Ազրպէյճանի Զինուած ուժերը ներթափանցեցին Արցախի տարածք․ Արցախն այս շաբաթ


Ազրպէյճանի զինուած ուժերը ներթափանցեցին Արցախի տարածք՝ կտրելով Շուշիի շրջանի չորս գիւղերու կապը Ստեփանակերտի հետ

Ազրպէյճանի զինուած ուժերը, անգամ մը եւս ոտնահարելով 8 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութիւնը՝ 25 մարտին, Շուշի-Լիսագոր հատուածին մէջ դիրքային թափանցում կատարեցին Արցախի Հանրապետութեան տարածքը:

Ազրպէյճանական կողմի դիրքային յառաջխաղացքէն ետք ամբողջութեամբ փակուեցաւ Ստեփանակերտ-Լիսագոր ճամբան, որ կ’ապահովէր Ստեփանակերտի եւ Շուշիի շրջանի չորս գիւղերու՝ Մեծ Շէնի, Հին Շէնի, Եղցահողի ու Լիսագորի միջեւ կապը:

Շուրջ 150 բնակիչ ունեցող Եղցահողի մէջ արդէն որոշակի խնդիրներ յառաջացած են դեղորայքի ձեռքբերման հարցին մէջ, մասնաւորապէս շաքարախտով հիւանդներու համար: Համայնքի ղեկավար Արտակ Յակոբեանի համաձայն, նաեւ ուսանողները Ստեփանակերտ չեն կրնար երթալ, կամ այնտեղէն գիւղ վերադառնալ:

Լիսագորի հատուածին մէջ բարձունքի մը գրաւումէն ետք ազրպէյճանական զինուժը ամբողջութեամբ վերահսկողութեան տակ առաւ այդ ճամբան` զրկելով արցախցիները այլընտրանքային միակ կապէն: Արցախի միւս բնակավայրերէն կտրուած Լիսագորի համայնքապետ Գագիկ Նասիբեանի համաձայն, իրենց գիւղը ազրպէյճանցիներուն կողմէ կը դիտարկուի տակաւին 44-օրեայ պատերազմէն ետք: 73 բնակիչ ունեցող այս գիւղին մէջ ազրպէյճանական դիրքերու եւ գիւղի բնակիչներու տուներուն միջեւ հեռաւորութիւնը ընդամէնը քանի մը հարիւր մեթր է:

Մինչեւ լեռնային ճամբուն փակուիլը Եղցահողը նոյնպէս 44-օրեայ պատերազմէն ետք արդէն իսկ բաւական ծանր վիճակի մէջ յայտնուած է: Համայնքի բնակիչներու տուներու եւ ազրպէյճանական դիրքերու միջեւ հեռաւորութիւնը այստեղ նոյնպէս ընդամէնը 500-600 մեթր է:

Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի կոչ ուղղեց Ազրպէյճանին բանալու Լաչինի միջանցքը

Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Գանատայի խորհրդարանի 27 մարտին, հերթական նիստի ընթացքին, Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի անդրադարձաւ Արցախի շրջափակմանը։

Նիստի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Ազատական կուսակցութեան անդամ Ժան Եիփ եւ յայտնեց, թէ իր ընտրատարածքի, Սքարպորօ-Էյճինգորթի մէջ ապրող հայ համայնքի քաղաքացիները խորապէս մտահոգ են Արցախի հակամարտութեան գծով լարուածութեան սրումին առնչութեամբ։ Ան յիշեցուց, թէ արդէն աւելի քան հարիւր օրէ ի վեր Արցախի շրջափակումը կը շարունակուի եւ առկայ է մարդասիրական խորացող տագնապ մը, իսկ Արցախի ժողովուրդը մտավախութիւն ունի, թէ կացութիւնը շուտով կրնայ վերստին սրիլ։ Ան հարց տուաւ, թէ Գանատայի արտաքին գործոց նախարարը կրնա՞յ պարզաբանել, թէ Գանատայի կառավարութիւնը ի՞նչ քայլեր առած է այս հարցին ուղղութեամբ։

Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի՝ ելոյթի ընթացքին (լուսանկարը Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբին)

