Դէպի «Նոր թռչնոց բոյն»՝ մարդասիրական առաքելութեան ներշնչումով


Սալբի Սաղտըճեան

«Ես Աղայեան Ալեքսն եմ, 11 տարեկան։ Հերոս Ռուստամ Աղայեանի եւ Նարինէ Չիլինգարեանի որդին: Մենք եղել են ամենաերջանիկ ընտանիքը մինչ պատերազմ։ Իմ բաղձալի երազանքն է, որ հրաշք տեղի ունենայ եւ ինձ ասեն, որ իմ հայրը ողջ է եւ վերադառնում է տուն։ Ուզում եմ, որ բոլոր երեխաների հայրերը տուն վերադառնան»․ «Նոր թռչնոց բոյն»-ի ֆէյսպուքեան էջին՝ հարիւրէ աւելի այսպիսի նամակներով եւ նկարներով՝ անմահացած հերոսներու զաւակները կ’երազեն Նոր տարիին ոչ թէ խաղալիք մը ունենալու, այլ՝ իրենց հօր տուն վերադարձին եւ խաղաղութեան մասին։

Երկու տարի առաջ, պատերազմի ռազմաճակատին վրայ ունեցանք հազարաւոր նահատակներ, իսկ թիկունքին՝ բազմաթիւ որբացած փոքրիկներ, այրիացած կիներ եւ որդեկորոյս մայրեր։ Պատերազմը շատ ծանր էր, իսկ պատերազմին ձգած խոր վէրքերը դարմանելը՝ երկարատեւ ու դժուար։ Այս փոքրիկներուն հօր տուն դարձի երազանքը դժուար է իրականցնել, բայց «այդ երեխաներուն եւ իրենց մայրերուն օգնելը, աջակցիլը նուազագոյնն է, որ կրնանք ընել», կ’ըսէ «Նոր թռչնոց բոյն»-ի համահիմնադիր Զապէլ Պէրպէրեան։

Թորոնթոհայ Զապէլն ու ամուսինը՝ Նիկոլ Աբրահամեանը, որոնք երկար տարիներ է տեղափոխուած են հայրենիք, զոհուածներու ընտանիքներուն օգնելու սկսան 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ, երբ իրենց բնակած Պռոշեան համայնքը ունեցաւ տասնեակէ աւելի նահատակներ, իսկ անոնց ընտանիքները մատնուեցան հոգեբանական եւ նիւթական ծանր դրութեան։ «Պռոշեանով սկսանք, բայց տեսանք, որ ասիկա միայն Պռոշեանի հարցը չէ, այլ ամբողջ Հայաստանի եւ Արցախի հարցն է», կը նշէ «Թորոնթոհայ»-ին զրուցակիցը։

Պատերազմի ժամանակ բոլոր հայութիւնն էր ցնցուած, ամէն մարդ կ’ուզէր իր կարելին ընել Հայաստանին։ Սփիւռքի գաղութներէն մարդիկ օժանդակութեան ձեռք կ’երկարէին։ Նիկոլին եւ Զապէլին ծանօթները, բարեկամները, վստահելով իրենց՝ օգնութիւն սկսան ուղարկելու այդ ընտանիքներուն։ Ծնունդ առաւ ընտանիքէ-ընտանիք գաղափարը, որ կապ կը ստեղծէ ընտանիքին եւ բարերարին միջեւ։ «Այս ձեւը նիւթականին կողքին բարոյահոգեբանակ աջակցութիւն է նաեւ այդ ընտանիքներուն», կը նշէ զրուցակիցս։

Ամիսներ անց՝ օգնութիւններու թափանցիկութիւնը ապահովելու եւ հաշուետուութիւնը ներկայացնելու նպատակով՝ Զապէլ Պէրպէրեան եւ ամերիկահայ բարերար Ռաֆֆի Արտհալճեան հիմնեցին «Նոր թռչնոց բոյն» հասարակական կազմակերպութիւնը (NGO)։

Իսկ ինչպէս եղաւ անունի ընտրութիւնը հարցումիս ի պատասխան՝ զրուցակիցս կ՛ըսէ․ «Թռչնոց բոյնի գաղափարը միշտ մտքիս մէջ եղած է։ Հայրս հոն հոգաբարձու եղած է, թերեւս ատոր համար, քեռիներէս երկուքը իրենց մանկութեան որբանոց մնացած են։ Առաւել՝ Մարիա Ճէյքըպսընը մեծարելու գաղափարը ներշնչող է ինծի համար»։

Զապէլը՝ հարիւր տարի առաջ եւ հիմա մեր ազգին հետ տեղի ունեցածին միջեւ շատ նմանութիւններ կը տեսնէ։ Լիբանանի Ժըպէյլ քաղաքին մէջ, ասկէ ճիշդ մէկ դար առաջ հիմնուած «Թռչնոց բոյն»-ը ապաստան տուաւ ցեղասպանութենէն փրկուած եւ Միջերկրականի ափեր հասած հազարաւոր հայ որբերու։ Շնորհիւ դանիացի միսիոնարուհի Մարիա Ճէյքըպսընի՝ որբանոցը դարձաւ հազարաւոր որբուկներու բոյնը, ուր անոնք ստացան մայրական խնամք եւ հոգատարութիւն։ Ի տարբերութիւն նախկինին, «Նոր թռչնոց բոյն»-ը կը խրախուսէ, որ միակողմանի ծնողազուրկ երեխաները շարունակեն ապրիլ իրենց ընտանիքներուն մէջ, կ’օգնէ այրիացած կիներուն, որպէսզի անոնք կարենան իրենց ուժերով մեծցնել իրենց զաւակները։ «Ատիկա լաւագոյն ձեւն է, քան՝ որբանոց մը բանալը», կը վստահեցնէ թորոնթոհայ բարերարը։

Նոր տարուան ընդառաջ «Նոր թռչնոց բոյն»-ը Հայաստանի տարբեր շրջաններու՝ Երեւանի, Գիւմրիի, Վանաձորի, Իջեւանի ու այլ քաղաքներու մէջ կազմակերպեց միջոցառումներ, որուն ծիրէն ներս՝ իրենց երազանքներուն մասին նամակներ գրած փոքրիկները ստացան խրախուսական նուէրներ եւ առիթը ունեցան իրարու հետ շփուելու։

Գիւմրի. Նոր տարուան հանդիպում՝ հերոսներու ընտանիքներու հետ (Կեդրոնին՝ Զապէլ Պէրպէեանն ու Նիկոլ Աբրահամեանը)

Մօտ երկու տարիներու ընթացքին, կազմակերպութիւնը օգնած է աւելի քան երկու հարիւր երեխայի՝ իւրաքանչիւրին յատկացնելով ամսական 50-100 ամերիկեան տոլար, առաւել՝ մայրերուն տրամադրած է կարի մեքենաներ, մատնահարդարման եւ այլ պարագաներ, որպէսզի անոնք յաւելեալ եկամուտ կարենան ապահովել իրենց ընտանիքները պահելու համար։ Բարերարին նպատակն է՝ յաջորդ տարի այցելել Արցախ եւ տեղւոյն վրայ օգնութիւն տրամադրելու հայրենիքին հերոսներ տուած կարիքաւոր ընտանիքներու։

Ըստ Զապէլին՝ մեծ մտահոգութիւն է նաեւ, որ չկան այրիներու խնդիրները բարձրաձայնելու հարթակներ, ուր անոնք կարենան իրենց դիմագրաւած հոգեբանական, իրաւաբանական, զբաղուածութեան տարբեր հարցերուն մասին խօսիլ։ «Ապրիլին, մեր կազմակերպած խորհրդաժողին ժամանակ, երեք տասնեակէ աւելի կանայք խօսեցան իրենց  դժուարութիւններուն մասին, որոնցմէ թէկուզ մէկ մասին կը փորձենք լուծումներ գտնել», կը նշէ ան։

«Նոր թռչնոց բոյն»ը կ’աջակցի նաեւ «Արեւների տուն» կեդրոնին, որուն հիմնադիրը զոհուածի այրի է։ Կեդրոնին մէջ հերոսներու կիներ կը սորվին լեզուներ, իսկ զաւակները կը զբաղին նկարչութեամբ եւ տարբեր ստեղծագործական աշխատանքներով։

Սփիւռքահայ բարերարներ, հովանաւորներ եւ կամաւորներ միշտ աջակից են, որ «Նոր թռչնոց բոյն»-ի առաքելութիւնը շարունակուի։ «Կը շարունակուի այնքան ատեն, որ մարդիկ կը հաւատան եւ կը վստահին այս գաղափարին եւ նուիրատուութիւններ կ’ընեն», կը հաստատէ կազմակերպութեան համահիմնադիրը եւ կ’աւելցնէ․ «Մենք ունինք բարերարներ տարբեր երկիրներէ, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյէն եւ Մոնթրէալէն։ Շուտով պիտի մեկնիմ Գանատա՝ նոր բարերարներ գտնելու եւ մեր ծրագիրը ընդարձակելու նպատակով»։

* * *

«Ես Գրիգորիկն եմ, հերոս Գրիգորի Ծատրեանի որդին։ Սովորում եմ երրորդ դասարանում։ Ես երազում եմ ուրախ ընտանիք ունենալու մասին», իր երազանքի մասին գրած է 8-ամեայ փոքրիկը, որուն կից նկարած է հայրն ու մայրը, եղբայրը, զինք՝ ժպիտը դէմքերուն։ Ինչպէս բարերարը դիտել կու տայ՝ «մենք երախտապարտ ենք այս ընտանիքներուն, որոնք իրենց ամենաթանկագինը նուիրեցին հայրենիքին», իսկ մեր պարտքն է՝ այս փոքրիկներուն վերադարձնել՝ իրենց հօր կորուստով խլուած ժպիտը։