* Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքը արդէն 6 օրէ փակ է ազրպէյճանցիներու կողմէ
Արդէն վեցերորդ օրը ըլլալով Արցախի Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհը փակ կը մնայ ազրպէյճանցիներու կողմէ։
12 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:30-էն խումբ մը ազրպէյճանցիներ` բնապահպանական պատճառաբանութիւններով, փակեցին Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքը՝ Շուշի-Քարին Տակ հատուածին վրայ։ Ընդհատուեցաւ նաեւ Շուշիի շրջանի Լիսագոր, Մեծ Շէն, Հին Շէն եւ Եղցահող գիւղերու կապը մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հետ:
Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Յունան Թադեւոսեան նոյն օրը նշեց, որ ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ հասած են Շուշիի այն հատուածը, ուր ազերիները փակած են ճանապարհը։ Ճանապարհի մէջ տեղադրած են վրաններ, այնտեղ տեղաւորուած են քաղաքացիական հագուստով անձիք, լրագրողներ։
Հարիւրաւոր ուղեւորներ՝ կիներ, մանուկներ, հիւանդներ մնացին ճանապարհին․ ոչ Արցախ մտնել կարելի է, ոչ ալ հոնկէ դուրս գալ։ Կարելի չէ նաեւ առաջին անհրաժեշըտութեան պարագաներու, դեղորայքի եւ առողջական ծանր հարցեր ունեցող հիւանդներու տեղափոխումը։ Ճամբան փակ է նաեւ շտապ օգնութեան ինքնաշարժներուն համար: Երկար սպասումէ ետք եւ եղանակային ցուրտ պայմաններու պատճառով ուղեւորները ստիպուած եղան վերադառնալ Գորիս եւ Երեւան։
Մէկ օր անց՝ 13 Դեկտեմբերէն Ազրպէյճանը խափանեց նաեւ Արցախի Հանրապետութեան կազամատակարարումը:
Արցախի տեղեկատուական շտապը յայտարարեց, որ «Եղանակային նման պայմաններուն մէջ երկնագոյն վառելիքի մատակարարման դադրեցումը մարդասիրական ու տնտեսական ահաբեկչութիւն է, որ հետեւողականօրէն կ’իրականացնէ Ազրպէյճանը Արցախի խաղաղ բնակիչներուն դէմ»: Կազի դադրեցման պատճառով փակուեցան Արցախի դպրոցները։
* Արցախի կազամատակարարումը վերականգնուեցաւ
Չորս օրեր առանց, 16 Դեկտեմբերին, վերականգնուեցաւ կազի մատակարարումը դէպի Արցախ։ Այս մասին Դիմատետրի ուղիղ եթերով յայտարարեց Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան:
Վարդանեան ընդգծեց, որ «դրացի պետութիւնը» կազամատակարարումը վերականգնած է առանց «որեւէ նախապայմանի, առանց մեր կողմէ որեւէ զիջումի»:
* Ճանապարհի փակումէն երկու օր առաջ թոյլ չեն տուած ազրպէյճանցիներուն մուտքը Դրմբոնի և Կաշենի հանքավայրերու տարածք
Ճանապարհը փակելու ազերիներու գործողութենէն երկու օր առաջ, 10 Դեկտեմբերին ազերի «բնապահպաններուն» մուտքը Մարտակերտի հանքավայրեր արգիլուեցաւ։ Ազրպէյճանցիները նախապէս հսկողութիւն կատարելու պատրուակով գրութեամբ մը պահանջած էին ռուս խաղաղաահներէն այցելել Մարտակերտի Դրմբոն եւ Կաշէնի հանքավայրեր։ Խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը թոյլատրած է այցելութիւնը, բայց Արցախի իշխանութիւններուն եւ հանքավայրերը շահագործող կազմակերպութեան հետ նախապէս չհամաձայնեցնելու պատճառով՝ արգիլուեցաւ ազերիներու մուտքը հանքավայրերու տարածք։
* Պաքուն անհիմն կ’որակէ Լաչինի միջանցքը փակելու եւ մարդասիրական աղէտ ստեղծելու վերաբերեալ Երեւանի մեղադրանքները