Նիստին ներկայ Արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի պատասխանելով հարցին յայտնեց, թէ Գանատան կը շարունակէ կոչ ուղղել Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն Լաչինի միջանցքը բանալու և բոլոր հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու։ Ան շեշտեց, որ պէտք է առաջքը առնուի մարդասիրական տագնապի վիճակի յաւելեալ վատթարացման։ Ան միաժամանակ յայտնեց, որ Գանատան իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի սահմաններուն վրայ Եւրոպական Միութեան վերահսկողութեան առաքելութեան։

Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը Աղաւնոյ եւ Տեղ գիւղերուն միջեւ փակած են Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղին

Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը 30 մարտի գիշերը փակած են Աղաւնոյ եւ Տեղ գիւղերուն միջեւ Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղին, հաղորդեց Արցախի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը:

Արդէն պատրաստ է փակուած ճամբան շրջանցող` Սիւնիքի մարզի Տեղ-Կոռնիձոր արահետային նոր ճամբան, որ կը միանայ օգոստոս 2022-ին շահագործման յանձնուած նոր` Կոռնիձոր-Հին Շէն ճամբուն (Բերձորի միջանցքին): Տեղ-Կոռնիձոր նշեալ ճամբու Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ կուպրապատման աշխատանքները ընթացքի մէջ են:

Հայաստանի սահմանային Տեղ գիւղը

Ներքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ Տեղ-Կոռնիձոր արահետային ճամբան երթեւեկելի է եւ, հաշուի առնելով Արցախի շարունակուող շրջափակումը, ատով կարելի է իրականացնել Արցախի մարդասիրական մատակարարումները ռուս խաղաղապահներուն եւ Միջազգային կարմիր խաչի յանձնախումբին կողմէ: Այդ ճամբան, ի դէպ, Արցախի Հանրապետութեան սահմանին` Հագարի գետի կամուրջին մօտ կը վերահսկուի ռուս խաղաղապահ զօրակազմին կողմէ:

Յիշեցնենք, որ 12 դեկտեմբերէն ի վեր ազրպէյճանական կողմը փակած է Արցախը Հայաստանին կապող միջպետական մայրուղիի Շուշիի հատուածը: Եւ արդէն 110-րդ օրն ըլլալով Արցախի բնակչութիւնը զրկուած է արտաքին աշխարհի հետ կապէն:

Նշենք, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Բերձորի նոր ճամբուն գործարկման պատճառով, շարք մը տիրական բարձունքներ, հիմնական ու երկրորդական ճամբաներ, ինչպէս նաեւ սահմանի երկայնքին ընդարձակ տարածքներ առնուած են ազրպէյճանական զինեալ ուժերու վերահսկողութեան տակ:

Երկրագործական աշխատանք կատարողներու վրայ կրակոցները կը շարունակուին

Ազրպէյճան դարձեալ խախտեց զինադադարի պահպանման դրութիւնը՝ կրակելով գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող քաղաքացիներուն ուղղութեամբ, կը յայտնեն Արցախի ներքին գործոց նախարարութենէն՝ դիտել տալով, որ աշխատանքները դադրած են:

26 մարտի առաւօտեան, երբ Մարտունիի Սօս գիւղի տարածքին խաղողի այգիին մէջ երկրագործական աշխատանք կատարող երկու բնակիչներու ուղղութեամբ հակառակորդի դիրքերէն հրաձիգներով անկանոն կրակոցներ արձակուեցած են: 

Նոյն օրը, Թաղավարդ գիւղի բնակիչներ ցորենի դաշտին մէջ երկրագործական աշխատանքներ կատարելու ընթացքին, յայտնուեցան ազրպէյճանցի զինծառայողներու կրակոցներու թիրախը:

Մարտակերտի վարչական տարածքին մէջ Նուռի այգիներուն մէջ աշխատողներու ուղղութեամբ թշնամին անկանոն կրակոցներ արձակած է, որուն պատճառով կանգ առնի երկրագործական աշխատանքները։

31 մարտին այս անգամ Ասկերանի Նախիջեւանիկ գիւղի տարածքին ազրպէյճանական կողմը կրակեց այգիի մէջ աշխատող քաղաքացիներու ուղղութեամբ։ Թշնամին կիրառեց հրաձգային զէնք և ՁՀՆ֊7 նռնականետ։

