Արցախցիին Նոր տարին առանց «կեանքի ճանապարհ»-ի՝ սակայն անկոտրում կամքով


Սալբի Սաղտըճեան

Տարեվերջ է. ժամեր անց պիտի դիմաւորենք 2023 թուականը։ Երեւանի լուսաւոր փողոցներուն, շուկաներուն մէջ եռուզեռ է․ գնումներ, նուէրներ, ճոխ ու առատ սեղաններու շուրջ գալիք նոր տարին դիմաւորելու պատրաստութիւններ, իսկ մայրաքաղաքէն 300 քմ․ այն կողմ, հայութեան թանկագին մէկ հատուածին համար, կեանքը տօնական չէ, այլ պայքար է, գոյութեան եւ լինելիութեան ամէնօրեայ կռիւ։ 

«Մենք Արցախի մէջ շրջափակման մէջ ենք արդէն քսան օրէ ի վեր, մեզ յիշեցէք եւ մի մոռնաք ձեր ուրախութեան մէջ», Նոր տարուան շեմին՝ բոլորիս կը յիշեցնեն արցախցի փոքրիկները։ 

Երեք շաբաթէ ի վեր Արցախը կտրուած է արտաքին աշխարհի հետ իր միակ եւ անմիջական կապէն։ Թշնամիին կողմէ Բերձորի միջանցքի փակուելուն պատճառով՝ շրջափակման մէջ կը գտնուին մեր հարիւր քսան հազար հայրենակիցները, որոնցմէ երեսուն հազարը երեխաներ են։ Օրէ օր կը նուազին սնունդը, վառելիքը, դեղորայքը՝ խորացնելով մարդասիրական ճգնաժամը։

Ռուս խաղաղապահներու անզօրութեան, թէ այլ պատճառներով՝ ճանապարհի բացման համաշխարհային բոլոր կոչերն ու յորդորները չհարկադրեցին թշնամիին բանալու ճանապարհը։ Հայաստանի իշխանութեանց եւ համայն հայութեան ջանքերը նոյնպէս անարդիւնաւէտ եղան։ Արցախցիք Նոր տարին կը դիմաւորեն առանց «կեանքի ճանապարհ»-ի։ Անոնք շատ լաւ կը հասկնան թշնամիին վարած քաղաքականութեան նպատակը՝ դժուարութիւններ յարուցելով ստիպել լքելու իրենց բնակավայրերը, ուր, սակայն, անոնց արմատներուն խորութիւնը անծայրածիր է։ 

Արցախցիներու բարձր եւ անկոտրում ոգիին անգամ մը եւս ականատես եղանք 25 Դեկտեմբերի, երբ, իրենց կրած զրկանքներով հանդերձ, վերահաստատեցին հայրենի հողին վրայ ապրելու հետեւողական ու վճռական կամքը՝ իրենց ոգեւորութեամբ վարակելով ու յուսադրելով ողջ հայութիւնը։ «Չեմ կասկածում, որ մեր ժողովուրդը նորից կը վերադարձնի 88-ի Շարժման ոգին և կը կարողանայ միասնականութեամբ, կամքով, համբերութեամբ, դժուարութիւնները յաղթահարելով հասնել իր բաղձալի նպատակին», հանրահաւաքէն ետք ըսաւ կրթութեան, գիտութեան փոխ-նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան։ 

Այս տարի «Թորոնթոհայ»-ը շաբաթական դրութեամբ իր ընթերցողներուն ներկայացուց Արցախի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային իրադարձութիւնները՝ ցոյց տալով, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք իսկ, թշնամիին ամէնօրեայ ահաբեկութեան, կրակահերթերուն, զրկանքներուն, յարուցած տարատեսակ դժուարութիւններուն դէմ դնելով արցախցիք կը շարունակեն ապրիլ, արարել ու ամէն գնով տէր կանգնիլ հայրենի հողին։

Տարուան ընթացքին թշնամին պարբերաբար ահաբեկեց Արցախի գրեթէ ամբողջութեամբ սահմանամերձ դարձած գիւղական շրջաններու բնակիչները՝ բարձրախօսներով եւ կրակոցներով ստիպելով լքելու իրենց գիւղերը, գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող գիւղացիներուն վրայ կրակելով՝ խաթարեց անոնց աշխատանքը։ Մարտին եւ Օգոստոսի սկիզբը արեւմտեան եւ հիւսիսային կողմէ յարձակում գործեց, որուն պատճառով Արցախի բանակը ունեցաւ նահատակներ եւ վիրաւորներ։ Oգոստոսի վերջը Ազրպէյճանը տիրացաւ Բերձորին, Աղաւնոյին եւ Ներքին Սուսին։ Բերձորի ճանապարհը անցաւ ազերիներու վերահսկողութեան տակ։ 

Անվտանգային բարդ իրավիճակին մէջ արցախցիք վճռակամութեամբ եւ յամառութեամբ շարունակեցին ապրիլ ու արարել․ կառուցուեցան նոր թաղամասեր, ճանապարհներ, երեխաներուն համար խաղահրապարակներ, դպրոցներ, մանկապարտէզներ։ Կազմակերպուեցան մշակութային միջոցառումներ՝ համերգներ, ցուցահանդէսներ, թատերական ներկայացումներ: Անոնք հաստատակամ կը մնան, կրկնելով՝ «Հայը հազարամեակներ ապրել է այս հողում եւ շարունակելու է ապրել»։

Որպէս Նոր տարուան ամենէն բաղձալի մաղթանք՝ ողջ հայութիւնը միասնակամութեամբ, համախմբուածութեամբ եւ ողջ ներուժով թիկունք կանգնի ծուատուած ու խոցուած մեր փոքրիկ Արցախին, որպէսզի մեր հայրենակիցները կարենան դիմակայել բոլոր փորձութիւններուն եւ աշխարհին պարտադրել սրբադասուած հայրենի հողին վրայ ապրելու եւ գոյատեւելու իրաւունքը։