Սիրելի ընկեր Արթի


Րաֆֆի Սարգիսեան 

Ե-նամակներուս մէջէն կ’ընթերցեմ ընկեր Արթիին հետ տարիներու ընթացքին իմ նամակագրութիւններս։ Պատիւն ունեցած եմ տարիներով անոր հետ Հայ դատի յանձնախումբին մէջ աշխատելու։ Մասնաւորապէս երկուքս ալ հետաքրքրուած էինք մամուլով եւ օտար թերթերու մէջ հայանպաստ յօդուածներ եւ նամակներ հրատարակելու աշխատանքով։

2004-ին բախտաւորութիւնը ունեցայ ընտրուելու ՀՅԴ-ԳԵՄ «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի ատենապետ. երբ կը կազմակերպէինք Հայ կեդրոնի մէջ մեր նոր երիտասարդական սենեակի բացումը, յաճախ կ’այցելէինք մեր պահեստը, որ կը գտնուէր կեդրոնի գետնայարկը, որ այն ժամանակ խոնաւ ու մութ սենեակ մըն էր։ Նկատած էի անկիւնը դիզուած տուփեր, որոնց մէջ կային ծրարներ, ուր պահուած էին հին արխիւներ, ինչպէս նաեւ մեր մասնաճիւղի հիմնադրութեան՝ 1964-65 տարեշրջանի արխիւը։ Բանալով առաջին էջը, տեսայ առաջին վարչական կազմին անունները. առաջին ատենապետն էր՝ ողբացեալ ընկ. Արթի Յակոբեանը։ Անմիջապէս անոր հեռաձայնեցի եւ տեղեակ պահեցի եւ վաւերացուցի տեսածս։ Մեծ խանդավառութեամբ պատմութիւններ պատմեց՝ յիշելով մեր մասնաճիւղի պատմական տարիները եւ Թորոնթոյի երիտասարդութիւնը փրկելու համար առնուած ճակատագրական որոշումները: Մեր յաջորդ հանդիպման ընթացքին ինծի յանձնեց 1964-65 տարեշրջանին առնուած պատմական լուսանկարներ, որոնք թուայնացուցինք եւ պահեցինք մեր արխիւներուն մէջ: 

Ընկեր Արթին միշտ եղաւ ինծի համար մենտոր, որուն սէրն ու նուիրումը մեր գաղութի հանդէպ եղան ներշնչման աղբիւր: Որեւէ Հայ դատի կամ երիտասարդական նախաձեռնութիւն տեսնելը անոր մտքի հանգստութիւն կը բերէր եւ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէր: Եղաւ երիտասարդներուն աշխատանքները քաջալերող եւ միշտ՝ խրատող: Անոր վերջին գրած ե-նամակը այս բոլորին փաստն է. Նամակին մէջ ան կը շնորհաւորէր նոր հրատարակուած յօդուածս The Hill Times թերթին մէջ: 

Unger Raffi: congratulations on a well-organized and fully appropriate article in the Hill Times. Good selection because all the MPs read that paper. Keep up the good work, and keep well.
Ungeragan parevnerov
Artie

Սիրելի ընկեր Արթի,

Յիշատակդ վառ պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ եւ պիտի ծառայէ որպէս հարկաւոր ներուժ մեր ազգանպաստ գործունէութեան մէջ. կը խոստանանք, որ պիտի շարունակենք մեր սուրբ գործը:


Թորոնթհայ համայնքի եւ Հայ դատի անխոնջ ու հաւատաւոր նուիրեալ, «Թորոնթոհայ» ամսագրի հաւատարիմ ընթերցող եւ զօրակցող՝ Արթի Յակոբեանի մահուան տխուր առիթով, «Թորոնթոհայ»-ի խմբագրական կազմը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ թորոնթոհայ համայնքին ու հանգուցեալին ընտանիքին եւ համայն հարազատներուն։