւնին։

Ինչպէ՞ս ժպտանք աշխարհին`
Հայրենիքն է վիրաւոր,
Ու փոխան մանկան խաղին
Լաց ու կոծ է ամէն կողմ։

Մրրիկները կը սուլեն
Մեր սահմանի ափերէն`
Մահուան ալիքներուն հետ
Մատղաշ կեանքեր կը խլեն։

Իրաւ, ո՞ւր են մարդկային
Իրաւունքի պաշտպաններն,
Որոնք ո՛չ մեզի` ամէնքին
Թեւ ու թիկունք կը կանգնին։

Ձիւնը տեղաց մեր գլխուն`
Տեսէ՛ք, լսեցէ՛ք, մարդիկ …
Խուլ ու կոյր է ինչպէս միշտ`
Յամր աշխարհը` կապիկ։

Պոռա՞նք, գոռա՞նք, թէ պոռթկանք`
Ձայնալարեր պատռտե՞նք…
Ինչպէ՞ս պիտ լսես, աշխա՛րհ,
Մեր ապրելու ճիչն արդար։

Ըսէ՞ք, ինչպէ՞ս կոտրտենք
Եսը սեւ սատանային,
Որ տէրը կ’ուզէ դառնալ
Մեր հայրենի աշխարհին։

Դամոկլեան սուրն, ահա՛,
Մեր ճամբուն յայտնուեցաւ
Եւ պայքարի ոգիին
Խայծ ու կայծի տեղ տուաւ։

Տէ՛, եկո՛ւր ու այս տարի,
Ուրախ սեղաններու շուրջ,
Կենաց խմէ եւ մաղթէ
Կանաչ օրեր բոլորին։

Նոր տարի է, ո՛չ բարի.
Նոր տարի է, նողկալի։