Սօնա Մովսէսեանը «Աշխարհի յոռեգոյն օգնականը» չէ. գիրքի ակնարկ


The World’s Worst Assistant
(«Աշխարհի յոռեգոյն օգնականը»)
հրատարակուած՝ 19 Յուլիս 2022-ին
272 էջ

Հեղինակ՝ Սօնա Մովսէսեան
Նախաբանի հեղինակ՝ Քոնըն Օպրայն
Հրատարակիչ՝ Plume/Penguin Publishing Group
ԳՄՍՀ: ‏978-0593185513

Սօնա Մովսէսեանին առաջին գիրքը՝ The World’s Worst Assistant-ը («Աշխարհի յոռեգոյն օգնականը») սրամիտ կատակներով, հետաքրքրական ծաղրանկարներով եւ ծիծաղելի պատմութիւններով լի հատոր մըն է: Մովսէսեան ամերիկացի կատակաբան եւ հաղորդավար Քոնըն Օպրայնի անձնական օգնականն է (այժմ նաեւ Օպրայնի հետ փոտքասթ մը կը վարէ), ու գիրքը յատկապէս որպէս օգնական աշխատած տարիներու փորձառութեան (կամ արկածախնդրութեան) մասին է:

The World’s Worst Assistant-ը մեծապէս կը տարբերի այլ օգնականներու ինքնակենսագրականներէ, որոնց մեծ մասը վստահաբար իրենց վարպետներուն մասին քննադատութիւններու կամ բողոքներու հաւաքածոներ են: Երբեմն ինք իր (եւ յաճախ Օպրայնին) վրան խնդալով, բաւական հետաքրքրական եւ յանկուցիչ պատկեր մը կը ներկայացնէ իր ու Օպրայնի աշխատանքային յարաբերութեան մասին, որ տարիներու ընթացքին կը դառնայ սերտ ընկերութիւն մը:

Գիրքին մէջ, Մովսէսեանը կը խոստովանի, թէ հայ ըլլալը իր ինքնութեան կարեւորագոյն ազդակներէն է. «Շատ փոքր տարիքէն կլանուած էի այդ փոքրիկ, բայց հզօր ժողովուրդին մէջ», կը գրէ Լոս Անճելըսցի  հեղինակը, որուն ծնողքը Թուրքիա ծնած են (հայրը՝  Սեբաստիա, մայրը՝ Պոլիս):

Հետաքրքրական պիտի գտնէք հատորի այն մասը, ուր կը մանրամասնէ իր եւ Օպրայնի Հայաստանեան այցելութեան մասին` Conan Without Borders հաղորդաշարի նկարահանումին համար (տեսանիւթը՝ ստորեւ): «Ու հիմա, առաջին անգամ ըլլալով հայրենիքս պիտի այցելէի, ու հետս՝ ամէնէն ճերմակ մարդը որ կը ճանչնամ (Օպրայն) իր աշխատակազմով, որուն մէջ ոչ մէկ այլ հայ կար… ու ամէն ինչ պիտի հեռարձակուէր ամբողջ երկրին շուրջ», կը գրէ: Յատկապէս զուարճալի են արեւելահայերէնի չիմացութեան հետեւանքով Սօնային բախտախնդրութիւնները: 

Մովսէսեանը իր գիրքը ամենայն անկեղծութեամբ գրած է. ան դուրս չի ձգեր անձնական մանրամասնութիւններ, որոնք կրնան իրեն «խայտառակել»: Բեկումնային յայտնութիւններ չկան գիրքին մէջ, ու փաստօրէն այդ չէ Մովսէսեանին նպատակը: Թէեւ ան յաճախ կ’անդրադառնայ իր ծուլութեան, թերութիւններու ու ձախողութիւններու մասին ու ինքնանսեմացնող պատմութիւններու ընդմէջէն ընթերցողին կը փորձէ համոզել, թէ ինք  աշխարհի ամէնէն վատ օգնականն է, սակայն վերջաւորութեան ի յայտ կու գայ, որ իսկապէս ճիշդ հակառակն է. Մովսէսեանի եւ Օպրայնի միջեւ գոյութիւն ունեցած սիրոյ եւ փոխադարձ յարգանքին շատ մը այլ գործաւոր-վարպետներ երանի կու տային:

Կարդացէ՛ք Մովսէսեանին առաջին (ու յոյսով՝ ոչ վերջին) գիրքը. վստահաբար մեծ հաճոյքով պիտի վայելէք: Եթէ առիթը ունենաք, նաեւ լսեցէք The World’s Worst Assistant-ի խօսող գիրքը (audiobook)՝ Սօնային ընթերցանութեամբ (նախաբանն ալ Օպրայնի ընթերցանութեամբ). միշտ աւելի հաճելի եւ հարազատ են խօսող գիրքերը, երբ հեղինակն է ընթերցողը: