Աւանակը


Կ.Ք. Չեսթըրթըն

թարգմանութիւն՝ «Թորոնթոհայ»-ի

Երբ ձուկերը կը թռչէին ու անտառները կը քալէին
Եւ փուշի վրայ թուզ կ’աճէր,
Երբ լուսինը արիւն էր դարձած,
Ես այդ ժամանակ եմ ծներ:

Հրէշաւոր գլուխով, լացով հիւանդագին
Ու ականջներով՝ մոլորուած թեւերու նման,
Սատանային փիս կատակն ըլլայի՝
Չորքոտանիներուն լման:

Աշխարհի խեղճուկրակ թափառականը՝
Հնադարեան ծուռ կամքով։
Սոված պահէ՛, պատժէ՛, զրկէ՛՝ անասուն եմ,
Բայց դեռ կը պահեմ գաղտնիքս ապահով:

Քաղցր ժամ մը ե՛ս ալ ապրած եմ, յիմա՛ր,
թէկուզ վաղուց էր եւ կատաղի.
Ականջներուս մէջ աղաղակ կը հնչէր
Ու ոտքերուս՝ տերեւներ արմաւենի՜:


բնագիր՝ “The Donkey” by G.K. Chesterton, from The Collected Poems of G. K. Chesterton (Dodd Mead & Company, 1927)