Տեղեկութիւնները փոխանցուեցան ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին:

Հայաստան-Արցախ այլընտրանքային ճանապարհը 1 ապրիլէն պատրաստ է շահագործման

Հայաստանը Արցախին կապող այլընտրանքային ճանապարհի հողային հատուածը մօտ 20-25 օր առաջ արդէն պատրաստ էր, յայտնած է Տարածքային կառավարման և ենթակառուցուածքներու նախարարութեան խօսնակ Սոնա Յարութիւնեանը:

Գորիս-Ստեփանակերտ այլընտրանքային ճանապարհի կառուցումը (լուսանկարը «Արցախպրես»-ի)

«Ատկէ ետք իրականացուած է առաջին շերտի կուպրապատումը։ Մենք նոյնիսկ այժմ ունինք տեղեր, որոնք արդէն երկրորդ շերտի կուպրապատման աշխատանքներուն սկսած են: 1 ապրիլէն անիկա արդէն բաց պիտի ըլլայ երթեւեկութեան համար, իսկ ամբողջութեամբ, եռաշերտ կուպրապատումը եւ ճանապարհային նշաններով կահաւորուած պիտի ըլլայ ամրան», ըսած է ան։

«Մենք Հայ-ազրպէյճանական սահմանին ուղղութեամբ շատ հետաքրքրական դիրքեր ունինք, այդտեղ կ’ամրապնդուինք եւ այդտեղ պիտի մնանք»․ Ալիեւ

«Հայաստան տարիներ շարունակ Լաչինի վերադարձը անթոյլատրելի կը նկատէր», 28 մարտին այդ շրջանին մէջ իր նոր նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչ Մասիմ Մամետովի հետ հանդիպումի ժամանակ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

«Բանակցութիւններու երկար տարիներու ընթացքին միջնորդները մշտապէս յատուկ մօտեցում կը ցուցաբերէին Լաչինի շրջանին, իսկ Հայաստանը ընդհանուր առմամբ այդ շրջանի Ազրպէյճանին վերադարձը անթոյլատրելի կը նկատէր», նշած է Ալիեւ:

«Հայերը, սակայն, միւս շրջաններէն հեռանալ եւս չէին պատրաստուեր: Այսօր` պատերազմէն երկուքուկէս տարի ետք, ատիկա բոլորին համար շատ աւելի ակնյայտ դարձած է: Միջազգային միջնորդներն ալ` ԵԱՀԿ-ի նախկին Մինսքի խմբակը, բանակցութիւններ վարելով, փաստօրէն կը փորձէին ամրագրել բռնագրաւումի փաստը», պնդած է ան:

Ազրպէյճանի նախագահը յայտարարած է, որ Բերձոր քաղաքին մէջ շուրջ 500 տուն կը կառուցուի եւ մինչեւ այս տարուան վերջը հազարաւոր մարդիկ պիտի ապրին Բերձոր քաղաքին մէջ:

«Սկսած ենք Զաբուխ եւ Սուս գիւղերու ամբողջական վերակառուցմանը: Աւելի քան 1000 մարդ պիտի տեղաւորուի Զաբուխ գիւղին մէջ, աւելի քան 300 մարդ` Սուս գիւղին մէջ: Զաբուխի բնակիչներուն համար կը հիմնուի ամբողջովին նոր գիւղ», ըսած է Ալիեւ աւելցնելով, որ Բերձոր քաղաքին մէջ մզկիթ պիտի կառուցուի: Ան յայտնած է, որ իրենք հայ-ազրպէյճանական ուղղութեամբ «շատ շահեկան դիրքեր ունին», այդ դիրքերուն վրայ կ’ամրապնդուին եւ այնտեղ ալ պիտի մնան:

Ազրպէյճանը «Ղարաբաղի հայ համայնքի ներկայացուցիչները» դարձեալ կը հրաւիրէ Պաքու՝ հանդիպումի

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները դարձեալ առաջարկեցին «Ղարաբաղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն» հետ Ապրիլի առաջին շաբաթը Պաքուի մէջ հանդիպում մը իրականացնել:

«Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմը՝ իբրեւ շարունակութիւն 1 մարտին Խոջալու (Իւանեան) քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման եւ 13 մարտի հրաւէրին, անգամ մը եւս կը հրաւիրէ Ղարաբաղի հայ համայնքի ներկայացուցիչները ապրիլի առաջին շաբաթուան ընթացքին Պաքուի մէջ հանդիպում մը իրականացնելու՝ վերահամարկման, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի մէջ ենթակառուցուածքային նախագիծերու իրականացման հարցերը քննարկելու համար», կը նշուի Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի հաղորդագրութեան մէջ:

Պաշտօնական Ստեփանակերտ յայտարարութիւն մը տարածելով՝ մերժեց Պաքուի առաջարկը, վերահաստատելով, որ պատրաստ են հանդիպելու, բայց Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան միջնորդութեամբ եւ անոնց հրամանատարութեան տեղակայման վայրին մէջ՝ քննելու Լաչինի միջանցքի անխափան գործունէութեան վերաբերեալ հարցերը:

Թատրոնի միջազգային օրը Արցախի մէջ

Ըստ «Ապարաժ»-ի, 27 մարտին, թատրոնի միջազգային օրուան առիթով Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ «Բակում կատաղած շուն կայ» թատերգութեան առաջնախաղը եւ «Ստեփանակերտի Վ․ Փափազեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնի տարեգրութիւնը 1932-2019 թուականներուն» եւ «Վահրամ Փափազեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոն- 90» գիրքերու շնորհանդէսը:

«Բազմաթիւ դժուարութիւններով մենք այնուամենայնիւ նոր բեմադրութիւն  պատրաստած ենք` Կոնստանտին Բուաչիձէի «Բակում կատաղի շուն կայ» ողբերգակատակերգութիւնը: Անիկա մեր մօտ բեմադրուած է նաեւ 1966-ին: Եկէք այդ դժուար ժամանակներուն մէջ ժպտալու, ծիծաղելու ուժ գտնենք, որպէսզի կարենանք ապրիլ»,- նշած է Ստեփանակերտի Վ. Փափազեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնի գրական-գեղարուեստական մասի վարիչ Կարինէ Ալաւերդեանը:

Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Լեռնիկ Յովհաննիսեան կարեւոր համարած է այս երկու գիրքերուն տպագրութիւնը: «Ահռելի, մեծածաւալ աշխատանք կատարուած է. ամիս առ ամիս, օր առ օր թատրոնի ամբողջ պատմութիւնն է: Այն թատերական կեանքի հանրագիտարանն է, որ կրնայ իւրաքանչիւրիս տան ամենատեսանելի վայրին մէջ ըլլալ», նշած է ան։

Ստեփանակերտի մէջ  տեղի ունեցաւ Ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբի եւ «Մենք ենք, մեր սարերը» երգի-պարի պետական համոյթի համերգը

31 մարտին, Ստեփանակերտի մէջ միասին ելոյթ ունեցան Արցախի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբը եւ «Մենք ենք, մեր սարերը» երգի-պարի պետական համոյթը՝ նուիրուած Արցախեան շարժման 35-ամեակին:

Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ նախ ներկաները մէկ վայկեան լռութեամբ յարգեցին Արցախի պաշտպանութեան ու պահպանութեան համար բոլոր պատերազմներուն նահատակուած հերոսներու յիշատակը: Արցախի ազգային նուագարաններու պետական նուագախմբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Լեւոն նշեց, որ մէկ ամիս տեւած նախապատրաստական աշխատանքներէն ետք որոշած են  հանդիսատեսին ներկայանալ համատեղ: Նպատակ ունին հանդէս գալ Արցախի այն բոլոր բեմերուն վրայ, ուր կայ ծրագիրը ներկայացնելու հնարաւորութիւն։

«Մենք ենք, մեր սարերը» երգի-պարի պետական համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Գարի Աւանեսեանն իր խօսքին մէջ ընդգծեց` քանի որ համերգը նուիրուած է Արցախեան շարժման 35-ամեակին, ծրագրին մէջ հիմնականօրէն ընդգրկուած են հայրենասիրական կատարումներ:

«Այսօր մայրաքաղաքի հանդիսատեսը վայելեց հայ սիրուած գուսաններու եւ երգահաններու գեղեցիկ, հայրենասիրական, ժողովրդական ստեղծագործութիւնները», ըսաւ Աւանեսեան: