«Դուք մարդու մի՞ս կ’ուտէք․․․». Տիրուկին հետ


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Յիշողութեանս հաստափոր հատորին մէջ Սուրբ Սարգիսի ծոմապահութեան հետ կապուած տասնեակ յուշեր կան, որոնք տարուէ-տարի կ’աւելնան, ու մոռացութեան անիրաւ ճիրաններուն մէջ չփոշիանալու համար կ’որոշեմ այսօր թուղթին յանձնել զանոնք։

Մանկութեանս, մեծմօրմէս քանիցս լսած եմ մեր հարազատներէն Մատլէնին ամուսնութեան պատմութիւնը։ Մատլէնը Սուրբ Սարգիսի նախօրեակին այրի մեծմօրս պատրաստած աղի բլիթը կերած, ծարաւ քնացած ու երազին մէջ տեսած էր իրական կեանքին մէջ բազմիցս մերժած թուխ տղան ու անոր ձեռքէն ջուր խմած։ 

Մատլէնը յաճախ կը կրկնէր. «Գրիգորը երեք անգամ ձեռքս խնդրեց, մերժեցի, բայց երազիս գալէն ետք լեզուս կապուեցաւ։ Լա՛ւ որ ամուսնացեր ենք, աննման է Գրիգորս։ Ղուրպա՛ն ըլլամ, Սուրբ Սարգի՛ս»։ 

18 տարեկանիս ես ալ մեծմօրս եփած աղի բլիթէն կերայ եւ երազիս մոթորսիքլէթով եկող, նորաձեւ սեւ կաշի ժաքէթ հագած, ջուր հրամցնող տղուն դէմքը արթնցած պահուս իսկ մոռցայ ու վրդովեցայ, իսկ մեծմայրս ու մայրս ծիծաղելով ըսին. «Իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն կը յիշէ, բայց դէմքը չի՛ յիշեր եղեր, ասանկ բան կ’ըլլա՞յ»։

Մեծմայրս ամէն տարի Սուրբ Սարգիսի ծոմը կը պահէր, ու երբ ես ծոմապահութեան ցանկութիւն յայտնէի․ «Պզտիկները ծոմ չեն պահեր» կը կրկնէր ու Ռուբէն Զարդարեանի «Պուտ մը ջուր» պատմուածքը կը պատմէր՝ իր տեսակէտին ճշգրտութիւնը հաստատելու։

Դպրոցական տարիներուս, երբ Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանի 8-րդ դասարանի աշակերտ էի, երկու ընկերուհիներս, հօրեղբօր աղջիկներ՝ Ազնիւն ու Թալինը ծոմ կը բռնէին, ես ալ անոնց նայելով սկսայ ծոմ պահելու։ Անշո՛ւշտ, առաջին գիշերը անօթութեան, իսկ երկրորդ գիշերը գլխացաւի պատճառով չէինք կրնար քնանալ։ Չորեքշաբթի առաւօտ Թալինը օրհնուած ջուր կը բերէր իրենց տան կից գտնուող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիէն եւ երեքս, դպրոցին մէջ, սէնտուիչ մը ուտելով կը բանայինք մեր ծոմը։ Ի՜նչ լաւ օրեր էին։ 

Ամուսնանալէս ու երեխաներ ունենալէս ետք, արաբախօս դրացուհիիս աղջկան` Լիլիանին հետ քանի մը անգամ ծոմ բռնած ենք եւ չորեքշաբթի առաւօտ, երկուքս, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հաղորդուելէ ետք, անոր մօրը պատրաստած ճոխ նախաճաշով բացած ենք մեր ծոմը։ Մայրը յաճախ՝ «Փեսայ գտնելու համար կը պահեն այս ծոմը, Տիրո՛ւկ», կ’ըսէր, սակայն ես՝ «Ուխտ ունիմ կատարելիք» պատասխանելով, այդ հարցուփորձին էջը կը փակէի։ 20 տարիներէ ի վեր, աշխարհի որ ծայրամասն ալ ըլլանք, ես ու Լիլիանը, Սուրբ Սարգիսի նախօրեակին առցանց կը կապուինք ու կը պայմանաւորուինք ծոմ պահելով զիրար քաջալերել, բայց միշտ չէ որ կը յաջողինք․․․ չորեքշաբթի չեղած՝ ծոմը բանալուն խոստովանութիւնները կը սկսին…։ է՜հ, առաջուանը չենք։

Հայաստան ապրած շրջանիս գրականագէտ Մարգարիտա Խաչատրեանի շնորհիւ ծանօթացայ հնագէտ Ֆրինա Պապայեանին, որ տարիներ առաջ եղած էր Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէն կառուցուած` Ուշի գիւղի Սուրբ Սարգիս վանական համալիրի պեղումները կատարող խումբին տնօրէնը։ Ուշի գիւղ առաջին այցելութիւնս 26 նոյեմբեր 2011-ին էր, երբ վայելեցինք Նիկոլ Աղբալեանի անունը կրող դպրոցի աշակերտներուն բեմական ելոյթը, նշեցինք Համաստեղի տարեդարձը (դպրոցի գրադարանը կը կրէ Համաստեղի անունը), ապա՝ Մարգարիտա Խաչատրեանին հետ ուղղուեցանք պարոն Մարգար Շարապխանեանենց տունը, ուր լիառատ սեղանի մը շուրջ, կենացներու եւ ճարերու յորդառատ ճոխութեան ներքոյ, տասնեակ երեւելի մարդկանց հետ նշեցինք Համաստեղի ծննդեան տարեդարձը։ 2012-ի ամրան, երբ Մ. Խաչատրեանին եւ Տիկին Ֆրինային հետ այցելեցինք Սուրբ Սարգիս վանական համալիրը, տիկին Ֆրինան մանրամասն պատմեց իւրաքանչիւր պեղուած իրին եւ սենեակներուն մասին. անոր կեանքի փափաքն էր այդ համալիրը վերականգնուած տեսնելը. ափսո՜ս, չիրականացաւ…

Կէսօրին ուղղուեցանք գիւղացի պարոն Յարութիւնենց (յուսամ անունը ճիշդ կը յիշեմ) տունը, ուր տիկին Ֆրինան ապրած էր պեղումներ կատարելու ընթացքին։

Համեղ պատառ մը ուտելէ ետք, սրճելու ժամանակ, տիկին Ֆրինա պատուհանէն դուրս նայելով ըսաւ. «Ես եւ փոքրիկ թոռնիկս էստեղ էինք գիշերում։ Յանկարծ թոռնիկս կանչեց. «Մեծմա՜մ, մեծմա՜մ, նայէ’, էդտեղ, հեռուն ի՞նչ կայ…լոյս է վառւում ու մարւում»։ Նայեցի, եւ ի՜նչ տեսնեմ, Լուսաւորչի կանթեղը երկնքից կախուած, հենց համալիրի գլխին է պլպլում։ Մինչեւ լուսաբաց էդ կանթեղը էդտեղ էր։ Յաջորդ օրը գնացի, պեղեցի ու Սուրբին մասունքները գտայ։ Ուղղակի հրա՜շք»։ 

Գրելիք ու պատմելիք հազարաւոր յուշեր կան, սակայն դառնամ ծոմապահութեան յուշերուս։ 2016-էն մինչեւ 2019 փետրուար Լիբանան ապրեցանք եւ այդ երեք տարիներու ընթացքին՝ Սուրբ Սարգիսի ծոմապահութենէն ետք, մեր վարձած տան կից գտնուող Սուրբ Յարութիւն եկեղեցիէն հաղորդութիւն ստանալով կը վազէի դպրոց եւ Սուրէն Խանամիրեանի պաշտօնակից ուսուցիչ-ընկերուհիներուս կը հրամցնէի օրհնուած ջուրը ու բոլորը խաչակնքելով ումպ առ ումպ կը խմէին զայն, իսկ Էլօ մայրիկը վազելով կու գար ու կ’ըսէր․ «Տիրու՛կ, տնօրէնը` օրիորդ Նելլին ալ կ’ուզէ խմել այդ ջուրէն», եւ ես այդ հրաշագործ ջուրը անձամբ կը տանէի անոր, եւ անոր գոհունակ խօսքերով ջուր կը սրսկէի հոգւոյս վրայ։ 

Երբ Խանամիրեան դպրոցը փակուեցաւ ու մաս կազմեց նորակառոյց Ազգային միացեալ վարժարանին՝ հայոց լեզու եւ պատմութիւն դասաւանդեցի , իսկ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ տէր հայր Ղեւոնդը` կրօն։ Այդ տարին դպրոցէն չուշանալու համար տէր հայրը կանուխ եկաւ եկեղեցի եւ հաղորդութիւն տալէ ետք երկու շիշ օրհնուած ջուր տուաւ, որպէսզի դպրոցի ուսուցչական կազմին հրամցնեմ ։ Լսողը ուսուցչարան վազեց՝ ումպ մը առնելու, իսկ ես օրիորդ Նելլիին բաժինը արդէն չէի մոռցած զետեղելու (մինչեւ օրս այդ ջուրէն խմելէս առաջ կը կապուիմ անոր հետ՝ վերակենդանացնելու այդ քաղցր յուշերը․․․)։ 

Հո՞ս։ Հո՛ս, երրորդ տարիս է, որ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիէն օրհնուած ջուր կը բերեմ պաշտօնավարած ո՛չ հայկական դպրոց եւ բարի նպատակով կ’առաջարկեմ պաշտօնակիցներուս ումպ մը խմել այդ սուրբ ջուրէն ու կը շեշտեմ Սուրբ Սարգիսի հզօր ըլլալուն գաղափարը, սակայն օտարական ուսուցիչներէն շատեր կը մերժեն. հազար ու մէկ հաշիւներ ունին անոնք` հաւատքի տարբերութիւն, Քովիտէն սոսկում, ինչպիսի ջուր ըլլալէն վախ…եւ այլն։ 

Եւրոպական արմատներ ունեցող տնօրէնս կասկածելով ու տատամսելով կը խմէ ջուրը, ապա` «Վստահ ե՞ս, որ պիտի չթունաւորուիմ» կ’ըսէ ծիծաղելով. միտքէս քանի մը խօսք կը փափաքիմ ըսել անոր հասցէին, սակայն նոր հաղորդուած ըլլալուս համար կուլ կու տամ այդ մտածումս։ 

Այս տարի բացառութիւն մը եղաւ։ Շատ ուրախացայ, միեւնոյն ժամանակ զարմացայ, երբ «It’s Holy water.You can drink and ask from God» ըսի, եւ երկու ֆիլիփինցի ուսուցիչներ զարմանքով՝ «Oh, dear, do you believe in Holy water too?», բացագանչեցին, վազելով բամպակի կտոր մը բերին ու ջուրը իրենց ճակտին քսեցին. հազար ու մէկ ջանքերով ջուրը խմելու եւ մուրազ մը ուզելու համոզեցի զիրենք։ Գիտէ՞ք, քանի՜ անգամ գոհունակութեամբ վիզէս փաթթուեցան այդ օր։

Ամենէն երգիծական դրուագը երկու շաբաթ առաջ պատահեցաւ, երբ ուսուցչարանը կը խօսէինք ծոմապահութեան եւ պահեցողութեան մասին, եւ ուուցիչներէն ոմանք ըսին, թէ արդէն հիմա շատեր բուսակեր են եւ պահքի շրջանը արդէն իմաստ չունի անոնց համար։ Ես ըսի, որ պահքը միայն բուսակեր ըլլալ չի՛ նշանակեր, այլ՝ բարի կենցաղ ունենալն ու կամքի զօրութիւնը։ Ըսի նաեւ, որ կրնան անոնք հրաժարիլ իրենց նախասիրած ուտելիքները ուտելէն, եւ պատմեցի Խրիմեան հայրիկին մասին, թէ ինչպէ՛ս երկու գիւղացի եկած են Խրիմեան հայրիկին մօտ հարցնելու, թէ կարելի է՞ արդեօք պահքի շրջանին միս ուտել, հարցումին իբրեւ պատասխան Հայրիկը ըսած է. «Վնաս չունի եթէ կենդանիի միս ուտէք, կարեւորը իրարու միս չուտէք», իսկոյն ուսուցիչներէն երկու ափրիկեցի, չինացի ու վիէթնամցի մը՝ այդ խօսքին փոխաբերական իմաստը առանց ըմբռնելու, տեղերնէն ցատկելով, աչքերնին մեծ բացին ու բարձրաձայնեցին. «Ինչո՞ւ, դուք, հայերդ, զոմպիներուն պէս, մարդու մի՞ս կ’ուտէք…»։