Հակադարձելով Լաչինի միջանցքը փակելու եւ մարդասիրական աղէտ ստեղծելու վերաբերեալ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան` Ազրպէյճան յայտարարեց, թէ Ղարաբաղի մէջ հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման համար միջազգային մեքանիզմ ստեղծելու կոչերը անընդունելի են, որովհետեւ «Ազրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանին մէջ ապրող հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը Ազրպէյճանի ներքին գործն է»:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ կտրուկ կերպով հերքեց այն մեղադրանքները, թէ Ազրպէյճան կապ ունի Հայաստանն ու Ղարաբաղը կապող միակ ճամբան փակելու հետ: Որեւէ տեղ չօգտագործելով «Լաչինի միջանցք» եզրը` ազրպէյճանական կողմը կը պնդէ. «Շուշի-Լաչին ճամբան փակուած է ոչ թէ ազրպէյճանցի ցուցարարներու, այլ` Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան կողմէ, որ ժամանակաւորապէս տեղակայուած է Ազրպէյճանի տարածքին մէջ»: Ազրպէյճանը հերքեց նաեւ Արցախ մատակարարուող կազի իր կողմէ անջատումը։
* Արցախի մէջ ռազմական դրութիւն յայտարարուեցաւ
Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրամանագիրով Արցախի մէջ յայտարարուեցաւ ռազմական դրութիւն: Ըստ հրամանագիրին՝ 12 Դեկտեմբերին, Ատրպէյճանի կողմէ Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիի արգելափակման պատճառով ստեղծուած իրավիճակէն մեկնած, Արցախի բնակչութեան բնականոն կենսագործունէութիւնը ապահովելու եւ սպառնացող հնարաւոր վտանգները կանխելու նպատակով որոշուած է, ըստ անհրաժեշտութեան, սահմանափակել Արցախի մէջ ազատ տեղաշարժելու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ սահմանել նշուած տարածքէն դուրս գալու յատուկ դրութիւն:
* Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը յայտարարութեամբ շեշտեց․ «Մեր պայքարը շարունակական է, հայրենի հողին վրայ ապրելու կամքը` անկոտրում»:
Ազգային ժողովի յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի, որ պաշտօնական Պաքուի կողմէ անմիջականօրէն կազմակերպուած այս սադրիչ գործողութիւնները միտուած են Արցախը հայաթափելու, ան իր կազմին մէջ բռնի կերպով ընդգրկելու մշակուած ծրագիրներու իրականացման։ Պաքուն՝ խախտելով 9 Նոյեմբերի Եռակողմ յայտարարութիւնը, կը սպառնայ Արցախին մարդասիրական ճգնաժամով` ցեղասպանութեան եզրին հասցնելով Արցախի ողջ ժողովուրդին:
Կոչ կ’ուղղուի՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն ձեռնարկելու առարկայական եւ գործուն քայլեր` Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ անխափան ցամաքային կապի վերականգնման, Ռուսիոյ` որպէս խաղաղութեան ու կայունութեան երաշխաւոր, անյապաղ միջոցներ ձեռնարկելու սանձելու համար Ազրպէյճանի առաւելապաշտական նկրտումները, որոնք կասկածի տակ են դնում արցախահայութեան գոյութեան եւ իր հայրենի հողին վրայ ապրելու իրաւունքը։ Իսկ Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան դիմելով կ’ըսուի` օգտագործել բոլոր հնարաւորութիւնները` բարձրաձայնելու Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական աղէտի մասին, տէր կանգնելու արցախահայութեան իրաւունքների պաշտպանութեանն ու պատրաստ ըլլալու այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ գործողութիւններ իրականացնելու:
* Արտակ Բեգլարեան Երեւանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին առջեւ նստացոյցի սկսաւ
Արցախի պետական նախարարի խորհրդական, նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան 13 Դեկտեմբերին Երեւանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին առջեւ անժամկէտ նստացոյցի սկսաւ: Ան յայտարարեց, որ այս քայլին կը դիմէ՝ իբրեւ աջակցութիւն Արցախին։ Ըստ անոր՝ ՄԱԿ-ը պէտք է դատապարտէ Ազրպէյճանի գործողութիւնները եւ Արցախի շրջափակումը: Ան կ’ահազանգէ, որ շրջափակման մէջ յայտնուած Արցախը մարդասիրական ճգնաժամի մէջ է:
«Մենք հիմա Արցախի մէջ ունենք մարդասիրական աղէտ եւ այդ աղէտը երթալով կը խորանայ», նշեց Բեգլարեան ։
Նստացոյցով Արտակ Բեգլարեան նաեւ հայաստանեան հասարակութեան աջակցութիւնը կ’ակնկալէ: «Ժողովուրդ, սա արդէն կարմիր գիծերը բաւականին լրջօրէն խախտած է, ու մենք կը գտնուինք ցեղասպանութեան սպառնալիքին առջեւ, հետեւաբար, մենք պիտի գործենք», յայտարարեց ան:
16 Դեկտեմբերի երեկոյեան Բեգլարեանին ընդունեց ՄԱԿ-ի գրասենեակի մնայուն համակարգողի պաշտօնակատարը:
Շուրջ 20 վայրկեան տեւած հանդիպումէն ետք, Բեգլարեան տեղեկացուց, որ միջազգային կառոյցի ներկայացուցիչ Քրիստինէ Վայկանտ իրեն յայտնած է, որ ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ տեղեակ են բողոքի ցոյցէն եւ իրենց պահանջներէն: «Մենք պայմանաւորուեցանք, որ ելեկտրոնային վերջնական տարբերակով գրաւոր մեր դիրքորոշումները, մեր պահանջները կը փոխանցենք իրենց, իրենք ալ զայն կը փոխանցեն կեդրոնակայան Նիւ Եորք, եւ այդ հարցերը երբ քննարկուին, եւ երեւէ որոշում եթէ ըլլայ, մեզի տեղեակ պիտի պահեն», ըսաւ ան:
* Բողոքի ցոյցեր՝ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ, Չինաստանի Եւ Եւրոպական Միութեան դեսպանատուներուն դիմաց
Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան եւ Արցախի Պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլեարեանի նախաձեռնութեամբ, 15 Դեկտեմբերին բողոքի ցոյցեր կատարուեցան Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամներու դեսպանատներուն եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան հայաստանեան գրասենեակներուն դիմաց: Ցուցարարները իրենց երթի աւարտին միացան ՄԱԿ-ի գրասենեակին դիմաց իրենց բողոքը արտայայտողներուն:
Բողոքի ցոյցի մասնակիցները բոլոր դեսպանատներուն մօտ թուղթէ օդանաւներ թռցուցին` պահանջելով օդային մարդասիրական միջանցք բանալու հնարավորութիւն ստեղծել Արցախի համար։ Այնուհետեւ անոնք յստակ պահանջներով նամակներ յանձնեցին դիւանագիտական կառույցներուն։
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան յայտնեց, որ ցոյցին նպատակն էր միջազգային հանրութենէն պահանջել օդային մարդկային միջանցք բանալ Արցախի համար, ինչ որ այսօր կենսական հարց է: «Բացի ցամաքային միջանցքէն, մենք պէտք է ունենանք նաեւ օդային միջանցք, եւ սա միջազգային հանրութեան պարտաւորութիւնն է», շեշտեց Բեգլարեան:
* Պետութիւններ եւ միջազգային կառոյցներ Ազրպէյճանէն կը պահանջեն բանալ Լաչինի միջանցքը
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Չինաստանի, Գանատայի, Յունաստանի, Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնները, Նետերլանտներու խորհրդարան, ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը, Freedom houseմիջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը, իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին ստեղծուած կացութեան առնչութեամբ եւ յորդորեցին Ազպրէյճանին բանալ Լաչինի միջանցքը։
Գանատան ուշադրութեամբ կը հետեւի Լաչինի միջանցքին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ Ազրպէյճանին կոչ կ’ուղղէ բանալու զայն ու ապահովելու ազատ տեղաշարժը` խուսափելու հաւանական մարդասիրական հետեւանքներէն: Միեւնոյն ժամանակ, Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը, Հայաստանն ու Ազրպէյճանը յորդորեց շարունակելու բանակցութիւնները` խնդիրները խաղաղ երկխօսութեան միջոցով լուծելու համար:
* Արամ Ա. կաթողիկոս միջազգային համայնքին կոչ ուղղեց բոլոր միջոցներով միջամտելու Լաչինի միջանցքը վերաբանալու համար
5 Դեկտեմբեր 2022-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսը միջազգային համայնքին կոչ ուղղեց կարելի բոլոր ազդու միջոցներով միջամտելու, որպէսզի Ազրպէյճանի կողմէ փակուած Արցախի ու Հայաստանի միջեւ կապը երաշխաւորող Լաչինի միջանցքը վերաբացուի։ Իր կոչին մէջ վեհափառը անդրադառնալով Արցախի մէջ ապրող հազարաւոր հայերու՝ ընդգծեց, որ անոնք շուտով ենթակայ կրնան ըլլալ հիւանդութեան, սովի ու համաճարակի։ Փաստօրէն, Ազրպէյճանի կողմէ նման քայլ մը ցեղասպանութիւն է. հետեւաբար, միջազգային համայնքը իրաւունք չունի անտարբեր եւ լուռ մնալու՝ մարդասիրական ու մարդկային հիմնական օրէնքներու եւ սկզբունքներու խախտումին ու անտեսումին նկատմամբ։
Արամ Ա.-ի կոչը փոխանցուեցաւ միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն ու մամուլին։
* Մայր Աթոռը դիմումներ յղեց քոյր եկեղեցիներու պետերուն եւ միջեկեղեցական կազմակերպութիւններուն
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը դիմումներ յղեց քոյր եկեղեցիներու պետերուն, միջազգային եւ միջեկեղեցական կազմակերպութիւններուն` Ազրպէյճանի գործողութիւններուն հակազդելու եւ արցախահայութեան մարդկային աղէտալի իրավիճակը յաղթահարելու համար։ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը յորդորեց նաեւ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ Շէյխ ուլ իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէին` «մարդասիրական իր կոչման հաւատարիմ, շօշափելի եւ առարկայական քայլերու ձեռնարկելու` ազրպէյճանական հրահրիչ գործողութիւնները բացառելու համար»:
* 14 նորածին՝ շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի մէջ
12-16 Դեկտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան շրջաններուն եւ Ստեփանակերտի ծննդատուներուն մէջ ծնած է 14 փոքրիկ: Նորածիններէն 8-ը տղայ են, 6-ը՝ աղջիկ։ Ծնունդներէն 2-ը եղած են Մարտակերտի շրջանին մէջ, 1-ը՝ Մարտունիի, միւսները՝ Ստեփանակերտի։ Ըստ Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան՝ առաջին բուժօգնութեան անհրաժեշտ դեղորայքն ու բժշկական պարագաները առայժմ բաւարար են, սակայն, անոնց մատակարարուման հարցը դէպի Արցախ, ճանապարհի փակ ըլլալուն պատճառով, մտահոգիչ է։
* Caucasus Heritage Watch-ը Արցախի մէջ արձանագրած է Ազրպէյճանի կողմէ ոչնչացուած 5, վնասուած 7 վայր. վտանգի տակ են 17-ը
Քորնելլի համալսարանի Մերձաւոր Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի փրոֆէսոր, Caucasus Heritage Watch-ի համաղեկավար Լորի Խաչատուրեան՝ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» 4-րդ համաշխարհային ժողվին ժամանակ ներկացացուց Արցախի երեք հատուածներուն մէջ առաւել տեսանելի հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան հասցուած վնասները: Ըստ անոր՝ առաջին հատուածը կը գտնուի Շուշի քաղաքին եւ անոր շրջակայքին մէջ: Երկրորդը` Լեռնային Ղարաբաղի հարաւայի մասին մէջ, ուր նոր ճանապարհներ կը կառուցուին: Վերջին ամիսներուն նաեւ Լաչինի շրջանին մէջ հայկական պատմամշակութեային ժառանգութիւնը լուրջ սպառնալիքի տակ է:
«Caucasus Heritage Watch-ը արձանագրած է 5 ոչնչացուած վայրեր, 7 վնասուած վայրեր եւ 17 վտանգի տակ գտնուող վայրեր` սկսած այն ժամանակէն, երբ Լեռնային Ղարաբաղի 2-րդ պատերազմը սկսաւ: Մեր բացայայտումները փաստագրելէն ետք մեր զեկոյցները կ’ուղարկենք ինչպէս Ազրպէյճանի, այնպէս ալ Հայաստանի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովներուն եւ ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցողներուն: Մենք զեկոյցները նաեւ կ’ուղարկենք Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ Միջազգային դատարանի «Հայաստանն ընդդէմ Ազրպէյճանի» ներգրաւուած փաստաբաններուն: Յուսով ենք, որ, լայնօրէն տարածելով մեր բացայայտումները, կարենանք կանխել յետագայ ոչնչացումները», ըսաւ Խաչատուրեան: